Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ «Ժամանակաւորապէս Լիբանանի Մէջ Կարեւոր 5 Կէտերու Մէջ» Պիտի Մնայ. Լիբանան Իսրայէլեան Ներկայութիւնը «Բռնագրաւում» Կը Նկատէ

Փետրուար 19, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան բանակը երկուշաբթի կէս գիշերէն ետք, Լիբանանի հետ իր կնքած զինադադարի համաձայնութեան հիմամբ հաստատուած, ապա երկարաձգուած ժամկէտին համաձայն սկսաւ հեռանալ հարաւային Լիբանանէն: Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Ժամկէտի աւարտով` իսրայէլեան բանակը կը հեռանայ հարաւային Լիբանանէն, բացի 5 կէտերէ»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտիոն Սահեր յայտարարեց. «Ժամանակաւորապէս Լիբանանի մէջ կարեւոր 5 կէտերու մէջ պիտի մնանք, եւ պիտի շարունակենք հեռանալ հակառակ համաձայնութեան ոտնահարման»:

«Եթէ Լիբանան համաձայնութիւնը յարգէ, ապա հինգ կէտերուն մէջ մնալու անհրաժեշտութիւնը չըլլար», նշեց Սահեր:

«Իրան ահաւոր ջանքեր կը թափէ գումարներու տրամադրման եւ մասամբ Թուրքիոյ հետ գործակցութեամբ Հըզպալլան ոտքի կանգնեցնելու», յայտարարեց իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն նախագահական պալատին մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ գումարեց արտակարգ ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ հարաւային սահմանին վրայ կացութիւնն ու իսրայէլեան խախտումներուն պատճառով արձանագրուած զարգացումները:

Անոնք «լիբանանեան պետութեան ազգային միացեալ դիրքորոշումը» յայտնեցին` շեշտելով «լիբանանեան բռնագրաւեալ հողերէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացման անհրաժեշտութիւնը` յարգելով միջազգային ուխտերն ու օրինականութիւնը եւ ՄԱԿ-ի որոշումները` նախ եւ առաջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը»:

Լիբանանեան պետութեան երեք առաջին դէմքերը վերահաստատեցին Լիբանանի ամբողջական յանձնառութիւնը թիւ 1701 որոշումին «առանց բացառութեան բոլոր կէտերուն», մինչ Իսրայէլ կը շարունակէ իր իրերայաջորդ խախտումները:

Աուն, Պըրրի եւ Սալամ նշեցին, որ 26 նոյեմբեր 2024-ին զինադադարի համաձայնութեան յայտարարման երեկոյին Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներուն հրապարակած միացեալ հաղորդագրութիւնը բառացիօրէն նշած էր. «Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան Իսրայէլի եւ Լիբանանի հետ պիտի աշխատին երաշխաւորելու համար այս դասաւորումը եւ զայն ամբողջական կերպով գործադրելը»:

Անոնք նշեցին, որ իսրայէլեան խախտումներու շարունակման լոյսին տակ Լիբանան պիտի դիմէ թիւ 1701 որոշումը որդեգրած Ապահովութեան խորհուրդին` պահանջելով իսրայէլեան խախտումներու հարցը լուծելու համար պէտք եղած քայլերը որդեգրել, Լիբանան իր հողերու որեւէ թիզի վրայ իսրայէլեան ներկայութիւնը կը նկատէ բռնագրաւում` «միջազգային օրէնքին համաձայն` անկէ բխող բոլոր իրաւական հետեւանքներով», զինադադարի համաձայնութեան մէջ նշուած «Լիբանանի յատուկ զինուորական թեքնիք յանձնախումբ»-ի եւ «եռակողմ մեքանիզմ»-ի ճամբով աշխատանքը շարունակել եւ պահանջել, որ յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ գործադրուի, ինչպէս նաեւ միջազգային հսկողութեան յանձնախումբին ու Միջազգային կարմիր խաչի կոմիտէին հետ բանակցութիւնները շարունակել` ազատագրմանը համար Իսրայէլի մօտ պահուող լիբանանցի գերիներու ազատութիւնը ապահովելու համար:

Ժողովի մասնակիցները շեշտեցին, որ «լիբանանեան պետութիւնը ամբողջովին կառչած կը մնայ իր ազգային իրաւունքներուն եւ իր բոլոր հողերուն վրայ գերիշխանութեան` ընդգծելով իսրայէլեան թշնամիի հեռացման համար Լիբանանի բոլոր միջոցները որդեգրելու իրաւունքը»:

ՄԱԿ-ը իր կարգին յայտնեց, որ Լիբանանէն իսրայէլեան բանակի հեռացման «որեւէ ուշացում» թիւ 1701 որոշումի ոտնահարում է:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճենին Հենիս Պլասխարթ եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարօ միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին. «Այսօր կը զուգադիպի իսրայէլեան բանակի Կապոյտ գիծէն հարաւ հեռանալու եւ լիբանանեան զինեալ ուժերու անոր զուգահեռ հարաւային Լիբանանի մէջ դիրքերու վրայ տեղակայման համար ճշդուած ժամկէտի աւարտին»:

Անոնք զգուշացուցին. «Այս հոլովոյթին որեւէ այլ ուշացում կը հակասէ այն բանին, որ կը յուսայինք, որ տեղի չ՛ունենար, մանաւանդ որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի շարունակական խախտում կը ներկայացնէ»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց իր կարգին յայտնեց. «Այսօրուընէ սկսեալ (իսրայէլեան բանակը) պիտի մնայ Լիբանանի մէջ արգելակիչ շրջանի մը մէջ հսկողութեան հինգ կէտերով եւ պիտի շարունակէ ուժեղ ու առանց որեւէ վարանումի գործել Հըզպալլայի կողմէ (զինադադարի) որեւէ խախտումի դէմ»:

Քաց նշեց, որ լիբանանեան հողերուն մէջ մնալու որոշումը տրուած է «քաղաքական ղեկավարութեան որոշումին հիմամբ… երաշխաւորելու համար իսրայէլեան բոլոր հասարակութիւնները, եւ Լիբանանէն որեւէ սպառնալիք զսպելու համար»:

«Հըզպալլան պէտք է ամբողջովին հեռանայ դէպի Լիթանի գետի հիւսիսը գտնուող շրջան, եւ լիբանանեան բանակը պէտք է զայն զինաթափէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ճշդուած մեքանիզմի հսկողութեան տակ», աւելցուց ան:

 

 

 

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Աշխատանքային Ծրագիրը, Որուն Խորհրդարանի Կողմէ Քննարկումը Տեղի Պիտի Ունենայ 25 Եւ 26 Փետրուարին

Յաջորդը

Ակնարկ. Պայմաններ Եւ Փոխկապակցուած Գործընթացներ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?