Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կալանթ. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմ Չենք Ուզեր, Սակայն Հըզպալլայի Զինեալ Խմբաւորումներուն Մեր Սահմանին Վրայ Ներկայութիւնը Չենք Ընդունիր»

June 28, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտարարեց, որ Ուաշինկթընի մէջ ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ քննարկած է Կազայի մէջ պատերազմի յաջորդ օրուան առաջարկները` նշելով. «Կ՛աշխատինք պատերազմէն ետքի առաջարկին վրայ, որ կը ներառէ պաղեստինցիները, շրջանային գործընկերներն ու Միացեալ Նահանգները»:

Կալանթ Ուաշինկթըն իր այցելութեան աւարտին յայտարարեց. «Լիբանանի հետ պատերազմ չենք ուզեր, սակայն Հըզպալլայի զինեալ խմբաւորումներուն մեր սահմանին վրայ ներկայութիւնը չենք կրնար ընդունիլ»:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը, որ Կալանթի Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվընի հետ հանդիպումին մասին մամլոյ զեկուցում կը ներկայացնէր, իր կարգին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Ոչ ոք Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ պատերազմ կ՛ուզէ, եւ կը կարծենք, որ Իրան հիւլէական զէնք զարգացնելու քայլեր չառաւ, սակայն սադրիչ քայլեր կատարեց»` աւելցնելով. «Ամերիկան ու Իսրայէլը անհամբեր կը սպասեն մօտ օրէն ռազմավարական երկխօսութեան ժողովի կազմակերպման»:

Աղբիւրը նշած է, որ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարները Կալանթին ըսած են, թէ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն առկախ պահել ծանր զինամթերքի Իսրայէլի մատակարարումը` «մինչեւ վերատեսութեան հոլովոյթը ամբողջացնելը»:

«Երկու կառավարութիւնները տակաւին քննարկումներ կը կատարեն ծանր ռումբերուն շուրջ, որոնց մատակարարումը նախագահ Ճօ Պայտըն մայիսի սկիզբը դադրեցուց` մեկնելով մտավախութիւններէ, թէ այդ զէնքերը կրնան Կազայի մէջ աւելի մեծ թիւով զոհեր պատճառել», յայտնած է ան:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարի գրասենեակը հաղորդեց, որ Կալանթ եւ Սալիվըն քննարկած են «Լիբանանի հետ Իսրայէլի սահմանին վրայ անվտանգութեան կացութեան» փոփոխութեան կարեւորութիւնն ու «իրանեան հիւլէական ախորժակներուն դէմ գործակցութիւնը»:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան նախարարաց քաղաքական եւ ապահովական հարցերու սեղմ խորհուրդի անդամ Աւի Տեխթեր նշեց. «Կազայի մէջ Համաս շարժումի իշխանական կարողութիւններու, ո ոչնչացումը կը շարունակէ անհասանելի նպատակ մնալ»:

«Թել Աւիւ հիւսիսի մէջ բոլոր կարելիութիւններուն կը պատրաստուի եւ Հըզպալլայի դէմ պատերազմ պիտի մղէ, երբ յարմար ժամանակը գայ», նշեց Տեխթեր:

Իսրայէլեան բանակէն աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեց. «Իսրայէլ կրնայ ստիպուիլ Լիբանանի մէջ մագլցողական շատ ուժեղ քայլեր որդեգրել»:

Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Իսրայէլ պատրաստ է հիւսիսային ճակատին վրայ կարգաւորման հասնելու համար յաւելեալ փորձ կատարելու»:

Նախորդը

Պորել. «Պէտք Է Պատերազմին Դէպի Լիբանան Հաւանական Ընդլայնումը Կասցենել, Եւ Այդտեղ Կացութիւնը Լարուած Է»

Յաջորդը

Պայրամով Պնդած Է, Որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը Խաղաղութեան Գործընթացի Ամէնէն Լուրջ Խոչընդոտն Է

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.