«Ընդհանրապէս, եթէ խօսինք հայ-ազրպէյճանական տագնապին մասին, որ ցաւօք, երկար տարիներ կարելի չեղաւ դադրեցնել, հակառակ տարբեր փորձերուն, եթէ ընդհանրապէս այս հոլովոյթի մասին խօսինք, ապա անիկա յանգեցուցած է հսկայական խնդիրներու, ներառեալ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ մարդասիրական վիթխարի խնդիրներու»: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` պատասխանելով Պաքուի մէջ Արցախի ղեկավարութեան շինծու դատավարութեան վերաբերեալ Ռուսիոյ պաշտօնական դիրքորոշման վերաբերեալ հարցին:
«Եւ այսպէս, եռակողմ հոլովոյթի ծիրին մէջ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները համաձայնութեան եկած են, ներառեալ մարդասիրական հարցերու լուծման անհրաժեշտութեան շուրջ: 31 հոկտեմբեր 2022-ի յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ, ուղղակի կերպով կը մէջբերեմ. «Կողմերը համաձայնած են լրացուցիչ ջանքեր գործադրել` ուղղուած մնացեալ խնդիրներու հրատապ լուծման, ներառեալ մարդասիրական խնդիրներու պլոքին»: Մէջբերման աւարտ:
«Մենք կը հաստատենք մեր հաւատարմութիւնը այս համաձայնագիրին: Մենք պատրաստ ենք անհրաժեշտ օգնութիւն ցուցաբերելու մեր ազրպէյճանցի եւ հայ գործընկերներուն գաղթականներու իրաւունքներու յարգման, մշակութային, պատմական եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման, զինուորական գործողութիւններու ընթացքին անհետ կորսուածներու որոնման եւ բոլոր ձերբակալուած անձերու փոխանակման եւ վերադարձին առումով: Վստահ եմ, որ ատիկա պիտի նպաստէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ վստահութեան եւ երկխօսութեան մթնոլորտի ձեւաւորման: Այո՛, ես կը հասկնամ, որ դուք, ինչպէս միշտ, եւ ինչպէս նախապէս, պիտի ուզէք, գիտէք, «Սեղմէ՛ կոճակը, ստացի՛ր արդիւնքը» ձեւաչափով պատասխան: Սակայն կան խնդիրներ, որոնք տասնամեակներու ընթացքին աւելի բարդացած են: Անոնք տասնամեակներ շարունակ չէին լուծուիր: Անոնք միայն աւելի կը բարդանային: Եւ այս հարցերը նոյն թուականէն են: Անոնք մէկ վայրկեանի մէջ չեն յառաջացած: Անոնք տասնամեակներ շարունակ ձեւաւորուող խնդիրներու մէկ մասն են: Ուստի ատիկա պէտք է լուծուի իմ նշած բաղադրատոմսով», յայտնած է Զախարովա:
Ան նշած է, որ Մոսկուան կը պաշտպանէ Պաքուի եւ Երեւանի ուղիղ երկխօսութիւնը եւ միշտ պատրաստ է ցուցաբերել անհրաժեշտ աջակցութիւն բոլոր հարցերուն մէջ` խաղաղութեան համաձայնագիրի մշակման, փոխադրամիջոցային ու տնտեսական կապերու ապաշրջափակման, սահմաններու սահմանազատում, սահմանագծում, քաղաքացիական հասարակութիւններու հաղորդակցութիւններու զարգացման, կայուն խաղաղութեան հաստատման նպատակով:
«Ինչ կը վերաբերի շրջանային համագործակցութեան «3+3» ձեւաչափին, ապա ատիկա հեռանկարային մեքանիզմ է: Վերջին` երրորդ հանդիպումին, որ տեղի ունեցած է Պոլսոյ մէջ` անցած տարուան 18 հոկտեմբերին, երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած են հետագայ գործողութիւններու ծրագիրի շուրջ, որ, համոզուած եմ, պիտի գործադրուի ընթացիկ 2025 թուականին», ըսած է Զախարովա եւ ընդգծած, որ վատ չէր ըլլար, եթէ կողմերը յարգալից վերաբերմունք ցուցաբերէին միջազգային օրէնքին եւ իրարու նկատմամբ:
Լրագրողի այն հարցումին, թէ Հայաստանն ու Ռուսիան Հայաստանի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան օրինագիծի հարցին մէջ ընդհանուր յայտարարի եկա՞ծ են, թէ՞ Ռուսիոյ դիրքորոշումը նոյնն է, ինչպէս բարձրաձայնած է փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը, թէ Մոսկուան այս օրինագիծը կը դիտարկէ իբրեւ ԵԱՏՄ-էն Հայաստանի դուրս գալու սկիզբ, Զախարովա պատասխանած է. «Գիտէք, հարցը այսպէս ձեւակերպած էք, «կերա՞ծ էք, թէ՞ համով է» օրինակով: Հարցի որոշ երկու մասեր, որոնք որեւէ ձեւով կապուած են մէկ թեզի հետ, կը հակադրուին: Եկէք նորէն:
«Այո՛, նախ եւ առաջ ես արդէն պատասխանեցի: Երկրորդը, քննարկած ենք այդ շարքին նաեւ բարդ հարցեր, կարծիքներ փոխանակած եւ արտայայտած մեր դիրքորոշումները:
«Ռուսիոյ փոխվարչապետի յայտարարած դիրքորոշումը հիմնուած է գիտութեան օրէնքներու վրայ` տնտեսագիտութիւն, իրաւագիտութիւն: Ահա թէ ինչի վրայ անիկա հիմնուած է: Իսկ պարոն Օվերչուքի տուած բացատրութիւնները քաղաքական յայտարարութիւններ չեն: Անոնք եղած են եւ կը մնան բացատրութիւնը այն ակնյայտ հետեւանքներուն, որոնք ակնյայտօրէն կը բխին որոշ քայլերէ: Այսինքն: Ան օրինաչափութիւնները կը բացատրէր, ոչ թէ քաղաքական կամ քաղաքականապէս կողմնակալ, քաղաքական եւ իրականութենէ կտրուած յայտարարութիւններ կ՛ընէր: Ի հարկէ ոչ: Այնպէս որ, ատիկա հարցի էութենէն անջատուած բան չէ: Ճիշդ այս ալ հարցի էութեան բացատրութիւնն էր: Նկատի ունիմ պարոն Օվերչուքի յայտարարութիւնը: Կը կարծեմ, որ անկարելի է նոյնիսկ այսպէս այս հարցը դնել»:
Այսքան յիմար, ոչինչ ըսող «տեսակէտ» միայն ռուս պոռնիկ մը կրնար դուրս տալ: