Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեառնընդառաջի Նախատօնակը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

February 14, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, հինգշաբթի, 13 փետրուար 2025-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ նշուեցաւ մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնի` Տեառնընդառաջի նախատօնակը:

Արարողութեան ընթացքին իր հայրապետական պատգամը հաւատացեալներուն ուղղեց վեհափառ հայրապետը: Պատգամելով օրուան խորհուրդին մասին` ան դիտել տուաւ, որ Քրիստոսի անձին ու կեանքին մէջ աշխարհը ողջունեց Աստուծոյ ու մարդուն միացեալ ներկայութիւնը: Աւելի՛ն, Քրիստոս յարգեց ու հաւատարմօրէն կատարեց այն աւանդութիւնները, որոնք եբրայական կրօնին մաս կը կազմէին. այդ աւանդութիւններէն մէկը մանուկին տաճար ընծայման աւանդութիւնն էր: Վեհափառ հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ Քրիստոսի ծնողքին իր զաւակը Աստուծոյ ընծայելու արարքը եւ ըսաւ, որ այս տօնին նշման ճամբով մեր եկեղեցին կը յիշեցնէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ մեր մանուկները, Քրիստոսի օրինակին նման, պէտք է ընծայուին Աստուծոյ, յանձնուին Աստուծոյ հոգատարութեան ու պաշտպանութեան, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ զաւակներ են եւ կոչուած են Աստուծոյ շնորհքով ու իմաստութեամբ ապրելու:

Անդրադառնալով ներկայ տարին «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի» հռչակումին` Արամ Ա. կաթողիկոս անգամ մը եւս շեշտեց աւանդութիւններուն կարեւորութիւնը` եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ: Պատահական կերպով մեր եկեղեցին եւ ժողովուրդը աւանդութիւններ չեն հաստատած իրենց կեանքին մէջ: Իւրաքանչիւր աւանդութիւն պատգամ մը ունի ուղղուած բոլորիս: Ազգեր ու ժողովուրդներ աւանդութեամբ կ՛ապրին ու կը գոյատեւեն: Իրենց աւանդութիւնը կ՛ապրեցնեն իրենց կեանքին մէջ: Այդ աւանդութիւնները ժողովուրդին ինքնութիւն կու տան, ժողովուրդին միասնակամութիւնը ու ամբողջականութիւնը կ՛երաշխաւորեն: Մեր եկեղեցին ունի այնքան գեղեցիկ աւանդութիւններ, որոնք կոչուած են մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ներկայութիւն դառնալու, ընդգծեց վեհափառ հայրապետը:

Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ հայ ընտանիքին, յատկապէս հայ մօր, հայ եկեղեցւոյ եւ հայ դպրոցին կենսական դերը աւանդութիւններու վերակենսաւորման եւ, հետեւաբար, քրիստոնեայ ճշմարիտ հայու կերտման առաքելութեան մէջ: «Ահաւասիկ երեք դաստիարակներ մեզի համար, որոնք կոչուած են մեր մանուկներու կեանքին մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը, մեր ազգին ու եկեղեցւոյ հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքները արծարծ պահելու: Ահաւասիկ այս տօնէն եկող պատգամը եւ յիշեցումը մեր ժողովուրդի զաւակներուն» ըսելով` վեհափառ հայրապետը եզրափակեց իր պատգամը:

Հայրապետական պատգամէն անմիջապէս ետք, մայր տաճարի լուսարարապետ Օշին վրդ. Չուալերթանեան սուրբ խորանէն Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող ճրագը բերաւ վեհափառ հայրապետին: Իր կարգին, վեհափառը Քրիստոսի լոյսը բաշխեց հաւատացեալներուն:

Ապա, մանուկները տաճար ընծայելու արարողութենէն ետք, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ մայրավանքի շրջափակ, ուր վեհափառ հայրապետը Ս. Սեղանէն բերուած ճրագով վառեց Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը, իսկ դպրեվանեցիներն ու ժողովուրդը միասնաբար երգեցին հոգեւոր ու ազգային երգեր:

Նախորդը

«Կը Շարունակենք Ազդեցիկ Պետութիւններու Հետ Հաղորդակցութիւնները` Իսրայէլին 18 Փետրուարին Հեռանալ Ստիպելու Համար» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.