Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Միջին Արեւելքի Գրասենեակը Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Ուղղեց՝ Տէր Կանգնելու Իր Պատասխանատուութեան

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Յանձնախումբի Յայտարարութիւն

Հայ ժողովուրդը այս տարի կ՛ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը: Օսմանեան կայսրութեան իրագործած Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հարիւրամեայ անպատժելիութեան եւ անհատոյց մնալու փաստը կը շարունակէ իր բացասական անդրադարձը ունենալ համայն մարդկութեան վրայ: Եթէ Թուրքիան պատասխանատուութեան ենթարկուած ըլլար, չէին ըլլար Քամպոտիոյ եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները, յատկապէս 21-րդ դարուն ընթացքին տեղի չէր ունենար Արցախի բնիկ ժողովուրդի տեղահանութիւնը իր պատմական հայրենիքէն, Արցախի ցեղային զտումը, բռնազաւթումը, ինչպէս...

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին  Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի  Համացանցային Գրառումը

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով, ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Երբ ոճիրը բացայայտ կը դառնայ` միջազգային հասարակութեան եւ անոր կազմակերպութիւններուն դիմաց, ապա պետութիւններուն լռութիւնը պատմութեան մէջ ամօթանքի կը վերածուի` գործուած ոճիրէն ալ աւելի: Ո՛վ մեր անմեղ զոհեր, դուք յաւիտեան անմահ էք մեր յիշողութեան մէջ»:    

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատգամով Սկիզբ Առաւ  «Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական  Քաղաքականութեան» Համագումարը

Համագումար՝ Ի Նպաստ Արցախի Իրաւունքներու Միջազգայնացման

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի կազմակերպութեամբ, 20-22 Ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախի Իրաւունքներու Վերականգնումի Հրամայականը՝ Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Քաղաքականութեան» խորագրով միջազգային համագումարը։ Եռօրեայ նիստերուն մասնակցեցան Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի տարբեր շրջաններէն շուրջ 30 պատմաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ։ Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով համագումարին ներկայ էին նաեւ Միջազգային Քրէական...

Խմբագրական.  Ցեղասպանութիւններ Եւ Հատուցման Նորացուող Թղթածրարներ

Խմբագրական. Ցեղասպանութիւններ Եւ Հատուցման Նորացուող Թղթածրարներ

Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակը ծանրագոյն պայմաններուն մէջ կը նշուի: Մեր ժողովուրդի արցախեան հատուածը եւս ենթարկուած է ցեղասպանութեան` շրջափակումի, առեւանգումներու, բռնի տեղահանման եւ  ամբողջական հայրենազրկումի: Ազրպէյճանի ահաբեկչական պետութիւնը պարզապէս կը շարունակէ ցեղասպանական գործողութիւններու շարքը` Սումկայիթէն, Կիրովապատէն, Մաղարայէն, Թալիշէն մինչեւ քառօրեայ ու քառասունչորսօրեայ, մինչեւ սեպտեմբերեան վերջին պատերազմ: Այս բոլորը անցան նաեւ Պուտափեշտի կացինէն, Թալիշի անզէն բնակչութեան անդամահատումներէն եւ պատերազմի ընթացքին ինկած նահատակներու դիակներու...

Հաւատարմութիւն Մեր Դատին Ու Ազգային Արմատներուն

Հաւատարմութիւն Մեր Դատին Ու Ազգային Արմատներուն

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ապրիլ 24-ը հոմանիշ է Հայ դատին, այսինքն` մեր խլուած-անտեսուած իրաւունքներուն ու անոնց կենսագործման հետապնդումին: Երբ կ՛ըսենք ԻՐԱՒՈՒՆՔ, ի մտի չունինք միայն 109 տարի առաջ սկսած Ցեղասպանութեան զոհերու արեան ու մշակութային ժառանգութեանց փոշիացման դիմաց փոխհատուցում, մեր հողային կորուստներուն վերականգնում (շարքը երկար է), այլ նաեւ` երէկ ու այսօր հայրենիքի հողին վրայ ապրող հայուն, սփիւռքով մէկ տարածուած հայութեան տնտեսական, մշակութային եւ,...

Վերանորոգում Յարատեւ Պայքարին

Վերանորոգում Յարատեւ Պայքարին

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրը` 24 ապրիլը, գրեթէ վաթսուն տարիներէ ի վեր կը համարուի Հայ դատի այժմէականացման համար մղուած պայքարին յարատեւման յիշեցման առիթը: Ցեղասպանութեան յիսնամեակին, այն ժամանակ տակաւին Հայկական եղեռն անուանում ունեցող ազգային չարաղէտ դէպքը համահայկական հնչեղութիւն ստացաւ. Խորհրդային Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ սփիւռքի ամենահեռաւոր անկիւնները ապրող հայերը մէկ կողմ դրին մինչ այդ Եղեռնի լացակումած ոգեկոչումները եւ հրապարակները ողողեցին պահանջատիրական...

Ատանայի Կոտորածը (115-րդ Տարելիցին Առիթով)

Ատանայի Կոտորածը (115-րդ Տարելիցին Առիթով)

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Ընթացիկ տարուան ապրիլ ամիսը 115-րդ տարեդարձն է Ատանայի կոտորածին, որուն զոհ գացին շուրջ 30.000 հայեր: 1894-1996 թուականներու համիտեան ջարդերէն ետք, ասիկա երկրորդ լայնատարած համազգային աղէտն էր, որ տեղի կ՛ունենար 1909-ի ապրիլ ամսուն: Կոտորածը կազմակերպուած էր սուլթան Համիտի (1876-1908) համակիր Ահրար կուսակցութեան եւ այլ մոլեռանդ իսլամ յետադիմական տարրերու կողմէ, որոնք հակառակորդ էին իթթիհատական Երիտասարդ թուրքերուն: Երիտասարդ...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի  Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

Հայաստանի գործող իշխանութիւնը Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ յայտարարել է պետականավնաս եւ քրէօրէն պատժելի հերթական գործընթացի մասին, որով Տաւուշի մարզից տարածքներ են յանձնուելու Ազրպէյճանին: Աջակցութիւն յայտնելով միակողմանի զիջումների օրակարգի դէմ Տաւուշում ձեւաւորուող ժողովրդային հակազդեցութեանը` արձանագրում ենք. 1.- Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի ղեկավարած սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովն, ըստ իր ստեղծման իրաւական հիմքի խորհրդակցական մարմին է, չունի որեւէ լիազօրութիւն տալ համաձայնութիւն կամ կայացնել որոշում...

Ռուս Խաղաղապահներու Շարասիւնը  Լեռնային Ղարաբաղէն Շարժած Է Հայաստան

Ռուս Խաղաղապահներու Շարասիւնը Լեռնային Ղարաբաղէն Շարժած Է Հայաստան

Լեռնային Ղարաբաղէն դուրս եկող ռուս խաղաղապահներու մեքենաներու շարասիւնը, երէկ հատելով Լաչինի միջանցքը, շարժած է դէպի Գորիս: Ռուսական «Ուրալ»-ներուն ու «ՔամԱԶ»-ներուն ուղեկցած է Հայաստանի ռազմական ոստիկանութեան մեքենան: Թէ Գորիսէն ո՛ւր պիտի երթան ռուս խաղաղապահները, յստակ չէ: Նախորդող օրերուն ազրպէյճանական մամուլին մէջ տեսանիւթեր յայտնուած էին, ուր ռուսական զօրախումբը Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն դուրս կու գար Ազրպէյճանով: 17 ապրիլին Ազրպէյճանի նախագահի օգնականը յայտնած է,...

«Ոճիրին Նկատմամբ Լուռ Մնալը Ոճիրին  Մեղսակցիլ Է. Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանցիներուն  Մասնակցելու Ջահերթին»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Ոճիրին Նկատմամբ Լուռ Մնալը Ոճիրին Մեղսակցիլ Է. Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանցիներուն Մասնակցելու Ջահերթին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Լուպնան հըր» ռատիոկայանին հետ կատարած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին եւ լիբանանահայութեան կողմէ զայն ոգեկոչելու ձեռնարկներուն: Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանեան եւ շրջանային տիրող պայմաններուն պատճառով Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակը ոգեկոչելու ծրագիրները վերատեսութեան ենթարկուած են անոնց պատշաճեցուելով: «Այսօր` 23 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կողմէ...

Պլինքըն. «Կալանթի Հետ Խօսեցայ Իսրայէլի Անվտանգութեան Պաշտպանութեան Եւ Գերիներու Ազատ Արձակման Բանակցութիւններուն Մասին»

Պլինքըն. «Կալանթի Հետ Խօսեցայ Իսրայէլի Անվտանգութեան Պաշտպանութեան Եւ Գերիներու Ազատ Արձակման Բանակցութիւններուն Մասին»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց. «Այսօր Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի հետ խօսեցայ Իսրայէլի անվտանգութեան պաշտպանութեան ջանքերուն, պատանդներու ազատ արձակման եւ կեանք փրկող մարդասիրական յաւելեալ օժանդակութիւններ Կազայի մէջ պաղեստինցի քաղաքայիններուն հասցնելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ շրջանային լարուածութիւնները մեղմացնելու համար պէտք եղած քայլերուն մասին»: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ Համասը միակ դերակատարն է, որ կը խանգարէ համաձայնութեան գոյացումը:...

Գիտաժողովը Շարունակեց Գումարել Իր Յաջորդական Նիստերը Վեհափառ Հայրապետին Գլխաւորութեամբ

Գիտաժողովը Շարունակեց Գումարել Իր Յաջորդական Նիստերը Վեհափառ Հայրապետին Գլխաւորութեամբ

Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ եւ «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող «Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը` ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» գիտաժողովը իր առաջի օրուան աշխատանքները աւարտեց վեց նիստերով: Բացման նիստէն ետք հանդէս եկաւ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, որ համապարփակ կերպով անդրադարձաւ Ազրպէյճանի աւելի քան մէկ դարէ ի վեր իր սահմանակից երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն դէմ կատարած պատմամշակութային խեղաթիւրման քաղաքականութեան: Ապա, փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Արցախը Մեզի Համար  Անցեալ Չէ Եւ Ան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Օրակարգին Վրայ Առաջնահերթութիւն Է»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Արցախը Մեզի Համար Անցեալ Չէ Եւ Ան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Օրակարգին Վրայ Առաջնահերթութիւն Է»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին, կիրակի, 21 ապրիլ 2024-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս հայրապետական պատգամ յղեց հաւատացեալ ժողովուրդին` հիմնականօրէն անդրադառնալով արցախահայութեան տագնապին գծով լուծումներ որոնելու եւ արցախահայութեան տուն վերադառնալու իրաւունքը հաստատելու պայքարին մէջ հայ եկեղեցւոյ առած քայլերուն: Կոմիտաս արք. Օհանեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. պատարագին, հաւատացեալներու կողքին, ներկայ էին այս օրերուն կաթողիկոսարանին մէջ օրերս...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատգամով Սկիզբ Առաւ  «Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական  Քաղաքականութեան» Համագումարը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատգամով Սկիզբ Առաւ «Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Քաղաքականութեան» Համագումարը

«Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը` ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» համագումարը, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ին, ընթացք առաւ շաբաթ, 20 ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ` ներկայութեամբ Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր դատախազ դոկտ. Լուիս Մորենօ Օքամփոյի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանի եւ մասնակցութեամբ Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն հրաւիրուած...

Երեւան-Պաքու Նախնական Համաձայնութեան  Վերաբերեալ Միջազգային Արձագանգներ

Երեւան-Պաքու Նախնական Համաձայնութեան Վերաբերեալ Միջազգային Արձագանգներ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Կ՛ողջունենք յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը համաձայնած են 1991-ի Ալմա Աթայի յայտարարութեան շուրջ` իբրեւ երկու երկիրներուն միջեւ սահմաններու սահմանազատման հիմք: Ասիկա կարեւոր քայլ է կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման համար»: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Մենք ուրախութեամբ կ՛ողջունենք 19 ապրիլ 2024-ին ձեռք բերուած համաձայնութիւնը...

Բնակիչները Փակեցին Կիրանց-Ոսկեպար  Ճանապարհահատուածը

Բնակիչները Փակեցին Կիրանց-Ոսկեպար Ճանապարհահատուածը

Բնակիչները երէկ դարձեալ փակած են Վրաստան տանող ճանապարհը Կիրանց-Ոսկեպար հատուածին մէջ: Անոնք շաբաթ օր շեշտեցին, որ իրենց բողոքի շարժումները շարունակական պիտի ըլլան: Յայտնեցին, որ այսօր փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հետ հանդիպում նախատեսուած է, եթէ պարզաբանումները չբաւարարարուին, ցոյցերը կը շարունակուին: Շաբաթ երեկոյեան տաւուշցիները բացին ճանապարհը: Երէկ նոյնպիսի շարժում  կատարելու հարցով կարծիքները կը տարբերէին: Տաւուշցիները այս քայլերով իրենց բողոքը կ՛արտայայտեն Տաւուշի շրջանի չորս...

Ներկայացուցիչներու Տունը Որդեգրեց Իսրայէլի  Եւ Ուքրանիոյ Աջակցութեան Տրամադրման Օրինագիծերը

Ներկայացուցիչներու Տունը Որդեգրեց Իսրայէլի Եւ Ուքրանիոյ Աջակցութեան Տրամադրման Օրինագիծերը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը շաբաթ օր ձայներու մեծամասնութեամբ որդեգրեց Իսրայէլի, Ուքրանիոյ եւ Թայուանի աջակցութեան տրամադրման օրինագիծերը: Ներկայացուցիչներու տունը 366 թեր եւ 58 դէմ քուէներով որդեգրեց Իսրայէլին 26,4 միլիառ տոլար օժանդակութիւններու տրամադրման օրինագիծը, 311 թեր եւ 112 դէմ քուէներով Ուքրանիոյ 60,8 միլիառ տոլար օժանդակութիւններու տրամադրման, իսկ 385 թեր քուէներով Թայուանի աջակցութեան ու Հնդկաց-խաղաղովկիանոսեան շրջանին մէջ ամերիկեան ներկայութեան ամրապնդման...

Աշխարհահռչակ Դատախազ Դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ Դասախօսեց Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Աշխարհահռչակ Դատախազ Դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ Դասախօսեց Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Նախագահութեամբ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ, Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր ու առաջին դատախազ դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ դասախօսեց լիբանանահայ կազմակերպութիւններու, կրթական ու ընկերային միութիւններու, կուսակցական եւ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներուն ներկայութեան։ Դասախօսուոթեան նիւթն էր «Ցեղասպանութեան հռչակագրի հռչակումէն 75 տարի ետք, ինչո՞ւ աշխարհը կը ձախողի հռչակագրի հրամայականներուն պատասխանել»։ Բարի գալստեան խօսք արտասանեց Հայ...

Անթիլիասի Մէջ Պիտի Քննարկուին  Ազրպէյճանի Գործադրած Ցեղասպանական Արարքները Եւ Արցախի Ժողովուրդի Իրաւունքներու Վերականգման Խնդիրները

Խմբագրական. Արձանագրե՛լ Ցեղասպանական Քաղաքականութեան Փաստերը Եւ Վերականգնե՛լ Արցախի Ժողովուրդի Իրաւունքները

Այսօր, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ կը մեկնարկէ «Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը` ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» խորագիրը կրող համագումարը: Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ սփիւռքեան տարբեր շրջաններէն 30 պատմագէտներ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ երեք օրերու վրայ կը քննարկեն շատ հրատապ խնդիրներ` մեր հայրենիքի գոյաբանական սպառնալիքներուն, մեր ժողովուրդի ապրած նորագոյն ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներու վերացման հետ կապուած ուղիներուն վերաբերող: Պատահական...

Երեւանն Ու Պաքուն Նախնական Համաձայնութեան  Հասան Սահմանագիծի 4 Առանձին Հատուածներու Շուրջ

Երեւանն Ու Պաքուն Նախնական Համաձայնութեան Հասան Սահմանագիծի 4 Առանձին Հատուածներու Շուրջ

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանին երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնախումբի ութերորդ հանդիպումը` Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի նախագահութեամբ: Հանդիպման հիմամբ յանձնախումբերը պայմանաւորուած են ներքոնշեալի շուրջ. 1.- Սահմանազատման գործընթացի սկզբնական փուլին...

Page 173 of 796 1 … 172 173 174 … 796

Արխիւներ