Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատ Սրբազան. «Մենք Պայքարի Վերադասաւորման Փուլ Մտած Ենք»

June 20, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան երէկ` 19 յունիսին տուաւ մամլոյ ասուլիս մը: Ան ներկայացուց ընթացիկ զարգացումները եւ շարժումին յառաջիկայ ծրագիրները:

Ասուլիսը սկսաւ աղօթքով:

Բագրատ սրբազանը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց լրատուամիջոցներուն մինչեւ օրս կատարած ծանր աշխատանքին համար, որ միտուած էր միայն ճշմարտութեան տարածման:

«Դուք այս ամբողջ ժամանակահատուածին ոչ միայն կատարած էք ձեր մասնագիտական պատասխանատուութիւնը, այլեւ միաժամանակ մարտնչած էք սուտին դէմ», ըսաւ սրբազանը:

Անդրադառնալով ներկայ իշխանութիւններու պահուածքին` Բագրատ սրբազանը ըսաւ. «Այլեւս որեւէ օրինականութիւն չունեցող իշխանութիւնը արիւնատենչ, արիւնի ձգտող, միայն իր դրամի եւ աթոռի իշխանութիւնը պահպանելուն կոչուած փոքրիկ խումբ մըն է, որ պատրաստ է երթալու ամէն ինչի, որուն վկայութիւնն էր 12 յունիսը:

Անոր համաձայն, 12 յունիսէն ետք իրենք պայքարի վերադասաւորման փուլ մտած են. «Պայքարը աւելի ներառական ու ընդգրկուն պիտի դառնայ: Բովանդակութիւնը մնացած է նոյնը: Շարժումը կը շարունակուի ա՛լ աւելի մեծ թափով, ա՛լ աւելի կազմակերպչական վերադասաւորումներով, որուն դուք շատ շուտ ականատես պիտի ըլլաք, նաեւ մասնակից պիտի ըլլաք», ըսաւ ան:

Սրբազանը նշեց, որ այսօր ալ կը շարունակուին հալածանքները` մարդիկը տուներէն հանելով, վախցնելով, սարսափեցնելով զուտ անոր համար, որ ճշմարտութեան համար պայքարի դուրս եկած են. «Նաեւ գործարարներուն վրայ կան ճնշումներ: Բոլոր միջոցներով կը փորձեն վախցնել մարդիկը, բայց ոչ ոք ո՛չ նահանջելու, ո՛չ ընկճուելու, ո՛չ պայքարէն հրաժարելու միտում ունի: Այս բոլորի պատասխանատուն մէկ մարդ է` կառավարութեան ղեկին նստող ստախօսն է, ինչպէս նաեւ ոստիկանութեան գլխուն գտնուող այն մարդիկ, որոնք այդ հրամանները իրագործած են կամ տուած են: Մենք բոլոր փաստերով հաղորդումներ պիտի ներկայացնենք; Այս ընթացքին բերման ենթարկուած են, ձերբակալուած են եւ կալանքի ենթարկուած միայն քաղաքացիները, ոչ մէկ ոստիկանի նկատմամբ վարոյթ կայ», ընդգծեց Բագրատ սրբազանը:

Ան յայտարարեց, որ իրենց պայքարի քաղաքական բաղադրիչը կը մնայ նոյնը` գործող իշխանութեան հեռացումը, հրաժարեցումը:

Ըստ փաստաբան Արսէն Բաբայեանի, 12 յունիսը ոստիկանութեան կողմէ իրականացուած դաժան ու աննախադէպ երեւոյթ մըն էր:

«Մեր համոզումով, անիկա ի սկզբանէ ծրագրաւորուած էր իբրեւ պատժիչ գործողութիւն այն քաղաքացիներուն ու լրագրողներուն նկատմամբ, որոնք կը մասնակցին այս շարժումին: Կան փաստագրուած տուեալներ, որ նռնակները նետուած են առանց որեւէ դիմադրութեան կամ յարձակման: Այսինքն, մինչեւ առաջին նռնակը նետուիլը, քաղաքացիներուն կողմէ չէ իրականացուած որեւէ այնպիսի գործողութիւն, որ պիտի ստեղծէր իրաւաչափ պայմաններ` յատուկ միջոցներու կիրարկման համար: Իսկ մինչեւ յատուկ միջոցներու կիրարկումը առանձին դաժանութեամբ ծեծի ենթարկած են քաղաքացիները», ըսաւ Արսէն Բաբայեան:

Ան նշեց, որ ոստիկանութեան կողմէ ընդգծուած վատ վերաբերմունքը քաղաքացիներուն նկատմամբ սկսած է Կիրանցէն:

Բաբայեանի համաձայն, կանգնեցուցած են մարդոց մեքենաները, տարած տուգանային հրապարակներ` առանց լուրջ հիմնաւորումներու: «ՀՅԴ-ի անդամներուն ապօրինի կը ձերբակալեն, իբրեւ թէ մարդոց նիւթական առումով շահագրգռելու համար», ըսաւ Բաբայեան:

Մամլոյ ասուլիսի ժամանակ պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան հրապարակելով կիրանցիներուն պարտադրուած գաղտնի դիմում-փաստաթուղթը, որ կը վերաբերի անոնց սեփականութեան իրաւունքին, ըսաւ. «Իրաւական գործընթաց պիտի սկսինք»:

Ի յաւելում Գառնիկ Դանիէլեանի խօսքին, Բագրատ սրբազանը ըսաւ. «Կիրանցի ժողովուրդին մէկ մասը այնքան արժանապատուութիւն ունի, որ փոխհատուցումը մերժած է: Գիտէ՞ք ի՜նչ գումարներ  կ՛առաջարկեն մէկ հատ փոքրիկ տնակի համար, որ դրուած էր գիւղ մտնող ոլորանին վրայ, 50 հազար տոլար առաջարկած են: Մարդը ըսած է` այդ տնակը 1000 տոլար հազիւ կ՛արժէ, ինչո՞ւ 50 հազար կ՛առաջարկէք: Այսինքն` կաշառք կու տան. սա նիւթապէս շահագրգռելու յօդուած չէ՞: Ուրկէ՞ են այդ գումարները, պետական պիւտճէէ՞ն կը տրամադրեն»:

Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ բանակի վիճակին` հարց տալով. «Որեւէ մէկը գիտէ՞ ինչ վիճակի մէջ է մեր բանակը»:

«Հնդկական զէնք կը բերենք, թող ըսեն` ինչքա՞ն բերած են հնդկական զէնք, կը գործածուի՞ անիկա, թող ցոյց տան: Հիմա կ՛ըսեն` գաղտնի է: Եթէ գաղտնի է, ինչո՞ւ կը հրապարակէիք, ինչո՞ւ գլուխ կը գովէիք:  Ֆրանսական մեքենաներու մասին չեմ ըսեր, թէ ինչքա՛ն քննադատութիւն տեղի ունեցաւ:

Ես մասնագէտը չեմ, որ ըսեմ անոնց մասին, բայց հրապարակի վրայ լեցուն քննադատութիւն եղած է եւ ոչ մէկ արձագանգ», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Պաքուն Ամէն Ինչ Պիտի Ընէ ՔՈՓ29-էն Ետք Նոր Նախայարձակումի Համար

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (20 Յունիս 2024)

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.