Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Մայրաքաղաք Պէյրութի Եւ Անոր Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ Յարձակումներուն Թափ Տուաւ

November 27, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ իսրայէլեան օդուժը մայրաքաղաք Պէյրութի վրայ իրերայաջորդ յարձակումներ գործեց, ինչպէս նաեւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ գործեց յարձակումներ, որոնք պատերազմի սկիզբէն ի վեր ամէնէն բուռնն էին:

Իսրայէլեան օդուժը Պէյրութի մէջ յարձակում գործեց Ռաս Էլ Նապըհ, Համրա, Ռաս Պէյրութ, Մազրաա, Զոքաք Էլ Պլաթ եւ Քուէյթի դեսպանատան շրջանին մէջ Սուլթան Իպրահիմ վայրէջքին «Սենթրօ Մոլ»-ի մօտ:

Յարձակում մըն ալ տեղի ունեցաւ Պասթա Ֆաուքա շրջանին մօտ, ուր նախնական տուեալներով արձանագրուեցան 7 զոհեր, ներառեալ կին մը եւ երկու երեխաներ: Վիրաւորներուն թիւը 37 էր:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Պէյրութի Պարպուր շրջանին վրայ օդային յարձակումին պատճառով, նախնական տուեալներով, արձանագրուած են զոհ մը եւ 6 վիրաւորներ:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ամին Շըրրի Ռաս Էլ Նապըհէն «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Պէյրութի վրայ իսրայէլեան յարձակումը միայն քաղաքայիններու թիրախաւորման համար է: Իսրայէլ կ՛ուզէ վրէժ լուծել Դիմադրութեան բոլոր համակիրներէն»:

Ան նաեւ շեշտեց. «Պէյրութի վրայ յարձակումին ընթացքին Հըզպալլայէն ոեւէ անձնաւորութեան թիրախաւորում չկայ»:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը արդէն հաղորդած էր. «Յառաջիկայ ժամերուն Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ Հըզպալլայի ենթակառոյցին վրայ լայնածաւալ վերջնական օդային յարձակում տեղի պիտի ունենայ»:

Իսրայէլեան օդուժը նաեւ բուռն կերպով ռմբակոծեց Սուրը եւ Պաալպեքը:

Մինչ այդ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց եւ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի հաւանութիւն տուին հիւսիսային ճակատին վրայ յարձակողական գործողութիւններու շարունակման»:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց. «Յառաջիկայ ժամերուն Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ Հըզպալլայի ենթակառոյցին վրայ վերջնական լայնածաւալ օդային յարձակում կը նախատեսուի»:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը երէկ պնդեց. «Իսրայէլեան բանակի «Կոլանի» զօրամասէն ուժեր 10 քիլոմեթր խորութեան վրայ հասան Լիթանի գետի շրջան»:

Հըզպալլան իր կարգին հրթիռակոծեց Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը, ուր 5 հրթիռներու իյնալուն հետեւանքով իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին համաձայն շէնքեր վնասուեցան:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին. «Քիրիաթ Շմոնայի մէջ քանդումը անհաւատալի է, եւ միայն վնասուած դպրոցներու վերանորոգութիւնը 4 ամիս պիտի տեւէ»:

Հըզպալլա երէկ երեք անգամ հրթիռակոծեց Մանարա բնակեցման վայրը, եւ երկու անգամ` Աւիւիմ բնակեցման վայրը:

Հըզպալլա նաեւ առաջին անգամ ըլլալով հրթիռակոծեց Նահարիա քաղաքի հարաւը գտնուող հետեւակ ուժերու մարզման «Շուի Ցիոն» զօրանոցը:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Լիբանանէն արձակուած անօդաչու թռչող սարքեր երէկ առաւօտեան պայթած են Ժապալ Շէյխի մէջ իսրայէլեան բանակի զինուորական դիրքի մը վրայ, ուր կին զինուոր մը ծանրօրէն վիրաւորուած է:

Հըզպալլայի մարտիկները նաեւ Խիամ գիւղի կեդրոնին մօտ քանդեցին «Մերքաւա» տիպի զրահապատ հրասայլ մը:

Նախորդը

«Եօթներու Խմբակ»-ը Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանի Մէջ «Անմիջական Զինադադարի Հաստատման» Եւ «Դիւանագիտական Լուծման»

Յաջորդը

Իսրայէլեան Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Զինադադարի Համաձայնութեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.