Երէկ երեկոյեան, իրանեան օդանաւի մը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ էջքի արգիլման վերաբերող լուրերու տարածումէն ետք, մեծաթիւ ցուցարարներ այրող անիւներով փակեցին օդակայանի ճամբան` Հըզպալլային զօրակցող կարգախօսներ արձակելով:
Սկզբունքով այս օդանաւով պիտի վերադառնային Իրան այցելած լիբանանցիներ: