Վարչապետի պաշտօնակատար Նաուաֆ Սալամ նշեց. «Մեկնաբանելով լրատուամիջոցներուն մէջ կառավարութեան կազմութեան շուրջ եւ անոր կազմութեան հաստատումին, անուններուն եւ աթոռներուն վերաբերեալ շրջանառուող լուրերը, պէտք է հաստատեմ, որ կը շարունակեմ խորհրդակցութիւններս` կազմելու համար կառավարութիւն մը, որ լիբանանցիներուն ձգտումներուն մակարդակին կ՛ըլլայ, եւ կ՛իրագործէ բարեկարգումի հրատապ կարիքը:
«Տակաւին կառչած կը մնամ արժեչափերուն ու սկզբունքներուն, որոնք նախապէս յայտարարեցի: Ինչպէս նաեւ կը վերահաստատեմ, որ բոլոր շրջանառուող լուրերը սխալ են, անոնց մէջ բազմաթիւ տարաձայնութիւններ ու ենթադրութիւններ կան, որոնց մէկ մասին նպատակը իրարանցում ստեղծելն էր», յայտնեց Սալամ:
«Վերջնական անուններ եւ ճշդուած աթոռներ չկան: Իսկ ինչ կը վերաբերի կառավարութեան կազմի յայտարարման, ապա շարունակ աշխատանք կը տանիմ զայն ամբողջացնելու», աւելցուց նշանակեալ վարչապետը:


