Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր յաջորդ շաբաթ պիտի այցելեն Ուաշինկթըն` քննարկելու համար Ուքրանիոյ տագնապի լուծման վերաբերող հարցերը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Մայք Ուոլց:
Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր ֆրանսացի պաշտօնակիցին հետ հանդիպում պիտի ունենայ երկուշաբթի օր, իսկ Բրիտանիոյ վարչապետին հետ` հինգշաբթի օր:
Մաքրոն առցանց զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց. «Կը կարծեմ, որ ներկայ պահուն, երբ Ուքրանիան պատերազմի մէջ է, կը դիմադրէ եւ ամէն օր իր հողերու պաշտպանութեան համար իր զաւակները կը կորսնցնէ, ոչ ոք իրաւունք ունի ըսելու. «Ուքրանիան իրաւունք չունի Եւրոպական Միութեան միանալու եւ Ուքրանիան իրաւունք չունի ՕԹԱՆ-ին միանալու»:
«Այս հարցը խաղաղութեան բանակցութիւններու մաս պիտի կազմէ», նշեց ան:
Մաքրոն յայտնեց, որ երկուշաբթի օր Թրամփի հետ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումի ընթացքին անոր պիտի ըսէ, որ պէտք չէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին առջեւ Ուքրանիոյ հարցով տկար ըլլալ: «Պիտի ըսեմ, չես կրնար նախագահ Փութինի առջեւ տկար ըլլալ: Ատիկա դուն չես, ասիկա ձեր ոճը չէ, եւ ձեր շահերէն չի բխիր: Ինչպէ՞ս կրնաս Չինաստանի դիմակայման մէջ հաւաստի ըլլալ, երբ Փութինի դիմակայման մէջ տկար ես», նշեց Ֆրանսայի նախագահը:
Ուքրանական պատերազմին վերջ տալու դիւանագիտական ջանքերը վերջին օրերուն աշխուժացած են: Ֆրանսայի մէջ եւրոպական երկիրներու ղեկավարները այս շաբաթ արդէն երկու հանդիպում ունեցած են, Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ ալ հանդիպում ունեցան Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ բարձրաստիճան ներկայացուցիչները: Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր յայտարարած է, թէ Լոնտոն պատրաստ է զինուորներ ուղարկելու Ուքրանիա:
«Ես պատրաստ եմ քննելու բրիտանական ուժեր ուղարկելու կարելիութիւնը` միւսներուն հետ միասին, եթէ ըլլայ կայուն խաղաղութեան համաձայնագիր: Սակայն, պէտք է Միացեալ Նահանգներէն աջակցութիւն ըլլայ, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու անվտանգութեան երաշխիքները Ռուսիան արդիւնաւէտ կերպով զսպելու միակ միջոցն է», ըսած է Բրիտանիոյ վարչապետը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր կարգին ռուս-ամերիկեան բանակցութիւններէն ետք յայտարարած է, թէ Ուաշինկթըն դէմ չէ, եթէ Եւրոպական միութիւնը այդ խաղաղապահ առաքելութիւնը ստանձնէ:
Ամերիկացի պաշտօնատարները, միեւնոյն ժամանակ, քանի մը անգամ յստակ յայտարարած են, որ Միացեալ Նահանգները չեն պատրաստուիր մասնակցիլ հաւանական խաղաղապահ առաքելութեան եւ դէմ են նաեւ, որ անիկա գործէ ՕԹԱՆ-ի հովանիին տակ:
Քրեմլին յայտնեց. «Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի ժողովրդականութիւնը կը նահանջէ, եւ ատիկա յստակ է»` նշելով. «Ռուսիան ամերիկեան նոր վարչակազմին հետ համամիտ է, թէ Ուքրանիոյ մէջ կարգաւորումը պէտք է խաղաղ միջոցներով ըլլայ»:
«Ուքրանական հողերուն վրայ ուժեր տեղակայելու եւրոպական ծրագիրներու վերաբերեալ տեղեկութիւնները մեզ կը մտահոգեն», շեշտեց Քրեմլին:
«Ուքրանական կարգաւորման վերաբերեալ յստակ մանրամասնութիւններ չկան, եւ Քիեւի ու ամերիկեան նոր վարչակազմին միջեւ տարակարծութիւններու գոյութիւնը կը նշմարենք», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահական պալատը:
«Միացեալ Նահանգներու հետ բանտարկեալներու փոխադարձ ազատ արձակման շարունակումը չենք բացառեր», յայտնեց Քրեմլին` նշելով. «Ամերիկեան նախկին վարչակազմը կը ջանար մինչեւ վերջին ուքրանացին Ռուսիոյ դէմ պայքարիլ, սակայն այժմ գործելաոճը փոխուեցաւ»: