ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի դարձաւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Հիուար Ալեաում» յայտագիրի հարցազրոյցի հիւրը:
Վատիկանի ընդհանուր քարտուղար կարտինալ Փիեթրօ Փարոլինի Լիբանան այցելութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ կարտինալ Փարոլինը սովորական հոգեւորական մը չէ, այլ` Վատիկանի ընդհանուր քարտուղարը: «Իբրեւ լիբանանցիներ` քրիստոնեայ թէ իսլամ, բոլորս ալ յարգանք կը տածենք Վատիկանի չափաւորականութեան եւ ազգային միասնականութեան ու համերաշխութեան անհրաժեշտութեան վրայ շեշտը դնող անոր տեսակէտին հանդէպ: Ճիշդ է, որ Վատիկանը քրիստոնէական գլխաւոր կեդրոն է, սակայն անիկա կարեւոր կեդրոն է նաեւ համաշխարհային խաղաղութեան, արդարութեան եւ հաւասարութեան: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` կրնանք հաստատել, որ կարտինալ Փարոլինի Պէյրութ այցելութիւնը եւ լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ անոր ունենալիք հանդիպումները պիտի օժանդակեն, որ տիրող կացութիւնը հանդարտի, ու մարոնի ու լիբանանցի ղեկավարներուն միջեւ հասարակ յայտարարներ ստեղծուին:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ երեքշաբթի օրուան հանդիպումը` երկրին քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերուն հետ, կը նկատուի կարտինալ Փարոլինի ունենալիք առաջին կարեւոր հանդիպումը:
Ան աւելցուց, որ ունի տեղեկութիւններ, թէ եռակողմանի հանդիպում մը պիտի կատարուի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ, ներկայութեամբ` կարտինալ Փարոլինի:
«Իսկ եթէ տարբեր պատճառներով կարելի չըլլայ այդ հանդիպումը կայացնել, ապա հանդիպումներ պիտի կատարուին մարոնի ղեկավարներու հետ: Պէտք չէ նաեւ մեր ակնկալութիւնները բարձրացնենք, որովհետեւ ի վերջոյ Լիբանանի մէջ ենք եւ լիբանանեան իրականութիւնը մաղթանքներով կարելի չէ փոխել: Կայ այլ իրականութիւն մը, որ կարտինալ Փարոլին դժուար պարտականութեամբ մը ժամանած է Լիբանան, սակայն Վատիկանը կրնայ իր ազդեցութիւնը ունենալ քրիստոնեայ եւ մարոնի համայնքին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան մթնոլորտին վրայ», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Կարտինալ Փարոլինի Լիբանան կատարելիք այցելութեան շրջագիծին մէջ, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ շուրջ տասը օրեր առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը անձնական այցելութեամբ մը մեկնած է Վատիկան եւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ քննարկած է Լիբանանի քաղաքական տագնապին վերաբերող հարցեր: Այս առումով Վատիկան պատրաստակամութիւն յայտնած է որոշ նախաձեռնութեամբ մը ներկայանալ` տիրող լարուած կացութիւնը հանդարտեցնելու եւ ղեկավարները իրենց պատասխանատուութեան հրաւիրելու` հարց տալով, որ Լիբանանը ո՞ւր կ՛երթայ: Պէտք է յուսալ, որ այս նախաձեռնութիւնը արդիւնաւորուի:
Բազմիցս շեշտած եմ, թէ Լիբանանը եւ անոր քաղաքական տագնապը աշխարհին հարցը չէ եւ ոչ ոքի համար առաջնահերթութիւն է, սակայն պէտք է յուսալ եւ անպայման նկատի ունենալ նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ յաւելեալ ջանք ի գործ դնել` առնելու համար քայլեր, որպէսզի կարելի ըլլայ այս հարցը լուծել: Անշուշտ տիրող տագնապին լուծումը բաւական դժուար է եւ զուտ լիբանանեան չէ, իսկ կատարեալ անկեղծութեամբ արտայայտուած ըլլալու համար կրնանք հաստատել, որ 1943-էն ի վեր ոչ մէկ անգամ լուծումը լիբանանեան եղած է: Պէտք է սպասել մինչեւ հինգշաբթի, որպէսզի կարելի ըլլայ արդիւնքի մը յանգիլ», յայտնեց ան:
Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին քայլերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ կարելի չէ նաեւ հնգեակին ճիգերուն չվստահիլ: «Միջազգային հնգեակին մաս կազմող երկիրները կը ներկայացնեն այնպիսի պետութիւններ, որոնք գործուն են Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ: Մենք փորձած ենք ֆրանսական նախաձեռնութիւնը, հնգեակին նախաձեռնութիւնը, եւ բոլորին համար յստակ է, թէ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին անդամ երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւններ կան, հակառակ այն հաստատումներուն, որ տարակարծութիւններ չկան: Բնական է, որ արտաքին պայմաններու բերմամբ, հնգեակի անդամ երկիրներուն միջեւ արձանագրուած տարակարծութիւնները իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ունենան նաեւ Լիբանանի մէջ հնգեակին գործունէութեան վրայ: Հոս պէտք է հաստատել նաեւ, որ հնգեակին մաս կազմող դեսպաններն ու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանը մնայուն կերպով խնդրեցին լիբանանցիներէն նախաձեռնութիւններու ձեռնարկել, յատկապէս ընդգծելով երկխօսութեան նախաձեռնութիւնը: Իսկ երկխօսութիւնը միակ միջոցն է լուծման յանգելու: Պէտք չունինք երկար մտածելու, երկխօսութիւնը եղած է Լիբանանի հարցերը լուծելու միակ միջոցը եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ երկխօսութեան հարցով չեն կրնար նշաձողը բարձրացնել, որովհետեւ ատոր գինը քաղաքացին կը վճարէ: «Տակաւին կայ այլ իրականութիւն մը, որուն շրջագիծին մէջ պահանջներու նշաձողը բարձրացնելէ ետք կ՛արձանագրուին հսկայական զիջումներ: Այս ընթացքին լիբանանցի քաղաքացին կը շարունակէ այդ լարուածութեան գինը վճարել, մինչ լիբանանցի պատասխանատուները շահեր ձեռք կը ձգեն, իսկ ի վերջոյ քաղաքացին կ՛արտագաղթէ», նշեց ան:
Յ. Բագրատունի հարց տուաւ, թէ պէ՞տք է անպայման Լիբանանի մէջ բան մը պատահի, որպէսզի լիբանանցի պատասխանատուները այլ երկրի մը մէջ երկխօսութիւն կատարեն եւ համաձայնութեան յանգին, ինչպէս էր պարագան Թաէֆի եւ Տոհայի պարագային: «Պէտք չէ փորձանքի մը սպասել եւ ապա զղջալ ու երանի տալ, որ երկու տարի առաջ լուծուած ըլլար նախագահական ընտրութեան տագնապը», աւելցուց ան:
Կառավարութեան աշխատանքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ներկայ կառավարութիւնը կրկնակի ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն մըն է: Ան ըսաւ, որ կառավարութեան անդրանիկ յայտարարութեան եւ անոր խոստումներուն բաղդատելով, կառավարութիւնը նուազագոյն աշխատանքներն է, որ կը տանի: Բոլորս կը վկայենք այդ իրականութիւնը, յատկապէս` լիբանանցի քաղաքացին:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ երկխօսութեան հրաւէրին եւ առանց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երկխօսութիւն կատարելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ նման քայլ անհաւանական է, որովհետեւ երկխօսութեան եւ խորհրդակցութեան նպատակը տարակարծութիւններ ունեցող ուժերուն միջեւ խօսակցութիւնն է եւ լուծման յանգելու կարելիութիւն ստեղծելը:
Նախագահական ընտրութեան թղթածրարի լուծման նպատակով` Ազգային ազատ հոսանք եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւններու, ինչպէս նաեւ Չափաւորական պլոքի նախաձեռնութիւններուն մասին հարցումին անդրադառնալով Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Ազգային ազատ հոսանքը կ՛առաջարկէ նախագահական երրորդ թեկնածուի մը կարելիութիւնը: Նոյն մօտեցումը կը տեսնենք նաեւ Չափաւորական պլոքի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մօտ: Այս մօտեցումը` բացարձակին մէջ անպայման Սլէյման Ֆրենժիէի կամ նախագահական այլ թեկնածուի մը դէմ ըլլալ չի նշանակեր: Այս նախաձեռնութիւններուն հասարակ յայտարարը այն է, թէ երկրին դիմագրաւած այս տագնապալի պայմաններուն մէջ ինչպէ՛ս կարելի է առիթ մը գտնել եւ հարցը լուծելու քայլի մը դիմել եւ հանրապետութեան նախագահ ընտրել:
Մեր տեսակէտը այն է, թէ կարելի չէ միայն հանրապետութեան նախագահին անձին մասին խօսիլ: Պէտք է ըլլայ ներքին լիբանանեան համաձայնութիւն: Կարելի չէ հանրապետութեան նախագահ ընտրել 65 կամ 66, նոյնիսկ 80 կամ 86 քուէով: Կարելի չէ նաեւ նախագահի ընտրութենէն ետք երեք ամիս սպասել վարչապետի նշանակումին եւ յաւելեալ ամիսներ` կառավարութեան կազմութեան», ըսաւ ան:
Փաթեթային լուծման կարելիութեան մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ տեսակէտը աւելի իրատեսական է, երբ կարգ մը քաղաքական կողմեր կը մտածեն երկրին վարչակարգը փոփոխութեան ենթարկելու մասին. ան նշեց, որ ակնարկութիւնը կ՛երթայ քաղաքական կարգ մը ուժերու կողմէ Լիբանանը դաշնակցային պետութեան վերածելու առաջարկին: «Նման որեւէ պարագայի, քրիստոնեան պիտի ըլլայ ամէնէն սուղ վճարողը, այնպէս ինչպէս էր պարագան Թաէֆի մէջ: Հետեւաբար եթէ հեռատեսութեամբ պիտի մտածենք` կը փորձենք վերջ տալ այդ առաջարկին, որ կ՛օժանդակէ միայն Լիբանանի թշնամիներուն: Այս տեսակի առաջարկներէ հեռու մնալով քիչ մը աւելի լիբանանցի կ՛ըլլանք», հաստատեց ան:
Յ. Բագրատունի վերահաստատեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը պիտի քուէարկեն համաձայնական նախագահական թեկնածուին, այլ խօսքով` այն թեկնածուին, որուն շուրջ համախոհութիւն կը գոյանայ, որպէսզի անոր աշխատանքը ընտրուած պահուն իսկ չսահմանափակուի:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը անյարմար նկատեց, որ նախագահական թեկնածուներուն վերագրուի այս կամ այն երկրին նեցուկը վայելելու իրականութիւնը, այսինքն` մէկը ըլլայ Քաթարի թեկնածուն, ուրիշ մը` Սէուտական Արաբիոյ, իսկ երրորդ մը` Իրանինը: «Այս մօտեցումները տհաճ են եւ կը միտին ձախողեցնել թեկնածուները», յայտնեց ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ արաբական աղբիւրներէ տրամադրուած են տեղեկութիւններ, որ երկու կամ երեք ամսուան ընթացքին Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն պիտի ըլլայ: «Կը մաղթենք, որ յառաջիկայ երեք ամսուան ընթացքին ունենանք առիթ մը եւ օգտուինք այդ առիթէն, որպէսզի կարենանք ընտրել հանրապետութեան նախագահը` պատերազմի թէ խաղաղութեան մթնոլորտին մէջ», հաստատեց ան:
Ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի Պէյրութ կատարած այցելութեան եւ անոր ունեցած հանդիպումներէն բխած անյստակութեան մասին խօսելով Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները կարիք չունին, որ մէկը յուշէ իրենց, թէ կը գտնուին Իսրայէլի եւ իսրայէլեան հաւանական բռնարարքներու սպառնալիքի տակ:
Հոքշթայնի ջանքը Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմի բռնկումին յետաձգումն է` մինչեւ լուծման մը յանգիլը: «Թշնամի Իսրայէլի վայրագ էութիւնը ծանօթ է բոլորիս: Իսկ Կազայի մէջ ընթացող պատերազմը իր այս տարողութեամբ քանի մը շաբաթէն վերջ չի գտներ», շեշտեց ան:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յայտարարութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ արտայայտութիւնները անպայմանօրէն պէտք չէ մեկնաբանել իբրեւ Կիպրոսի դէմ ուղղուած սպառնալիքներ:
Իսկ պատասխանելով ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեանը այդ պաշտօնին նշանակելու որոշումին մասին ուղղուած հարցումին` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն սխալած է Պուչիքեանը նախարար նշանակելով:


