Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Պըրրի Ինծի Յայտնեց, Որ Զինադադար Հաստատուելէն Անմիջապէս Ետք Խորհրդարանը Պիտի Հրաւիրուի Համաձայնական Եւ Ոչ Թէ Մարտահրաւէր Կարդացող Նախագահ Ընտրելու»

Հոկտեմբեր 1, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրին այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Պըրրիի հետ «կարեւոր ժողով մը» գումարած է:

Ան ցաւակցութիւն յայտնած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութեան եւ բոլոր նահատակներուն համար, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահը դրած է Նիւ Եորքի մէջ իր դիւանագիտական աշխատանքներուն մթնոլորտին մէջ:

«Այս հանդիպումին ընթացքին վերահաստատեցինք Նիւ Եորքի մէջ մեր արտայայտած դիրքորոշումը, որ ամփոփ կերպով յանձնառութիւնն է Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Եւրոպական Միութեան, Ճափոնի, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի, Գերմանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի եւ Իտալիոյ կողմէ հրապարակուած կոչին: Բոլոր այդ պետութիւնները հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին, եւ մենք` իբրեւ կառավարութիւն, խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի հետ հաղորդակցելէ ետք, կը վերահաստատենք մեր խոստումը գործադրելու հաղորդագրութեան մէջ տեղ գտած իւրաքանչիւր կէտ, որոնց շարքին է անմիջապէս զինադադար հաստատելը` սկսելու համար թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութեան քննարկումին», ըսաւ վարչապետի պաշտօնակատարը:

«Մենք կ՛ողջունենք այն բոլոր կէտերը, որոնք տեղ գտան կոչին մէջ, եւ կը խոստանանք զայն անմիջապէս գործադրել: Այս է լիբանանեան պաշտօնական կեցուածքը, որ կոչի հրապարակումէն անմիջապէս ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեցի, եւ այսօր խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի հետ ժողովէս ետք, դարձեալ կը հաստատեմ այս կոչին վերաբերեալ մեր կեցուածքը», աւելցուց ան:

«Այս հարցը շատ կարեւոր է, եւ մենք պատրաստ ենք թիւ 1701 որոշումը գործադրելու, եւ անմիջապէս որ կրակոցը դադրեցուի, պատրաստ ենք բանակը ուղարկելու Լիթանի գետի հարաւը գտնուող շրջան, որպէսզի իր ամբողջական առաքելութիւնը կատարէ հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ համակարգաբար», ըսաւ Միքաթի:

Նշենք, որ Միքաթիի Այն Թինէ այցելութենէն կարճ ժամանակ ետք, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն իր կարգին այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ Պըրրիի հետ:

Միքաթի աւելցուց. «Նաեւ քննարկեցինք ներքին նիւթերը, մասնաւորաբար տեղահանուածներու նիւթը, որ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիին կը հետաքրքրէ: Ան նախանձախնդիր էր ապահովելու բոլոր պէտք եղածը: Անոր բացատրեցի կառավարութեան մօտ գոյութիւն ունեցող տուեալները, մասնաւորաբար այն աշխատանքները, զորս կը կատարէ հարաւային Լիբանանէն, Հարաւային արուարձաններէն, Պեքաայէն, Պաալպեքէն եւ բոլոր շրջաններէն այսքան մեծաթիւ ներքին տեղահանուածներու գոյութեան պայմաններուն մէջ:

«Մենք կարելի եղածին չափ կը փորձենք այդ բացերը գոցել, ինչպէս երէկ ըսի, անիկա դիւրին բան չէ, որովհետեւ կը սկսի պատսպարման վայրեր գտնելով, կենցաղային պայմաններու, սննդեղէնի եւ պատսպարման շէնքերուն մէջ առողջապահական եւ ապահովութեան բոլոր պայմանները գտնելով, եւ վաղը առտու առաւօտեան ժամը 7:00-ին նուիրատու երկիրներուն հետ պիտի գումարեմ ժողով մը` ի նպաստ Լիբանանի օգնութիւն խնդրելու համար:

«Մենք բոլոր նուիրատուութիւնները կ՛ընդունինք, զանոնք խնդրեցինք եւ այսօրուան ժողովի ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Պըրրին եւ ես յայտնեցինք, որ այս բոլոր օգնութիւնները ՄԱԿ-ի ճամբով պիտի գան, եւ ան է, որ զանոնք թափանցիկ կերպով պիտի ցրուէ, որովհետեւ կ՛ուզենք, որ այդ օժանդակութիւնները այս դժուար կացութեան մէջ կարիքաւոր լիբանանցիներուն հասնին»:

«Կառավարութիւնը իր դերը կը կատարէ, եթէ որեւէ որոշումի կարիք ըլլայ, ապա խորհրդարանի նախագահ Պըրրին զօրակցութիւն յայտնեց կառավարութեան` որդեգրելու համար յառաջանալիք բոլոր խոչընդոտները շրջանցելու յարմար որոշումը», յայտարարեց Միքաթի:

«Խօսեցանք նաեւ նախագահական հոլովոյթին եւ ամէնէն մօտիկ ժամանակին հանրապետութեան նախագահ ընտրելու կարեւորութեան մասին: Խորհրդարանի նախագահ Պըրրին հանդիպումի ընթացքին ինծի յայտնեց, որ զինադադարի հաստատումէն անմիջապէս ետք խորհրդարանը պիտի հրաւիրուի համաձայնական եւ ոչ թէ մարտահրաւէր կարդացող նախագահի մը ընտրութեան: Ասիկա այն դրական բաներէն է, որոնցմէ պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ օգտուինք` սահմանադրական կառոյցներու մէջքը շտկելու եւ ժողովի գումարումը ամբողջացնելու, հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրելու եւ նոր կառավարութիւն կազմելու համար», ըսաւ վարչապետի պաշտօնակատարը:

 

Նախորդը

Պարրօ. «Նախագահի Ընտրութեան Եւ Զինեալ Բախումներու Դադրեցման Առաջնահերթութիւնը Կը Շեշտենք»

Յաջորդը

Պայտըն Կոչ Կ՛ուղղէ Շրջանին Մէջ Համապարփակ Պատերազմէ Խուսափելու

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?