Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օսթին. «Կը Ձգտինք Դիւանագիտական Համաձայնութեան Մը, Որ Կ՛արգիլէ Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Պատերազմը»

June 27, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին յայտարարեց, որ իր երկիրը աշխատանք կը տանի հասնելու դիւանագիտական համաձայնութեան մը, որ իսրայէլացի եւ լիբանանցի քաղաքայիններուն կ՛արտօնէ վերադառնալ սահմանին մօտ գտնուող իրենց տուները:

Ան զգուշացուց, որ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմը քանդիչ պիտի ըլլայ, եւ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը ջանան հասնիլ դիւանագիտական համաձայնութեան մը, որ արգելք կը հանդիսանայ այդպիսի պատերազմի մը ծագման:

Օսթին Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ այլ պատերազմ մը կրնայ դիւրութեամբ շրջանային պատերազմի վերածուիլ: Առաջնահերթութիւն կ՛ընծայենք Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին երկու կողմերուն վրայ մագլցումը դադրեցնելու համար դիւանագիտական լուծումին»:

«Իսրայէլի անվտանգութեան մեր աջակցութիւնը հաստատ եւ անսասան է», շեշտեց Փենթակոնի ղեկավարը:

Կալանթ Օսթինի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Մենք վճռական ենք անվտանգութիւն հաստատելու եւ գետնի վրայ կացութիւնը փոխելու, եւ Կազայի մէջ մեր ժամանակը կը սպառի»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը նշեց, որ Հըզպալլայի հետ խնդիրի լուծման համար դիւանագիտական ընտրանքին ժամանակը կը սպառի` աւելցնելով. «Պատրաստ ենք Հըզպալլայի դիմակայման որեւէ բեմագրութեան, եւ մենք վճռակամ ենք փոխելու հիւսիսային ճակատին վրայ տիրող կացութիւնը»:

Ան խօսքը իր ամերիկացի պաշտօնակիցին ուղղելով ըսաւ. «Պատրաստ ենք տարակարածութիւնները քննարկելու»` նշելով. «Անհամբեր կը սպասենք Իրանի գործակատարներուն դէմ դնելու համար Ուաշինկթընի հետ աշխատանքին»:

Նախորդը

Զաքի. «Բոլորը Պէտք Է Ճկունութիւն Ցուցաբերեն»

Յաջորդը

Էրտողան. «Մենք Իսրայէլեան Սպառնալիքներուն Դէմ Լիբանանեան Պետութեան Կողքին Կը Կանգնինք, Ինչպէս Պաղեստինի Կողքին Կը Կանգնինք»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակցող Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակցող Միջնորդներ

October 28, 2026
Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.