Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն Եւ Մաքրոն. «Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Կառավարութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղենք` Համաձայնելու Զինադադարի Հաստատման Միացեալ Կոչին»

Սեպտեմբեր 27, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 79-րդ նիստի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ` քննարկելու համար Լիբանանի մէջ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ զինադադարի հաստատման եւ «աւելի լայնածաւալ պատերազմ արգիլելու» կարելիութիւնները:

Երկու նախագահները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին. «Անցնող օրերուն միասնաբար աշխատեցանք զինադադար հաստատելու միացեալ կոչի մը վրայ` դիւանագիտութեան առիթ ընծայելու եւ անդրսահմանեան յաւելեալ մագլցումէ խուսափելու համար»:

Պայտըն եւ Մաքրոն աւելցուցին. «Հաղորդագրութիւնը, որուն շուրջ բանակցեցանք, այլեւս պատրաստ է եւ Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ, Քանատայի, Եւրոպական Միութեան, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ճափոնի, Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ու Քաթարի զօրակցութիւնը կը վայելէ»:

Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահները իրենց ժողովէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշեցին, որ իրենց միացեալ կոչին բովանդակութեամբ «լայնածիր համաձայնութեան եւ Իսրայէլի ու Լիբանանի կառավարութիւններուն կողմէ անմիջական համաձայնութեան կոչ կ՛ուղղեն»:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ երէկ իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ»-ին յայտնեցին, որ զինադադարը «քանի մը ժամէն» ուժի մէջ պիտի մտնէ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը իր կարգին հաղորդեց. «Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ զինադադարը քանի մը ժամէն ուժի մէջ պիտի մտնէ»:

Նիւ Եորքի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն հետեւող աղբիւրներ «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին. «Դիւանագիտական ջանքերը յառաջընթաց կ՛արձանագրեն, եւ շուտով Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադար ակնկալեցէ՛ք»:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնեցին. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի կողմէ 21 օր տեւողութեամբ զինադադարի համաձայնութեան ստորագրման նկատմամբ լաւատես ենք»: Անոնք նշեցին. «Եթէ լիբանանեան կառավարութիւնը համաձայնի զինադադարի հաստատման համաձայնութեան, պիտի կարենայ Հըզպալլան համոզել»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին նշեց. «Իսրայէլ կրնայ քանի մը ժամէն համաձայն գտնուիլ Հըզպալլայի հետ զինադադարի առաջարկին: Լիբանանեան կառավարութեան պիտի մնայ զինադադարի հաստատման Հըզպալլայի համաձայնութիւնը ապահովել»:

Իսրայէլեան կառավարական աղբիւրներ, սակայն, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեցին. «Նեթանիահուն զինադադարի հաստատման համար պայմաններ կը դնէ, եւ գնահատումները այն են, որ Նասրալլան (Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան, «Ա.») անոնց համաձայն պիտի չըլլայ»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Նիւ Եորք հասնելէ անմիջապէս ետք յայտարարած է. «Պիտի շարունակենք ամբողջ ուժով Հըզպալլան հարուածել, մինչեւ բնակիչներուն հիւսիս վերադարձը»:

Ֆրանս–Ամերիկեան Նախաձեռնութիւնը Կը Ձախողի՞

Ժամանակաւոր զինադադարի ֆրանս-ամերիկեան առաջարկը Իսրայէլի մէջ հակազդեցութիւններու ալիք բարձրացուց:

Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ յայտնեց, որ Իսրայէլ պէտք է յայտարարէ, որ առաջարկը կ՛ընդունի, «սակայն միայն 7 օր տեւողութեամբ»:

Ան ըսաւ, որ որեւէ առաջարկ պէտք է հիւսիսի բնակիչներուն արտօնէ անմիջապէս իրենց տուները վերադառնալ եւ Կազայի մէջ գերիներու փոխանակման բանակցութիւններու վերանորոգման յանգեցնէ: Լափիտ շեշտեց, որ պէտք է մերժել որեւէ համաձայնագիր, որ Հըզպալլայի` Իսրայէլի հիւսիսային սահմաններէն հեռացում չի ներառեր:

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչ յայտնեց, որ հիւսիսի բնակիչներուն անվտանգ վերադարձի միակ միջոցը «Հըզպալլայի անձնատուութիւնը կամ պատերազմն է»` աւելցնելով, որ պատերազմը պէտք է աւարտի կուսակցութեան զգետնումով եւ զայն հիւսիսի բնակիչներուն վնաս հասցնելու կարողութիւններէն զրկելով:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի բնակեցման վայրերու նախարարը յայտնած է. «Զինադադարը ո՛չ 21 օրով, ո՛չ ալ 21 ժամով հաստատելու բարոյական լիազօրում չկայ»:

«Իսրայէլ Հայոմ»-ն ալ հաղորդեց, որ Իսրայէլի կրթութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարը ըսած է, որ առանց Հըզպալլայի կողմէ շօշափելի որեւէ զիջումի զինադադարի հաստատումը «հսկայական սխալ է»:

Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իշխող Լիքուտ կուսակցութեան անդամներ յայտնած են. «Եթէ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն զինադադար հաստատելու քայլին դիմէ, պետական ամավարկի որոշումին մեր քուէարկութիւնը վերատեսութեան պիտի ենթարկենք»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց իր կարգին յայտարարեց. «Զինադադար պիտի չըլլայ, եւ մինչեւ յաղթանակ ու հիւսիսի բնակիչներուն վերադարձը Հըզպալլայի դէմ պիտի կռուինք»:

«Իսրայէլ Հայոմ» հաղորդեց, որ Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր Նեթանիահուին յայտնած է. «Եթէ ժամանակաւոր զինադադարը մնայուն դառնայ, կառավարութենէն պիտի հրաժարինք»:

Նախքան այդ հակազդեցութիւնները` իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ Նեթանիահու իսրայէլեան բանակին հրամայած է մեղմացնել Լիբանանի վրայ յարձակումները` զինադադարի բանակցութիւններուն լոյսին տակ: Աւելի ուշ, սակայն, Նեթանիահուի գրասենեակը հաղորդեց, որ ան տակաւին զինադադար հաստատելու ֆրանս-ամերիկեան առաջարկին չէ պատասխանած, եւ «տրուած հրամանը հիւսիսի մէջ կռիւը ուժեղ կերպով շարունակելն է»:

Բանակցութիւններու ընթացքին ծանօթ արաբական դիւանագիտական աղբիւր մը «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իսրայէլի ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոն Տերմըր Էյմըս Հոքշթայնին (ամերիկացի նախագահական պատուիրակ, «Ա.») յայտնեց, որ Իսրայէլ կը շարունակէ Լիբանանի մէջ իր պատերազմը, եւ Իսրայէլին ներկայացուած առաջարկներուն համաձայն պիտի չըլլայ»:

Ան նաեւ ըսած է. «Ամերիկեան, քաթարեան, ֆրանսական եւ թրքական հետախուզութիւններուն միջեւ ժողովներ սկսան, եւ միջնորդները  լուծումի հասնելու նկատմամբ իրենց յոյսը չկորսնցուցին: Ֆրանսացիներն ու ամերիկացիները Նեթանիահուի հետ պիտի խօսին, իսկ քաթարցիներն ու թուրքերը իրանցի պաշտօնատարներու հետ ժողովներ պիտի գումարեն»:

Ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.»-ն իր կարգին, վկայակոչելով ամերիկացի պաշտօնատարներ, հաղորդեց. «Իսրայէլ նշեց, որ մտադիր է Հըզպալլայի հետ ճակատամարտի ծրագիրներու գործադրումը շարունակել»:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանն ալ հաղորդեց. «Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ վաւերացուց հիւսիսային ճակատի վրայ յարձակողական գործողութիւններու շարունակման որոշումը»:

Մինչ այդ, իսրայէլեան օդանաւերը երէկ 4-րդ օրն ըլլալով յարձակումներ շղթայազերծեցին հարաւային Լիբանանի, արեւմտեան եւ կեդրոնական Պեքաայի, Պաալպեքի եւ Հերմելի գիւղերուն վրայ:

Լիբանանի հանրօգուտ շինութեանց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ յայտնեց, որ Իսրայէլ հարուածած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ գտնուող սահմանային անցքի մը սուրիական կողմը: «Հատաս» կը նշէ, որ նշեալ անցքը Հերմելի մօտ է: Իսրայէլեան բանակը պնդեց, որ այնտեղ Սուրիայէն Հըզպալլային զէնքի փոխադրման դիրք մը հարուածած է:

Հըզպալլան այդ յարձակումներուն հակադարձեց Հայֆայի, Աքքայի եւ անոր մերձակայքին, Գալիլիոյ մէջ Ռիճա, Քիրիաթ Շմոնա եւ Քիրիաթ Մոցքին բնակեցման վայրերուն ուղղութեամբ հրթիռներ արձակելով: Քիրիաթ Շմոնայի մէջ հրդեհներ յառաջացան:

Նախորդը

Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ Դարձեալ Օդային Յարձակում

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (27 Սեպտեմբեր 2024)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?