Մենք բազմիցս մեր հայ ընկերներուն յայտնած ենք, որ ո՛չ Ուաշինկթընը, ո՛չ Պրիւքսելը իրականութեան մէջ կը մտածեն իրենց գործընկերներու ճակատագիրին եւ շահերուն մասին: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Արեւմուտքի մէջ վարժ են զանոնք ընկալել բացառապէս գործնապաշտ ձեւով: Երեւանը չէր կրնար ուշադրութիւն չդարձնել անցեալ տարեվերջին Վրաստանի մէջ ծաւալած իրադարձութիւններուն: Հաւանաբար Հայաստանի մէջ լսած են նաեւ աղմկայարոյց շնական յայտարարութիւնները` եւրոպացիներու համար Երեւանը Մոսկուայէն «անջատելու» «նախագիծի ցած գինի» եւ հայ բնակչութեան «քանի մը ցուրտ ձմեռներու» պատրաստ ըլլալու խորհուրդներու մասին: Ներառեալ ամերիկեան «Սթրաթֆոր» վերլուծական կեդրոնի վերջին կանխատեսումը, կեդրոն մը, որ յայտնի է ամերիկեան հետախուզական գործակալութիւններու հետ սերտ կապերով: Այդ կանխատեսումը յստակօրէն կը նշէ, որ վարչակարզի փոփոխութենէն ետք Ուաշինկթընը, դժուար թէ ունենայ նոյն բուռն հետաքրքրութիւնը Հայաստանի նկատմամբ:
«Ռուսիան կը շարունակէ մնալ Հայաստանի հիմնական առեւտրական եւ ներդրումային գործընկերը: Տնտեսական համագործակցութեան երկկողմանի միջկառավարական յանձնախումբի հերթական նիստը անցաւ արդիւնաւէտ: Մենք բարձր գնահատած ենք ԵԱՏՄ-ի մարմիններուն մէջ Հայաստանի նախագահութեան արդիւնքները 2024 թուականին: Կասկածէ վեր է, որ Հայաստանի եւրասիական համարկման մասնակցութիւնը մեծապէս ապահոված է վերջին տարիներուն անոր համախառն ներքին արտադրութեան արագ աճը:
«Յոյսով ենք, որ յառաջիկայ տարուան մէջ կը յաջողինք զգալի յառաջընթաց արձանագրել շարք մը կարեւոր ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի մեծցնենք մշակութային, մարդասիրական եւ միջշրջանային փոխանակումներու ընթացքը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Լաւրով յայտարարած է. «Մոսկուան միշտ արժեւորած է եւ կը շարունակէ գնահատել Երեւանի հետ եղբայրական յարաբերութիւնները: Մենք Հայաստանը կը նկատենք մեր կարեւոր ռազմավարական գործընկերներէն եւ դաշնակիցներէն մէկը»:
«Մենք հաւատարիմ ենք երկկողմանի մակարդակով եւ ընդհանուր համարկման ընկերակցութիւններու ծիրին մէջ ձեւաւորուած առեւտրատնտեսական եւ ռազմաքաղաքական ոլորտներուն մէջ Հայաստանի հետ կնքուած համաձայնագիրներու ամբողջ ծիրին: Նոյն ժամանակ, Ռուսիան չունի թաքնուած օրակարգ կամ «նախագիծեր», որոնց իրականացումը վնասակար ազդեցութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի անվտանգութեան կամ տնտեսական բարեկեցութեան վրայ», ըսած է ան:
Լաւրով նշած է, որ, բայց եւ այնպէս, եւրասիական տնտեսական համարկումն ու անդամակցութիւնը Եւրոպական Միութեան անհամատեղելի են:
«Հաշուարկները տակաւին աւարտած չեն, սակայն արդէն կարելի է ըսել, որ 2024 թուականի ապրանքաշրջանառութիւնը բացարձակ մրցանիշ հաստատած է: Ի դէպ, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան ու Միացեալ Նահանգներու (որոնք կոչ կ՛ուղղեն Հայաստանին հրաժարելու ռուսական շուկայէ) միջեւ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալը շատ աւելի փոքր է եւ անկում կ՛ապրի:
«Ռուսիան կը շարունակէ մնալ Հայաստանի հիմնական առեւտրական եւ ներդրումային գործընկերը: Մենք բարձր կը գնահատենք ԵԱՏՄ-ի մարմիններուն մէջ Հայաստանի նախագահութեան արդիւնքները: Նոյն ատեն, մենք ստիպուած ենք անգամ մը եւս ընդգծելու` եւրասիական տնտեսական համարկումն ու Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը անհամատեղելի են:
«Յոյսով ենք, որ յառաջիկայ տարուան մէջ պիտի կարենանք զգալի յառաջընթաց արձանագրել շարք մը կարեւոր ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի բարձրացնենք մշակութային, մարդասիրական եւ միջշրջանային փոխանակումներու ընթացքը», նշած է ան:
«Ռուս-հայկական յարաբերութիւնները բարդ ժամանակաշրջան կ՛ապրին` կապուած Արեւմուտքի քայլերուն հետ, որոնք կը մեծցնեն Երեւանի վրայ ճնշումը եւ կը հրահրեն Մոսկուայի հետ կապերու քայքայումը», ըսած է Լաւրով:
«Ռուս-հայկական յարաբերութիւնները բարդ ժամանակաշրջան կ՛ապրին. ասիկա մեծ մասամբ Արեւմուտքի քայլերու հետեւանք է, որ անցեալ տարուան մէջ մեծցուց Հայաստանի վրայ ճնշումը, անոր դրդեց քանդել Ռուսիոյ հետ աւանդական կապերը եւ հայ ժողովուրդին պարտադրեց արժէքային խորթ ուղենիշեր: Ցաւօք, Հայաստանի Հանրապետութիւնը յաճախ բարեհաճ կ՛արձագանգէ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան չհիմնաւորուած խոստումներուն: Սակայն ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի անվտանգութեան հիմնաքարն է, եւ ԵԱՏՄ-ին անդամակցութիւնը անոր տնտեսական բարեկեցութեան բանալին է», ըսած է Լաւրով:


