Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Մեզի Ինկածը Ըրինք, Այժմ Գնդակը Թշնամիին Դաշտն Է»

Սեպտեմբեր 28, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ախպար» օրաթերթը հաղորդեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, անդրադառնալով զինադադարի հաստատման հարցին, իր այցելուներուն յայտնած է. «Մեզի ինկածը ըրինք, այժմ գնդակը թշնամիին դաշտն է»:

Ան նշած է, որ Լիբանանի ներկայացուցած առաջարկը «հիմնուած է հիմնական սկզբունքի մը վրայ, որ Լիբանանի եւ Կազայի մէջ միաժամանակեայ զինադադարն է, եւ մեծ պետութիւնները անոր զօրակցութիւն յայտնեցին»:

Խորհրդարանի նախագահը «Լ՛Օրիան Լը Ժուր» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին շեշտեց. «Կառչած կը մնանք թէ՛ Կազայի եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման պահանջին: Չենք կրնար Կազան լքել»:

Պըրրի օրաթերթին ըսաւ. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն բոլորին կը ստէ, եւ (Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման ֆրանս-ամերիկեան) նախաձեռնութեան իր համաձայնութենէն ետդարձ կատարեց»:

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ իր կարգին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Կը վերահաստատենք պատերազմին մեր մերժումը, եւ կոչ կ՛ուղղենք` անմիջապէս գործադրելու զինադադարի ամերիկեան-եւրոպական առաջարկը»: Ան աւելցուց. «Կը վերահաստատենք մեր կառչածութիւնը թիւ 1701 որոշումի գործադրման անհրաժեշտութեան, որովհետեւ անիկա ոչ միայն Լիբանանի անվտանգութեան պէտք է, այլ նաեւ` Իսրայէլի անվտանգութեան»:

Նախորդը

Միլլըր. «Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Պիտի Նպաստէ Շրջանի Կայունութեան Եւ Բարեկեցութեան Աճին»

Յաջորդը

Ֆրանս-Ամերիկեան Առաջարկը Տակաւին Սեղանի Վրայ Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ռիատի Նոր Ուղղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ռիատի Նոր Ուղղութիւնը

Նոյեմբեր 8, 2025
Սէուտական Բարձրաստիճան  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հայաստան

Նոյեմբեր 8, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան  Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?