Ուրբաթ, 14 փետրուար 2025-ի յետմիջօրէի ժամը 12:00-էն սկսեալ, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 20-ամեակի ոգեկոչման հանրահաւաքը: Լիբանանի բոլոր շրջաններէն հաւաքին մասնակցեցան բազմահազար լիբանանցիներ եւ Մուսթաքպալ հոսանքի անդամներ ու համակիրներ: Հաւաքին օրուան պատգամը ուղղելէ առաջ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, իր հօրեղբօր եւ հօրաքրոջ ընկերակցութեամբ այցելեց նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի մէջ գտնուող դամբարանը` աղօթելու անոր հոգիի հանգստութեան համար:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի բազմահազար լիբանանցիներուն ուղղուած ճառին հիմնական միտքը կը կայանար այն հանգամանքին մէջ, որ ան շուրջ երեք տարի տեւած` իր եւ Մուսթաքպալ հոսանքի քաղաքական գործունէութիւնը կասեցնելու որոշումը յետս կոչեց եւ յայտարարեց Մուսթաքպալ հոսանքի վերադարձը քաղաքական կեանք: Ան հաւաքին ներկաներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ. «20 տարի առաջ դուք վտարեցիք Պաշշար Ասատի վարչակարգը Լիբանանէն, իսկ այսօր Սուրիոյ հերոսական ժողովուրդը այդ վարչակարգը վռնտեց երկրէն: Ասիկա առիթ մըն է, որ մեր զօրակցութիւնը յայտարարենք սուրիացիներու կամքին եւ Սուրիոյ կայունութեան, վերաշինութեան եւ երկու երկիրներուն միջեւ հաւասարէ հաւասար լաւագոյն յարաբերութիւններու հաստատման` յարգելով իւրաքանչիւր երկրի ամբողջական գերիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը, ինչպէս որ շարունակ յայտարարեց սուրիական նոր ղեկավարութիւնը»:
Հարիրի նկատել տուաւ, որ «այս քսան տարիներուն ընթացքին մեր երկիրը անցաւ մեծ տագնապներէ, բազմաթիւ տագնապներ յոգնասպառ ըրին լիբանանցիները, եւ մենք ալ օր մը օրանց չուրացանք, որ պատասխանատուութեան բաժին մը ունէինք: Մեր պատասխանատուութեան բեռը կրեցինք ամենայն քաջութեամբ, մեր հրաժարականը ներկայացուցինք եւ կասեցուցինք մեր քաղաքական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ առիթ տուինք աւելի քան երեք տարի, բայց տագնապները եւ մարտահրաւէրները մնացին ու բազմացան»:
Հարիրի ընդգծեց, որ տագնապները բազմացան, եւ անոնց վերջինն ու ամէնէն վտանգաւորը իսրայէլեան խենթ եւ ոճրային պատերազմն էր, որ թիրախ դարձուց Լիբանանը եւ սպաննեց լիբանանցիները, քանդեց անոնց տուները, հաստատութիւնները, ցանքերը եւ ընկերութիւնը: «Ինչպէս կը խոնարհիմ հարաւային Լիբանանի, Պեքայի, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու եւ բոլոր շրջաններու բոլոր նահատակներուն առջեւ, նոյնպէս ալ գլուխս բարձր կը մնայ ի տես պատերազմի ընթացքին ձեր արտայայտած զօրակցութեան, երբ ձեր տուները բացիք տեղահանուածներուն դիմաց եւ ընդունեցիք զանոնք, եւ գործով ու ոչ թէ խօսքով ըսիք. «Լիբանանը մէկ է, եւ լիբանանցիք մէկ մարմին են»:
«Մեր բոլորիս պատասխանատուութիւնը չեղաւ թշնամին դիմակայել, սակայն մեր բոլորիս պատասխանատուութիւնն է լիբանանեան միասնական հիւսուածքը վերանորոգել, վերակառուցել քանդուած շրջանները, վերականգնել երկրագործութիւնը, ճարտարարուեստը եւ զբօսաշրջութիւնը, ինչպէս նաեւ երաշխաւորել, որ հաստատութիւնները լիբանանցիներուն աշխատանք եւ արժանապատիւ կեանք ապահովեն», ըսաւ Սաատ Հարիրի` շեշտելով, որ սա բոլորին պատասխանատուութիւնն է, ինչպէս որ բոլորին պատասխանատուութիւնն է լուծել տնտեսական տագնապը, բարգաւաճում ապահովել բոլոր շրջաններուն, սկսելով Աքքարէն մինչեւ Թրիփոլի եւ Սայտա, մինչեւ հարաւային Լիբանանի վերջին գիւղը, մինչեւ Պէյրութ, Լեռնալիբանան եւ Պեքա, մինչեւ Արսալի լեռնային վերջին շրջանը:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ընդգծեց, որ այսօր Լիբանանին ոսկեայ առիթ մը ընձեռուած է, երկիրը հանրապետութեան նախագահ եւ նոր կառավարութիւն ունի, ինչպէս նաեւ ունի նոր յոյս, որուն արտայայտիչները դարձան նախագահ Ժոզեֆ Աուն իր երդման ճառին ընդմէջէն եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր առաջին յայտարարութեան ընթացքին: «Յոյսով ենք, որ խոստումները իրականանան: Մեր առջեւ առիթ կայ, եւ մեր որոշումն է զօրակցիլ այս առիթին», ըսաւ Հարիրի:
Սաատ Հարիրի իր խօսքը հարաւային Լիբանանի, Պեքայի եւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու բնակիչներուն ուղղելով ըսաւ. «Դուք գործընկերներ էք այս առիթը օգտագործելու երթին մէջ, եւ առանց ձեզի ոչինչ կրնայ իրականանալ: Սակայն պէտք է ջնջէք անցեալէն մնացած որեւէ տպաւորութիւն, որ դուք խանգարումի, բռնութիւն բանեցնելու եւ զէնքի ուժ էք: Դուք արաբ եղբայրներուն հետ յարաբերութեանց կամուրջները բանալու գործընկերներն էք, գործընկերները` վերակառուցման, եւ ամէնէն կարեւորը` դուք զօրաւոր գործընկերներն էք հեղինակութիւնը վերադարձնելու պետութեան, որ միակն է, իր բանակով, ապահովական ուժերով եւ հաստատութիւններով, որ կը պաշտպանէ բոլոր լիբանանցիները»:
«Այսօր մեր մեծ նահատակին օրն է, օրն է նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ իր բոլոր նահատակ ընկերներու սպանութեան 20-ամեակի ոգեկոչման, օրն է ձեզի ըսելու, որ ինչպէս անցնող 20 տարիներուն իմ կողքիս կանգնած էիք եւ չլքեցիք զիս, ես ալ իմ կարգիս կանգնած եմ ձեր կողքին եւ պիտի չլքեմ ձեզ», նշեց ան` աւելցնելով. «Մենք կը զօրակցինք իշխանութեան, կառավարութեան եւ բոլոր ճիգերուն, որոնք կը թափուին կերտելու բնական պետութիւն եւ բնական յարաբերութիւններ արաբական ընտանիքին եւ միջազգային ընկերութեան հետ` վերստանձնելու համար Լիբանանի դերակատարութիւնը շրջանին եւ աշխարհի մէջ: Մենք պետութեան եւ ազգային բանակին հետ ենք, եւ այն բոլոր ջանքերուն հետ, որոնք ի գործ կը դրուին իրագործելու զինադադարի համաձայնութիւնը եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը իր ամբողջութեամբ, այսինքն` իսրայէլեան բռնագրաւումին հեռացումը այն բոլոր գիւղերէն, որոնց մէջ կը գտնուի ան տակաւին»:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտարարելով իր եւ Մուսթաքպալ հոսանքի վերադարձը լիբանանեան քաղաքական կեանք եզրափակեց. «Մուսթաքպալ հոսանքը այստեղ է եւ ձեր կողքին պիտի մնայ, պիտի ըլլայ ձեր ձայնը ազգային բոլոր իրադարձութիւններուն եւ յառաջիկայ բոլոր հանգրուաններուն մէջ, եւ ես ալ պիտի ըլլամ ձեր կողքին, պիտի շարունակեմ մնալ ձեզի հետ, որպէսզի միասնաբար շարունակենք Ռաֆիք Հարիրիի կտակին իրագործումը, միասնաբար շարունակենք չափաւորականութեան, համակեցութեան եւ «Նախ Լիբանան»-ի երթը»: