Նախարարաց խորհուրդը երկուշաբթի կէսօրէ ետք Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց նախագահ Ժոզեֆ Աունի նախագահութեամբ ժողով մը, որուն ընթացքին «շինիչ քննարկումներէ ետք» եւ կարգ մը բարեփոխումներ կատարելէ ետք որդեգրեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը, որ կը ներառէ լիբանանցիները հետաքրքրող բոլոր նիւթերն ու հարցերը, որոնք նաեւ կը գտնուին Թաէֆի համաձայնագիրին ու նախագահի երդման ճառին մէջ:
Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս ժողովէն ետք յայտնեց, որ նախագահ Աուն նշած է, թէ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի նախագիծը կը բովանդակէ Թաէֆի համաձայնութեան շուրջ 80 առ հարիւրը եւ երդման ճառին շուրջ 20 առ հարիւրը:
Մըրքոս յայտնեց. «Ծրագիրի ամփոփ կէտերն են.
– Պետութիւնը պէտք է ունենայ զէնքի մենաշնորհը եւ իր գերիշխանութիւնը բացառապէս իր սեփական ուժերով պէտք է տարածէ իր բոլոր հողերուն վրայ:
– Կառավարութիւնը յանձնառու է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական, առանց որեւէ մասնատման եւ նուազման գործադրութեան:
– Կառավարութիւնը յանձնառու է նախկին կառավարութեան 27 նոյեմբերին համաձայն գտնուած դասաւորումներուն:
– Լիբանանը զանց կացուցել առանցքներու հակամարտութենէն:
– Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններ. լուրջ երկխօսութեան ձեռնարկել, սահմաններուն վերահսկել, իւրաքանչիւր պետութեան միւսին ներքին հարցերուն չմիջամտել եւ սուրիացի գաղթականներու վերադարձը:
– Լիբանանը չօգտագործել իբրեւ հարթակ եղբայրական ու բարեկամ պետութիւններու քննադատութեան:
– Ամենայն թափանցիկութեամբ վերաշինութեան վրայ աշխատիլ` Վերաշինութեան աջակցութեան սնտուկին ճամբով:
– Արժանապատիւ կեանքի պայմանները ամրապնդել:
– Գործակցիլ գործադրելու համար Միջազգային դրամական ֆոնտի ծրագիրը` հետագային տեղի ունենալիք քննարկումներով:
– Տեղահանուածներու տունդարձը ամբողջացնել:
– Ամրապնդել կրթութիւնն ու կիներու դերակատարութիւնը եւ պահպանել շրջակայ միջավայրը:
– Ամրապնդել Տնտեսական ու ընկերային խորհուրդը` օրէնքին համաձայն անոր դիմելով:
– Յանձնառու ըլլալ նախարարութիւններուն ու պետական վարչութիւններուն եւ հաստատութիւններուն մէջ քրէական ու հաշուական քննութեան:
– Նշանակումներ կատարել, մասնաւորաբար վարչական խորհուրդներու եւ կազմակերպիչ մարմիններու մէջ, մասնաւորաբար ելեկտրականութեան ոլորտի, հաղորդակցութիւններու ոլորտի, քաղաքացիական թռչիքներու եւ տեղեկատուութեան մէջ (որ աւելցուեցաւ նախարարաց խորհուրդի հաւանութենէն ետք):
«Լիբանանեան տեղեկատուութեան կողքին, ներառեցինք հանրային ազատութիւններու նիւթը, եւ այդ եզրը ծրագիրին մէջ երեք անգամ նշուեցաւ, որմէ ետք կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը վաւերացուեցաւ:
«Աւարտին, հանրապետութեան նախագահը անդրադարձաւ երկու նիւթերու, առաջինը օդակայանի հարցն է, ան նշեց.
«Առաջին, պաշտպանել առանց ոտնձգութեան եւ առանց ճամբայ փակելու խաղաղ ցոյցը, եւ ըսաւ, որ ապահովական կացութեան պահպանումը կարմիր գիծ է: Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ կան կալանաւորուածներ, որոնք առնչակից արդարադատութեան ցուցմունքով կը հետաքննուին:
«Երկրորդ` Լիբանան-Սուրիա սահմանի հարցը, որուն շուրջ հանրապետութեան նախագահը արտայայտեց լիբանանեան պետութեան վճռական ու յստակ դիրքորոշումը պաշտպանելու սահմանները, ըլլայ այդ արտաքին իր հաղորդակցութիւններուն ճամբով կամ իր ցուցմունքները տալով առնչակից զինուորական ու ապահովական ուժերուն: Ատկէ ետք նիստը փակուեցաւ»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին նկատմամբ վերապահութիւններու արտայայտութիւններ եղա՞ծ են, ան ըսաւ. «Բնաւ»: Ան նաեւ նշեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի արծարծման ընթացքին զէնքի հարցին շուրջ «բուռն, սուր կամ տաք քննարկումներ չեն եղած, այլ կառավարութեան ծրագիրի կարգ մը կէտերը հարստացնելու ուղղութեամբ հարուստ քննարկում, եւ կառավարական միասնականութիւնը չափազանց համատարած էր»:
Անդրադառնալով դրամատուներուն մօտ պահ դրուած գումարներուն` Մըրքոս ըսաւ, որ այդ առնչութեամբ յստակ ակնարկ կայ` մեկնելով նախագահի երդման ճառէն, սակայն աշխատանքային ծրագիրը կառավարութեան ընդհանուր ծրագիր է եւ մանրամասնութիւններու չ՛անդրադառնար:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց երեքշաբթի, 25 փետրուարի եւ չորեքշաբթի, 26 փետրուարի կէսօրէ առաջ եւ ետք լիագումար նիստի` քննարկելու համար կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը:


