ՀՅԴ Տաւուշի Մարզային կոմիտէի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան յայտնեց, որ շինծու քրէական գործերու ծիրին մէջ, բռնաճնշումներու նոր ալիք մը սկսած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դէմ: Արդէն ձերբակալուած են ՀՅԴ-ի 13 անդամներ, որոնց կարգին 2 կիներ եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Գերասիմ Վարդանեան: Ձերբակալուածներէն մէկուն վերաբերեալ կայ երկամսեայ բանտարկութեան որոշում մը:
«Բռնաճնշումները կը շարունակուին նաեւ իրենց քաղաքացիական դիրքորոշումը արտայայտող հայ գործարարներու նկատմամբ: Այս ամէնը կը վկայէ մէկ բանի մասին. վարչակարգը միայն սեփական քաղաքացիներուն նկատմամբ աննախադէպ բռնաճնշումներ իրականացնելով կը կարողանայ պահել իշխանութիւնը», յայտնեց Դանիէլեան:
Գերասիմ Վարդանեանի շահերու պաշտպան փաստաբան Բենիկ Գալստեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Վարդանեանը 2 ամիսով բանտարկելու որոշումը ապօրինի կը նկատեն. անիկա պիտի բողոքարկուի:
Նշենք, որ Գերասիմ Վարդանեան կը մեղադրուի հաւաքի մասնակցողները նիւթապէս շահագրգռելու յանցանքով, սակայն, ըստ փաստաբանին, չկայ որեւէ փաստացի ապացոյց: Ըստ Գալստեանի, միայն կայ ձայնագրութիւն մը, որուն միջոցով կարելի չէ ապացուցել, որ ան հաւաքին մասնակցելու համար անձերու գումար տուած է: