Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսելով Լաւրովի Հետ Իր Հանդիպումին Մասին` Ռուպիօ. «Մեր Նպատակն Է Ստուգել, Թէ Ռուսիան Ուքրանիոյ Պատերազմին Վերջ Տալուն Նկատմամբ Լուրջ Է»

February 22, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ, անդրադառնալով Ռիատի մէջ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի գլխաւորած ռուսական պատուիրակութեան հետ իր հանդիպումին, յայտնեց, թէ Ուաշինկթընի գլխաւոր նպատակն է ստուգել, թէ Մոսկուան Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու նկատմամբ «լուրջ» է:

«Աշխատանք կը տանինք գիտնալու, եթէ խաղաղութեան նկատմամբ լուրջ են», նշեց Ռուպիօ` աւելցնելով. «Միակ բանը, որուն շուրջ համաձայնեցանք, այն է, թէ կ՛ուզենք խաղաղութեան հարցը քննարկել»:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ 24 փետրուար 2022-ին Ուքրանիոյ պատերազմին սկսելէն ի վեր Ռուսիոյ հետ սառեցուած յարաբերութիւններու վերականգնումը անհրաժեշտ է Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին վերջ տալու յոյս ունենալու համար:

«Անարդար է ըսել, թէ (Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններ վարելու վերաբերեալ) ոչ ոքի հետ խորհրդակցեցանք», ըսաւ Ռուպիօ` նշելով. «Գործողութեան ամբողջ ընթացքին ուքրանացիներուն հետ խօսեցայ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշեց. «Նաեւ ճիշդ չէ, թէ Եւրոպայի մէջ մեր դաշնակիցներուն հետ չխորհրդակցեցանք»:

Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ սպասուող հանդիպումին` ան ըսաւ, որ հանդիպումը պէտք է բովանդակալից ըլլայ եւ կախեալ ըլլայ ուքրանական տագնապին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթացէն:

Ան նշեց, թէ հակառակ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան հաւանական ոլորտներուն, ուքրանական ճգնաժամը կը շարունակէ մնալ յարաբերութիւնները բարդացնող հիմնական գործօնը:

«Հանդիպում պիտի չըլլայ, մինչեւ չիմանանք, թէ ինչի՛ մասին պիտի ըլլայ», ընդգծեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

 

Նախորդը

Համաս Փոխան Շիրի Պիպասի Դիակին «Անծանօթ Անձի» Մը Դիակը Յանձնած Է Իսրայէլին

Յաջորդը

«Ազրպէյճան Կ՛ուզէ Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքել Ոչ Թէ Հայաստանի Վարչապետին, Այլ Հայաստանի Պետութեան Հետ» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Խորհրդարանի Փոխնախագահը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.