Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեանը եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Արթուր Խաչատրեանը, Արմէն Գէորգեանն ու Աննա Գրիգորեանը 3 յուլիսին հանդիպած են ամերիկացի ծերակուտական Ռոճըր Ուիքըրի գլխաւորած քոնկրեսական պատուիրակութեան հետ: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քրիսթինա Քվինը:
Ողջունելով պատուիրակութեան անդամները Հայաստանի օրէնսդիր մարմինին մէջ` Հայկ Մամիջանեան շնորհաւորած է հիւրերը Միացեալ Նահանգներու ազգային տօնի` Անկախութեան օրուան առիթով:
Հիւրերուն խնդրանքով հայ պատգամաւորները անդրադարձած են շրջանային խնդիրներուն եւ իրավիճակին, Հայաստանի անվտանգային հարցերուն, Հայաստան-Թուրքիա, Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն եւ անոնց կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ իրականացուող աշխատանքներուն, առկայ մարտահրաւէրներուն, մշակութային կոթողներու` եկեղեցիներու եւ վանքերու ոչնչացման կամ վերափոխման Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընթացող սահմանազատման գործընթացին, օրէնսդիր մարմինին մէջ քաղաքական ուժերու դասաւորուածութեան, դատական համակարգի անկախութեան հետ կապուած հարցերուն:
Խօսելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընթացող խաղաղութեան պայմանագիրի բանակցութիւններուն մասին` ընդդիմադիր պատգամաւորները անդրադարձած են Ազրպէյճանի սաստկացող հռետորաբանութեան ու պահանջներուն` մասնաւորապէս նշելով երկու երկիրներուն միջեւ առկայ խնդիրներու լուծուած չըլլալը` Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներ ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ, գերիներու եւ ռազմագերիներու առկայութիւն ազրպէյճանական բանտերուն մէջ, անվտանգութեան երաշխիքներու եւ երաշխաւորի բացակայութիւն:
Անդրադարձ եղած է երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու: