Իրանեան քաղաքային օդանաւի մը Պէյրութի միջազգային օդակայան էջքը արգիլելու լոյսին տակ հինգշաբթի երեկոյեան սկսած ժողովրդային բողոքի շարժումները շարունակուեցան ուրբաթ, 14 եւ շաբաթ, 15 փետրուար 2025-ին: Ուրբաթ օր աւելի կանուխ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակը յայտարարած էր, որ նախարարութիւնը մօտէն կը հետեւի իրանեան օդանաւի եւ Լիբանան վերադառնալ փափաքող լիբանանցիներու թղթածրարին` նշելով միաժամանակ, որ նախարար Ֆայեզ Ռասամնի ուղղակիօրէն կը հետապնդէ այս թղթածրարը` կատարեալ համագործակցութեամբ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութեան եւ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան հետ` երաշխաւորելու համար Թեհրանէն լիբանանցիներու արագ եւ արժանապատիւ վերադարձը Լիբանան: Գրասենեակը նշեց, որ փափաքողները կրնան վերադառնալ օգտագործելով մօտակայ որեւէ երկիր ըստ ընձեռուած կարելիութիւններուն` առանց որեւէ յաւելեալ ծախսի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայէլ Պաքայի ակնարկութիւն կատարեց լիբանանցի ճամբորդներ կրող իրանեան քաղաքային օդանաւին դէմ ուղղուած իսրայէլեան սպառնալիքին, որ պատճառ դարձաւ դէպի Պէյրութի միջազգային օդակայան իրանեան թռիչքներու ջնջումին: «Բռնագրաւող գոյացութեան ուղղած այս սպառնալիքը շարունակութիւնն է այն հետեւողական եւ աղաղակող ոտնձգութիւններուն, որոնք կը կատարուին միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն ու կանոններուն եւ լիբանանեան ազգային գերիշխանութեան դէմ», նշեց Պաքայի` կոչ ուղղելով միջազգային համապատասխան կազմակերպութիւններուն, ներառեալ Միջազգային քաղաքային օդանաւորդութեան կազմակերպութիւնը, լրջօրէն շարժելու, վերջ տալու համար Իսրայէլի վտանգաւոր վարքին, որ կրնայ վտանգ սպառնալ քաղաքային թռիչքներու ապահովութեան:
Ուրբաթ օր բողոքի շարժումները սկսան Շուէյֆաթի շրջանէն, ուր ցուցարարներ միջազգային մայրուղին երկու ուղղութեամբ փակեցին հրկիզուող անիւներով: Շուտով ցուցարարները փակեցին նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանի հին ճամբան: Այս միջոցին ընկերային ցանցերու մէջ տարածուեցան լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր, թէ ինչպէ՛ս օդակայանի ճամբուն վրայ, Քոքոտի շրջանին մօտ խումբ մը ցուցարարներ կը յարձակին հարաւային Լիբանանի մէջ գործող ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու մէջ շքախումբին վրայ եւ կը հրկիզեն այդ ուժերուն պատկանող ճիփ ինքնաշարժ մը: «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ յարձակումը կատարուած է ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան փոխնախագահ Հերֆի Կիքոքը փոխադրող ճիփին վրայ: Իր կարգին, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ դիմակաւոր անձերու կողմէ կասկածելի շարժումներ կազմակերպելու վերաբերեալ տեղեկութիւններ կան: Այս անձերուն նպատակն է քաոս ստեղծել Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբուն վրայ: «Մանար» կոչ ուղղեց չմասնակցելու այսպիսի կասկածելի շարժումներու: «Ախպար» օրաթերթը իր կարգին տեղեկացուց, որ յարձակումին հետեւանքով վիրաւորուած է ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու բարձրաստիճան ղեկավար սպայ մը: Դէպքին ընթացքին ցուցարար երիտասարդները նաեւ խոշտանգած են ինքնաշարժին մէջ գտնուող ուրիշ խաղաղապահ զինուորներ: Հաղորդուեցաւ, որ լիբանանեան բանակէն ուժ մը միջամտեց հետապնդելու համար յանցագործները:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ կարգ մը շրջաններ եւ մասնաւորաբար Պէյրութի միջազգային օդակայանի շրջակայքը կը վկայեն բողոքի շարժումներու, որոնց ընթացքին տեղի կ՛ունենան նաեւ ոտնձգութիւններ եւ բռնարարքներ, որոնցմէ անմասն չեն մնար նաեւ լիբանանեան բանակի զինուորները եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը: Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը զգուշացուց քաղաքացիները այսպիսի շարժումներու շարունակութենէն, որ կրնայ երկրին անցած ներկայ զգայուն փուլին յանգեցնել անբաղձալի ներքին իրարանցումներու: Հրամանատարութիւնը աւելցուց, որ բանակի միաւորները կը շարունակեն ապահովութեան պահպանման իրենց պարտականութիւնները իրագործել, բանակը ամենայն վճռականութեամբ պիտի արգիլէ որեւէ ոտնձգութիւն քաղաքային անվտանգութեան նկատմամբ եւ պիտի հետապնդէ ապահովութիւնը խախտողները: Ուրբաթ երեկոյեան «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ բանակը կրցած է իր վերահսկողութեան տակ առնել իրավիճակը եւ բանալ Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան, հակառակ զայն վերստին փակելու փորձերուն: Աւելի ուշ ցուցարարները փորձեցին փակել նաեւ Կեդրոնական Պէյրութի Սալիմ Սլամ ճամբան եւ Ռինկի կամուրջը:
«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսար հեռաձայնած է ընդհանուր դատախազ Ժամալ Հաժժարին եւ անկէ պահանջած շարժիլ` քննութիւն բանալու օդակայանի ճամբու իրադարձութիւններուն շուրջ եւ այդ գծով օրինական համապատասխան միջոցառումները որդեգրելու: Ընդհանուր դատախազ Հաժժար աւելի ուշ հեռաձայնած է նախարար Նասսարին` ապահովական համապատասխան կողմերուն իր ցուցմունքները տալէ ետք:
Ամալ շարժումի ղեկավարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի վրայ յարձակումը հարաւային Լիբանանի վրայ յարձակում է, իսկ որեւէ շրջանի մէջ ճամբաներու փակումը քաղաքացիական ապահովութեան դաշունահարում է: Շարժումը լիբանանեան բանակին եւ ապահովական ուժերուն կոչ ուղղեց հետապնդելու յանցագործները եւ երկաթեայ բռունցքով հարուածելու երկրին ապահովութեան դէմ ոտնձգութիւն կատարողները:
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Ժանին Հենիս Փլասխարթի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոյի հետ: Ան խստիւ դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի անդամներուն եւ մեքենաներուն վրայ կատարուած ոճրային յարձակումը: Սալամ յայտնեց, թէ Լիբանան կը գնահատէ միջազգային ուժերուն ունեցած դերակատարութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ: Ան նաեւ շեշտեց, որ ներքին գործոց նախարարէն պահանջած է արագ միջոցառումներու դիմել ճշդելու համար յանցագործներուն ինքնութիւնը` զանոնք ձերբակալելու եւ դատական համապատասխան ատեանին յանձնելու համար:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց նաեւ այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ բանակի հրամանատարի պաշտօնակատար հազարապետ-զօրավար Հասսան Աուտէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոյի հետ եւ անոր յայտնած, որ բանակը կը մերժէ որեւէ ոտնձգութիւն ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ եւ պիտի աշխատի ձերբակալել եւ արդարադատութեան յանձնել այն քաղաքացիները, որոնք յարձակում գործեցին միջազգային ուժերուն վրայ:
ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը յատուկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաստատեցին այդ ուժերու պաշտօնավարութեան ժամկէտը աւարտած փոխհրամանատարին վիրաւորուիլը յարձակման ընթացքին: Հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս նշուեցաւ. «Ցնցուեցանք այս ահաւոր յարձակումէն, որ կատարուեցաւ խաղաղապահ ուժերուն վրայ, որոնք կ՛աշխատին դժուարին ժամանակաշրջանի մը ընթացքին հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովութիւնը եւ կայունութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ: Խաղաղապահ ուժերուն վրայ յարձակումները միջազգային օրէնքին դէմ աղաղակող ոտնձգութիւններ են եւ կրնան հասնիլ պատերազմի ոճիրներու մակարդակին: Լիբանանեան իշխանութիւններէն կը պահանջենք արագ եւ ամբողջական հետաքննութիւն կատարել եւ բոլոր յանցագործները արդարադատութեան յանձնել»:
Ուրբաթ կէս գիշերուան մօտ լիբանանեան բանակի զօրամասերը լայնածաւալ տարածում իրագործեցին Պէյրութի զանազան շրջաններուն մէջ` բանակի յատուկ ջոկատայիններուն օժանդակութեամբ: Պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոյի հետ: Ան դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու շարասիւնի մը յարձակումի ենթարկուիլը: Մնասսա հաստատեց, որ աշխատանք կը տարուի ձերբակալելու յարձակողները եւ զանոնք յանձնելու արդարադատութեան: Ան գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Ժանին Հենիս Փլասխարթ յայտարարեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը թիրախաւորած յարձակումը կտրականապէս մերժելի է: Այսպիսի բիրտ յարձակում մը կը վտանգէ ապահովութիւնը ՄԱԿ-ի պաշտօնեաներուն, որոնք հետեւողական ջանքեր ի գործ կը դնեն ի խնդիր Լիբանանի մէջ ապահովութեան պահպանման եւ յաճախ մեծ վտանգներու ենթակայ կ՛ըլլան իրենց պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին: Փլասխարթ շեշտեց անհրաժեշտութիւնը արագ, ամբողջական եւ թափանցիկ հետաքննութիւն մը կատարելու` երաշխաւորելու համար այս յարձակումի պատասխանատուներուն հաշուետուութեան ենթարկուիլը:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար շաբաթ օր Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդը հրաւիրեց արտակարգ ժողովի մը` քննարկելու համար ապահովական վերջին իրադարձութիւնները: Նախարար Հաժժար հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի ցուցմունքներուն հիմամբ այցելեց Յունական հիւանդանոցին մէջ ապաքինող ՖԻՆԻՒԼ-ի երկու վիրաւորուած սպաներուն` ընդգծելով լիբանանեան կառավարութեան մերժումը այս յարձակումին, որ ոճիր կը նկատուի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դէմ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց «Հըզպալլայի համակիրներու կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ կատարուած վայրագ յարձակում»-ը, որ պատճառ հանդիսացաւ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու անդամներու վիրաւորուելուն: Նախարարութիւնը դրուատեց լիբանանեան բանակի արագ ընդառաջումը արգիլելու յաւելեալ բռնութիւնը, ինչպէս նաեւ գնահատեց լիբանանեան կառավարութեան յանձնառութիւնը որդեգրելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցառումները` հաշուետուութեան կանչելու յանցագործ անհատները:
Շաբաթ օր հանրապետութեան նախագահութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ նախագահ Ժոզեֆ Աուն հետեւեցաւ այն իրադարձութիւններուն, որոնք առնչուած են ճամբաները փակելու, անիւներ հրկիզելու եւ անկարգութեան արարքներ կատարելու հետ: Հանրապետութեան նախագահը իր ցուցմունքները տուաւ լիբանանեան բանակին եւ ապահովական ուժերուն այս արարքները արգիլելու, ճամբաները բանալու եւ անոնցմէ խոչընդոտները վերցնելու: Ան նաեւ շեշտեց ապահովութիւնը խախտողները հետապնդելու եւ ձերբակալելու անհրաժեշտութիւնը: Նախագահ Աուն դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու փոխհրամանատարի շարասիւնին վրայ կատարուած յարձակումը, առողջութիւն մաղթեց անոր` վիրաւորուելէն ետք, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ յանցագործները պիտի ստանան իրենց արժանի պատիժը: «Ինչ որ տեղի ունեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբուն վրայ եւ Պէյրութի կարգ մը շրջաններուն մէջ մերժելի եւ դատապարտելի արարքներ են, կարելի չէ արտօնել անոնց կրկնութիւնը: Ինչպէս նաեւ ապահովական ուժերը թոյլատու պիտի չըլլան որեւէ կողմի նկատմամբ, որ կը փորձէ խարխլել երկրին կայունութիւնը եւ քաղաքացիական ապահովութիւնը», նշեց նախագահ Ժոզեֆ Աուն` աւելցնելով, որ որեւէ կարծիք պէտք է խաղաղօրէն դրսեւորուի: Հանրապետութեան նախագահը յայտարարեց, որ ապահովական ուժերը իրենց պարտականութիւնը պիտի կատարեն պահպանելու ապահովութիւնը, եթէ հակազդեցութիւնները անցնին արտօնելիի սահմանը, մանաւանդ եթէ անոնք սպառնալիք հանդիսանան քաղաքացիներու ապահովութեան:
Շաբաթ օր գումարուած Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդի արտակարգ ժողովէն ետք ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար յայտարարեց, որ ժողովի ընթացքին քննարկուած են նախորդ օրերուն ընթացքին պատահած դէպքերը` ճամբաներու փակումը, անձնական եւ հանրային սեփականութիւններուն նկատմամբ կատարուած ոտնձգութիւնները եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն վրայ կատարուած անընդունելի յարձակումը, որ քրէօրէն պատժելի ոճիր մըն է: Հաժժար յստակացուց, որ ապահովական կառոյցներէն տեղեկացած է Պէյրութի մէջ կատարուած անկարգութիւններու դրդապատճառներուն եւ որդեգրուած միջոցառումներուն մասին: Ան հաստատեց, որ յանցագործներու հետապնդումը պիտի կատարուի ամենայն լրջութեամբ, եւ անոնք բերման պիտի ենթարկուին: Մինչեւ հիմա բանակի գաղտնի սպասարկութիւններուն մօտ կայ 25 կալանաւորեալ, իսկ ներքին ապահովութեան ուժերու Տեղեկահաւաքի բաժանմունքին մէջ` մէկ կալանաւորեալ:
Հըզպալլա շաբաթ օր Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբուն վրայ հրաւիրեց ժողովրդային մեծ նստացոյցի մը` դատապարտելու համար «իսրայէլեան միջամտութիւնները, պահանջներու պարտադրումը եւ Լիբանանի ազգային գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւնը»: Հազիւ նստացոյցի հրաւէրը ուղղուեցաւ, մեծաթիւ ցուցարարներ փութացին դէպի Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան: Յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին սկիզբ առաւ Հըզպալլայի նստացոյցը, որուն ընթացքին խօսք արտասանեց Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի: Ան ըսաւ, որ իրենք երբեք պիտի չընդունին, որ Լիբանանը ամերիկեան եւ իսրայէլեան ափերուն մէջ առնուի: «Մենք երբեք պիտի չընդունինք այս ստորնացումը», շեշտեց ան` հարց տալով, որ «օդանաւին Պէյրութի միջազգային օդակայան էջքը արգիլելը անարգանք է լիբանանեան պետութեան եւ լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն դէմ, հետեւաբար ինչո՞ւ լիբանանցի պատասխանատուները կ՛ենթարկուին ամերիկեան եւ իսրայէլեան պահանջներուն»: Քումաթի լիբանանցի պատասխանատուներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ. «Եթէ դուք կ՛ուզէք ենթարկուիլ, Դիմադրութիւնը պիտի չենթարկուի եւ պիտի դիմադրէ ու մերժէ ստորնացումը եւ ամերիկեան ու իսրայէլեան պահանջներուն կատարումը»: Նստացոյցի ընթացքին միջադէպեր յառաջացան մասնակիցներուն եւ լիբանանեան բանակի զինուորներուն միջեւ, այս պատճառով ալ բանակը ստիպուեցաւ ծխարձակ ռումբեր արձակել ցուցարարներուն ուղղութեամբ:
Միւս կողմէ, Հըզպալլա երէկ յայտարարեց, որ իրենք կը դատապարտեն ուրբաթ օր ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ կատարուած յարձակումը եւ կը հաստատեն իրենց կտրուկ մերժումը անոնց որեւէ թիրախաւորման, ինչպէս նաեւ հանրային եւ սեփական կալուածներու վնասման: