Հնդկաստանի համար Հայաստանի դիրքը շատ կարեւոր է, որովհետեւ անիկա կը գտնուի Եւրոպայի եւ Արեւելքի միջեւ, հետեւաբար երկու երկիրներուն միջեւ հաստատուած են լաւ յարաբերութիւններ:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, նման դիրքորոշում յայտնած է Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանիամ Ճայշանքար` Եւրասիական գօտիի երկիրներէն Հնդկաստան հասած լրագրողներու խումբի հետ հանդիպումի ժամանակ:
«Կան շատ կարելիութիւններ` զարգացնելու փոխշահաւէտ կապերը շարք մը բնագաւառներու մէջ` տնտեսական, մշակութային, քաղաքական եւ այլն: Այնպէս որ այստեղ շատ ընելիքներ կան», ըսած է Ճայշանքար` խօսելով հայ-հնդկական յարաբերութիւններուն մասին:
Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած է նաեւ վերջին շրջանին բազմաթիւ երկիրներու կողմէ քննարկման նիւթ դարձած գումակային մեծ ծրագիրներու իրականացման խնդիրին:
«Վերջին տասնամեակներուն տեղի ունեցած են բազմաթիւ փոփոխութիւններ, որոնց հիմամբ ընձեռուած են նոր փոխադրամիջոցային եւ գումակային միջանցքներ բանալու կարելիութիւններ: Շատ կը խօսուի Հիւսիս-հարաւ փոխադրամիջոցային ուղիի մասին, որուն իբրեւ առանցք բազմաթիւ պետութիւններու համար կարեւոր դերակատարում ունի Չապահարի նաւահանգիստը:
«Իբրեւ այլընտրանքային ճամբայ կը դիտարկուի նաեւ միջինասիական միջանցքը: Պիտի ըլլան նաեւ այլընտրանքային ուրիշ տարբերակներ, որովհետեւ նախկին բոլոր միջանցքները հիմնադրուած են ութ-ինը տասնամեակ առաջ, եւ անոնց ներուժներն ու կարելիութիւնները մշակուած են», ըսած է հնդկական դիւանագիտութեան պետը: