Նախագահական Թեկնածու Նաամաթ Աֆրամ Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին թեկնածու, երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ տոքթ. Յակոբ Մելեքեան: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական ներկայ տարբեր զարգացումները, նախ եւ առաջ հանրապետութեան...




















