Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զաթուլին. «Ըսել, Որ Ռուսիան Ղարաբաղը Յանձնած Է, Սուտ Է, Սակայն Չեմ Կարծեր, Որ 2020-ին Պատերազմը Կանխարգիլելու Համար Մենք Ամէն Ինչ Ըրինք»

Յուլիս 10, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն յայտարարութիւնը, թէ «Ռուսիան յանձնած է Ղարաբաղը, սուտ է եւ ուղղուած Ղարաբաղի հանդէպ գործած սեփական դաւաճանութեան, արեւմտեան ճամբար անցնելու որոշումին արդարացման»: Այս մասին ըսած է Տումայի ԱՊՀ-ի հարցերով յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ Քոնսթանթին Զաթուլին:

Ան միեւնոյն ժամանակ խոստովանած է, որ ռուսական կողմը ամէն ինչ չէ, որ ճիշդ ըրած է:

«Պարոն Արմէն Գրիգորեանը (Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար) իր աղմկայարոյց յայտարարութեամբ Ռուսիոյ վերագրեց Լեռնային Ղարաբաղի կորուստի, յանձնումին պատասխանատուութիւնը. Ռուսիան յայտնուեցաւ շատ բարդ, ես կ՛ըսէի յիմար վիճակի մէջ, որովհետեւ կողմերուն, նախ եւ առաջ հայկական կողմին խնդրանքով իր խաղաղապահները Ղարաբաղի մէջ տեղակայելով, Մոսկուան հետագային չստացաւ խաղաղապահներուն գործելու կարելիութիւն տուող լիազօրութիւն: Եւ կարեւորագոյնը, 2022 թուականին Հայաստանի վարչապետը արեւմտեան մայրաքաղաքներուն մէջ հրապարակաւ յայտարարեց, որ Ղարաբաղը Ազրպէյճանի ներքին խնդիրն է», ըսած է Զաթուլին:

Անոր կարծիքով` «նոր պատերազմ կանխարգիլելու, խաղաղութեան հասնելու, յարաբերութիւնները վերաձեւակերպելու պատրուակով Փաշինեանը պարզապէս լքած է Ղարաբաղի իր հայրենակիցները»:

«Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ յետոյ` 2023 թուականին, ասոր հետեւանքն էր: Ռուսիան ու ռուս խաղաղապահները յայտնուեցան շատ յիմար վիճակի մէջ` գտնուելով Ղարաբաղի մէջ եւ միեւնոյն ժամանակ այն տարածքին մէջ, որ Հայաստանը ինք պաշտօնապէս ճանչցաւ Ազրպէյճան: Ի՞նչ կրնային ընել այս կացութեան մէջ: Կը կարծեմ, կարելի է ամէն տեսակի թերացում գտնել ոչ միայն խաղաղապահներու աշխատանքին մէջ, այլ նաեւ ընդհանրապէս Անդրկովկասի մէջ Ռուսիոյ քայլերուն մէջ, սակայն ըսել, որ Ռուսիան Ղարաբաղը տուած է, անշուշտ սուտ է», ընդգծած է Զաթուլին:

Անոր պնդումով` Փաշինեան իր ամբողջ հասարակական, ապա քաղաքական ասպարէզի ընթացքին երբեք կասկած չէ յառաջացուցած այն հարցին մէջ, որ ինք չի դասուիր յանուն Ղարաբաղի, հայ ժողովուրդի ազգային գաղափարներու պայքարելու պատրաստ մարդոց շարքին:

«Այո՛, եղած է շրջան մը, երբ Փաշինեան եկած է իշխանութեան եւ ստիպուած եղած է հայրենասէր ձեւանալ: Ան ատիկա ըրաւ: Ան մինչեւ անգամ յայտարարեց. «Ղարաբաղը Հայաստա՛ն է, եւ վե՛րջ»: Եւ մէկ կողմէն իր ելոյթներով, միւս կողմէն` գործողութիւններու բացակայութեամբ, Ազրպէյճանի համար լրացուցիչ առիթ ստեղծեց այդ կացութենէն օգտուելու համար: Եւ ան օգտուեցաւ: Ես չեմ կարծեր, որ այդ պահուն մեր կողմէ ամէն ինչ ճիշդ կատարուած էր, եւ որ 2020 թուականին մենք ամէն ինչ ըրինք, որ այս պատերազմը տեղի չունենայ: Սակայն անիկա սկսելէ ետք, գիտէք, նախագահ Փութինը փորձեց կասեցնել զայն: Եւ կրկին պարոն Փաշինեան մերժեց դադրեցնել զինուորական գործողութիւնները, որովհետեւ երբ Շուշին վերցնելու մասին տակաւին խօսք չկար, կը յիշէք այդ դրուագը, ան կը գտնէր, որ Հայաստանը ինք գլուխ պիտի հանէ այս կացութիւնը», նշած է Զաթուլին:

Անոր համոզումով` «Ռուսիան շահագրգռուած էր, որ Ղարաբաղի հայերը ապրէին իրենց տեղը, որպէսզի Ղարաբաղը որոշակի պայմաններու մէջ անկախութիւն ձեռք բերէր, եթէ ոչ անկախութիւն, ապա գոնէ պահպանէր այնպիսի կարգավիճակ, որ հայերուն պիտի արտօնէր այնտեղ խաղաղ եւ հանգիստ ապրիլ»:

«Ես ամբողջովին վստահ եմ, որ այո՛, ատիկա Ռուսիոյ շահն էր», նշած է Զաթուլին:

 

Նախորդը

Աբխազիան Բողոքած Է Վրաստանի Մէջ Միրզոյեանի Յայտարարութիւններուն Դէմ

Յաջորդը

Սամանթա Փաուըր Կ՛այցելէ Երեւան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?