«Եօթներու խմբակ»-ի անդամ երկիրները իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Լիբանանի մէջ «անմիջական զինադադարի հաստատման»:
«Ժամանակն է դիւանագիտական լուծումի հասնելու», շեշտեցին անոնք:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ «Եօթներու խմբակ»-ը Հռոմի մօտ իր գումարած ժողովէն ետք հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտարարեց. «Մենք կը զօրակցինք Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ անմիջական զինադադարի հաստատման համար ընթացող բանակցութիւններուն»:


