Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլա Գուժեց Սէյիտ Նասրալլայի Նահատակութիւնը

Սեպտեմբեր 30, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Իր Ոճրային Յարձկումները.
Լիբանանեան Պետութիւնը Եռօրեայ Պաշտօնական Սուգ Յայտարարեց

Հըզպալլան շաբաթ օր պաշտօնապէս յայտարարեց, որ իր ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան Պէյրութի Հարաւային արուարձանին մէջ կուսակցութեան կեդրոնատեղիին վրայ ուրբաթ օրուան իսրայէլեան բուռն յարձակումին հետեւանքով նահատակուած է: Իսրայէլեան օդուժը յարձակումի ընթացքին 2000 թոն կշռող ամրոցներ քանդող ռումբեր օգտագործած էր:

Լիբանանի վարչապետարանը սէյիտ Նասրալլայի նահատակութեան առիթով այսօր սկսող եռօրեայ սուգ յայտարարեց: Իրաքի մէջ եւս եռօրեայ սուգ յայտարարուեցաւ:

Իսրայէլացի պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնեցին. «Նասրալլայի ահաբեկման գործողութեան ընթացքին քանի մը վայրկեանի ընթացքին մէջ աւելի քան 80 ռումբ արձակեցինք»:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ Հըզպալլայի կեդրոնատեղիին վրայ յարձակումին պատճառով սէյիտ Նասրալլայի կողքին նահատակուած են կուսակցութեան մէջ տարբեր դիրքերու վրայ գտնուող 20 ղեկավարներ: Նասրալլայի կողքին զոհուեցաւ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի փոխհրամանատար Ապպաս Նելֆրոշանը: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարեց, որ վերջինիս սպանութիւնը «անպատասխան պիտի չմնայ»:

Իսրայէլ շարունակեց Լիբանանի վրայ իր օդային յարձակումները եւ շաբաթ օր ահաբեկեց Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուքը: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց. «Այսօր Հարաւային արուարձաններուն վրայ կատարուած յարձակումին թիրախ եղած անձը Հըզպալլայի պայթուցիկներու տարրալուծարաններու եւ հրթիռներու արտադրման պատասխանատու քիմիական զօրամասին ականաւոր անդամ մըն է»:

Իսրայէլեան օդուժը շաբաթ օր նաեւ յարձակում գործեց Թեհուիթաթ Ղատիր-Լայլաքիի վրայ: Ապահովական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ այդ յարձակումը «Պէյրութի օդակայանի շէնքէն 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ էր»:

Լիբանանեան եւ միջազգային անձնաւորութիւններ, կուսակցութիւններ եւ կողմեր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութեան վերաբերեալ յայտարարութիւններ կատարեցին եւ կեցուածքներ արտայայտեցին:

Նեպիհ Պըրրի

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի գուժեց Նասրալլայի նահատակութիւնը եւ հաղորդագրութեան մը մէջ գրեց. «Ո՜վ Մուսա Սատըրի եւ Քարպալայի հուսէյնեան դիմադրութեան դպրոցի զաւակը, ո՜վ եղբայրս, ո՜վ տոկուն հրամանատար նահատակ սէյիտ…(…) Քեզի ցտեսութիւն մաղթելու բոլոր խօսքերը, որոնք կրնան ըսուիլ, աւելի քիչ են վեհութեանդ առջեւ, որ միայն Աստուծոյ առջեւ խոնարհեցաւ: Բոլոր խօսքերը, որոնք կրնան ըսուիլ, անկարող են նկարագրելու հայրենիքին նկատմամբ սէրդ»:

Սաատ Հարիրի

Նախկին վարչապետ, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Սէյիտ Հասան Նասրալլայի ահաբեկումը Լիբանանն ու շրջանը ներքաշեց բռնութեան նոր փուլի մը մէջ: Անիկա մեր կողմէն կը նկատուի վախկոտ ու ամբողջովին դատապարտելի արարք մը, մենք եւ մեր սիրելիները շատ սուղ գին վճարեցինք, երբ ահաբեկումը եկաւ քաղաքականութիւնը փոխարինելու: Աստուած սէյիտ Հասանին հոգիին ողորմի, անկեղծ ցաւակցութիւններ անոր ընտանիքին եւ ընկերներուն: Հանգուցեալին հետ յաճախ տարակարծիք եղանք եւ քիչ անգամ համակարծիք, սակայն ան ամբողջ Լիբանանի ծածկն էր, եւ այս շատ դժուար փուլին մեր միասնականութիւնն ու զօրակցութիւնը կը մնայ հիմնականը: Լիբանանը բոլորէն վեր կը մնայ, բոլոր կուսակցութիւններէն, համայնքներէն եւ շահերէն վեր, ինչ ալ ըլլան անոնք: Բոլոր շրջաններէն մեր ժողովուրդին ու հարազատներուն տառապանքի մեղմացումը ազգային առաջնահերթութիւն է, ոչ թէ կուսակցական, համայնքային կամ հատուածական առաջնահերթութիւն: Լիբանանը իր բոլոր զաւակներուն հայրենիքը պահելը միայն բոլորիս միասնականութեամբ կ՛ըլլայ: Այսօր բոլորէն կը պահանջուի տարակարծութիւններէն եւ անձնասիրութիւններէն վեր կանգնիլ` մեր երկիրը ապահովութեան ծովափ հասցնելու համար»:

Զօր. Միշել Աուն

Նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութեամբ Լիբանանը կը կորսնցնէ իւրայատուկ եւ անկեղծ ղեկավար մը, որ ազգային Դիմադրութիւնը ղեկավարեց յաղթանակի եւ ազատագրութեան ճամբաներուն վրայ: Ան իր խոստումին տէրն էր, հաւատարիմ իր ժողովուրդին, որ անոր փոխադարձեց իր սիրով, վստահութեամբ եւ յանձնառութեամբ: Եւ եթէ թշնամիին ձեռքը անոր հասաւ անոր ազգային երթի կիսուն, ապա ան իր Աստուծոյ պիտի հանդիպի գոհունակ` երկար տարիներու պայքարին ու դիմադրութեան ընթացքին իրագործածէն, եւ ան աւանդը յանձնեց երիտասարդներու, որոնք երբեք իրենց հողերու պաշտպանութեան համար իրենց արիւնը չխնայեցին: Մինչ անձնական մակարդակի վրայ կորսնցուցի պատուաւոր բարեկամ մը, որուն հետ Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին ի շահ շարք մը կեցուածքներ ունէի, այն կարծիքին եմ, որ մեր հայրենիքին շարունակուող իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքով դիմագրաւած վտանգները կը պահանջեն ըլլալ ազգային զօրակցութեան բարձրագոյն մակարդակին վրայ, որ մեր միասնականութիւնը կը պաշտպանէ եւ կ՛ամրացնէ, որովհետեւ անոր միջոցով է իսկական փրկութիւնը»:

Սլէյման Ֆրենժիէ

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ ըսաւ. «Խորհրդանիշը մեկնեցաւ եւ առասպելը ծնաւ: Դիմադրութիւնը կը շարունակուի»:

Համաս Շարժում

Պաղեստինեան Համաս շարժումը բուռն կերպով դատապարտեց սէյիտ Նասրալլայի ահաբեկումը` զայն նկատելով «ահաբեկչական երկչոտ արարք մը, ջարդ մը եւ նենգ ոճիր մը, որ անգամ մը եւս կը հաստատէ այս բռնագրաւումին արիւնարբութիւնն ու վայրագութիւնը», որ «անամօթ կերպով այլեւս կը սպառնայ միջազգային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան` միջազգային լռութեան, անկարողութեան ու ձեռնթափութեան լոյսին տակ»:

Շարժումը նշեց, որ այս շարժումն ու բռնագրաւումի բոլոր ոճիրներն ու ահաբեկումները Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ Դիմադրութիւնը միայն աւելի վճռական պիտի դարձնեն մինչեւ յաղթանակ շարունակելու իրենց պայքարը:

Ուալիտ Ժոմպլաթ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց. «Սէյիտ Հասան Նասրալլան ու անոր ընկերները միացան Պաղեստինի ճամբուն վրայ ինկած նահատակներու երկար փաղանգին: Ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Հըզպալլային եւ անոր համակիրներուն, ինչպէս նաեւ կ՛ողջունեմ անմեղ քաղաքայիններու հոգիները»:

Թալալ Արսլան

Լիբանանեան Ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Թալալ Արսլան. «Հեռացաւ սիրելին ու եղբայրը, արդի ժամանակաշրջանին մէջ Դիմադրութեան եւ դիմադրողներու խորհրդանիշը: Հեռացաւ իր ետին ձգելով հպարտութեան, արժանապատուութեան եւ Դիմադրութեան դպրոց մը: Այժմ տխրելու եւ լալու պահը չէ, այլ ոտքի կանգնելու եւ երթն ու տոկունութիւնը շարունակելու պահն է»:

Ամալ Շարժում

Ամալ շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ սէյիտ Նասրալլայի նման մեծ ու քաջարի հեղինակութեան մը կորուստը արգելք պիտի չըլլայ, որ դիմադրողները շարունակեն պաշտպանել իրաւունքն ու Լիբանանը ընդդէմ սիոնական ահաբեկչութեան եւ անոր յարձակողապաշտութեան, որ բարոյականութեան ու մարդկայնութեան բոլոր սահմանները անցաւ ու կանոնները շրջանցեց:

Հանրապետութեան Միւֆթի

Լիբանանի Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տրիան դատապարտեց սէյիտ Հասան Նասրալլայի ահաբեկումը` աւելցնելով. «Լիբանանը կ՛անցնի դժուար եւ նուրբ պայմաններէ, որոնք բոլոր լիբանանցիներէն իմաստութիւն, ողջախոհութիւն եւ միասնականութիւն կը պահանջեն, դիմակայելու համար սիոնական թշնամիին կողմէ անոնց սպառնացող վտանգները»:

«Լիբանանի բաղադրիչ մասերուն միջեւ գործակցութիւնն ու միասնականութիւնը կրօնական, ազգային, բարոյական եւ մարդասիրական պարտաւորութիւն է: Պէտք չէ սադրանքին մէջ ներքաշուինք եւ պէտք է մեր բոլոր քաղաքական ու կրօնական ուժերով դէմ դնենք պաշտպանելու համար մեր հայրենիքը անոր չարիք ցանկացողներէն:

«Իրենց գիւղերէն ու գիւղաքաղաքներէն տեղահանուածներուն կ՛ըսենք` համբերեցէ՛ք ու դիմացէ՛ք, կը զգանք ձեր տառապանքն ու ցաւերը, դուք մեր հարազատներուն մէջ էք, մեր սրտերուն ու խիղճերուն մէջ էք, եւ բոլորը ընդգրկող պետութենէն կը պահանջուի յաւելեալ ծառայութիւններ մատուցել` բաւարարելու համար ձեր կարիքները, եւ ապահովելու բոլոր կարելի միջոցները, մինչեւ ձեր բնակավայրեր վերադարձը»:

Տիւրզիներու Հոգեւոր Պետ

Տիւրզիներու հոգեւոր պետ շէյխ դոկտ. Սամի Ապի Մունա իր անունով եւ տիւրզիներու կրօնական խորհուրդին անունով սէյիտ Նասրալլայի նահատակութեան համար ցաւակցութիւն յայտնեց Հըզպալլայի ղեկավարութեան, համակիրներուն եւ ընդհանրապէս լիբանանցի ժողովուրդին:

Ան ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց նահատակներու ընտանիքներուն, վիրաւորներուն ու բոլոր քաղաքայիներուն, «որոնք զոհ գացին այս քստմնելի յարձակումին»:

Ան կոչ ուղղեց ըսելով. «Ներկայ չափազանց նուրբ ու դժուար փուլին ազգային միասնականութիւնը, ներքին զօրակցութիւնն ու եղբայրութեան ընդհանուր ոգին բարձր պէտք է պահել ընդդէմ յարձակումին»:

Տիւրզիներու հոգեւոր պետը մաղթեց, որ ողջախոհութեան եւ իմաստութեան ձայնը սադրանքի, սպանութեան ու քանդումի ձայներէն բարձր ըլլայ:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Օրուան Հրամայականը

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?