Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կալանթ. «Ուաշինկթըն Հըզպալլային Պատգամ Յղեց, Թէ Կրնայ Իսրայէլին Չարգիլել Լայնածաւալ Յարձակում Շղթայազերծել»

June 26, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին յայտնեց. «Պէտք է մեր միջեւ տարակարծութիւնները արագօրէն լուծենք, եւ մեր կողքին ձեր կանգնիլը մեր թշնամիին վարմունքին վրայ կ՛ազդէ»:

Կալանթ նախքան այդ հանդիպում ունեցաւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզի հետ, որ գերիներու ազատ արձակման բանակցութիւններուն մէջ ամերիկացի գլխաւոր պաշտօնատարն է:

Կալանթ Ուաշինկթընի մէջ իր հանդիպումներուն սկսելէ առաջ յայտնեց. «Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ դաշինքը, որ Ուաշինկթըն տարիներէ ի վեր կը ղեկավարէ, շատ կարեւոր է»: Ան աւելցուց, որ իսրայէլեան բանակին կողքին «Միացեալ Նահանգներու հետ մեր յարաբերութիւնը անվտանգութեան տեսանկիւնէն մեր ապագային համար ամէնէն կարեւոր տարրն է»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը յայտարարեց. «Ուաշինկթըն Հըզպալլային պատգամ յղեց, թէ կրնայ Իսրայէլին չարգիլել լայնածաւալ յարձակում շղթայազերծել»

Ամերիկացի պաշտօնատարներ երկուշաբթի օր «Փոլիթիքօ» կայքին յայտնած էին, թէ Միացեալ Նահանգներ միջնորդներու ճամբով Հըզպալլային յղած են պատգամ մը, թէ Իսրայէլը զսպելու եւ Լիբանանի վրայ յարձակիլը արգիլելու համար իրենց վրայ չվստահի:

Ամերիկեան-լիբանանեան բանակցութիւններուն ծանօթ պաշտօնատար մը «Փոլիթիքօ»-ին յայտնած է, որ ամերիկեան պատգամին նպատակը Հըզպալլան կացութիւնը հանդարտեցնելու մղելն է, այն պահուն, երբ «Ուաշինկթըն կը համակերպի յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին Իսրայէլի` Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի դէմ մեծ քայլ կատարելուն»:

Ամերիկացի պաշտօնատարները յայտնած են, որ Հըզպալլան պէտք է հասկնայ, թէ Ուաշինկթըն «Իսրայէլին ամբողջական աջակցութիւն պիտի տրամադրէ, եթէ կուսակցութեան հետ ճակատումը տեղի ունենայ»` աւելցնելով, որ համապարփակ աջակցութիւնը պիտի ներառէ ամէն բան, ներառեալ «Երկաթեայ գմբէթ» օդային պաշտպանութեան համակարգի արդիականացումը, հետախուզական տեղեկութիւններու տրամադրումը եւ մինչեւ իսկ ուղղակի զինուորական աջակցութիւնը, եթէ Հըզպալլայի կողմէ ճնշումները շատնան:

Ամերիկացի պաշտօնատարները, սակայն, «Փոլիթիքօ»-ին նշած են, որ Իսրայէլի ղեկավարները տակաւին Հըզպալլայի նկատմամբ իրենց յաջորդ քայլին վերաբերեալ որոշում չեն տուած` հաւանական նկատելով, որ երկու կողմերն ալ համապարփակ պատերազմ չեն ուզեր, սակայն գոյութիւն ունի յառաջիկայ օրերուն «սխալ գնահատման» կարելիութիւնը:

Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը հիւսիսէն հեռացուած իսրայէլացիներուն պանդոկներու մէջ կեցութիւնը մինչեւ օգոստոսի վերջը պիտի երկարաձգէ:

Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճեք Լիու յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ լարուածութեան լուծումը ոմանց կարծածէն շատ մօտ է, սակայն որպէսզի ատիկա տեղի ունենայ, կարեւոր է, որ Կազայի մէջ կացութիւնը հանդարտի:

«Աքսիոս» կայքը հաղորդեց, որ իսրայէլացի պաշտօնատարներ Ուաշինկթընին փոխանցած են, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Հըզպալլայի հետ պատերազմով հետաքրքրուած չէ եւ դիւանագիտական լուծումը կը նախընտրէ:

Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ցախի Հանեկպի յայտնեց. «Իսրայէլեան հասարակութեան մէջ Լիբանանի հետ սահմանին մօտ կացութիւնը փոխելու շուրջ միաձայնութիւն գոյութիւն ունի»:

 

Նախորդը

Պլինքըն Կալանթը Կը Յորդորէ Լիբանանի Հետ Մագլցումէն Խուսափելու

Յաջորդը

Յարանուանութիւններու Եւ Երեսփոխանական Կարգ Մը Պլոքներու Ղեկավարներ Հանդիպում Ունեցան Փարոլին Կարտինալի Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.