Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»

Փետրուար 21, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեան իր կնոջ` Արփի Աբգարեանի եւ Լիբանանի Հայոց թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեանի ընկերակցութեամբ այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ:

Տէր եւ տիկին Պերճ Աբգարեան Լիբանան ժամանած են այս կիրակի Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունենալիք եպիսկոպոսական օծման առիթով` իբրեւ կնքահայր կաթողիկոսութեան դիւանապետ Տաճատ ծ. վրդ. Աշըգեանի: Այս առիթով հիւպատոս Աբգարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ իրեն շնորհած է այդ առաքելութիւնը:

Ապա խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան յառաջիկայ մայիսին Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան Պէյրութ հերթական այցելութեան ծրագիրին եւ անոր կապուած աշխատանքներուն վրայ: Կը նախատեսուի յարանուանական եւ միութենական բոլոր շրջանակներուն մօտ առաքելութեան օգտաշատ աշխատանք իրականացնել եւ օժանդակել ժողովուրդին այս ճամբով:

Աբգարեան դրուատիքով անդրադարձաւ «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն` յայտնելով, որ անոր ճամբով մօտէն կը հետեւի ընդհանրապէս հայկական եւ յատկապէս լիբանանահայութեան գործունէութեան:

Նախորդը

Հոգեւոր Երաժշտութեան Վերաբերեալ Բարձրորակ Դասախօսութիւն` «Ազդակ»-ի 74-րդ Առցանց Լսարանին

Յաջորդը

Ա23 Սառցալեռը Կը Շրջի Ատլանտեան Ովկիանոսին Մէջ

RelatedPosts

Խմբագրական.   Ազատագրումի Եւ Ընտրութեան Օր
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Ազատագրումի Եւ Ընտրութեան Օր

Մայիս 24, 2025
«Ազդակ»-Ի 77-րդ Առցանց Լսարան.  Բագրատ Էսթուքեան. «Անգարա-Երեւան  Երկխօսութեան Մէջ Ազրպէյճան Ստանձնած Է  «Աւագ Եղբօր» Դերակատարութիւնը»
Գաղութային

«Ազդակ»-Ի 77-րդ Առցանց Լսարան. Բագրատ Էսթուքեան. «Անգարա-Երեւան Երկխօսութեան Մէջ Ազրպէյճան Ստանձնած Է «Աւագ Եղբօր» Դերակատարութիւնը»

Մայիս 24, 2025
Սալամ. «Ընթացք Առաւ Պաղեստինեան  Գաղթակայաններու Զէնքը Որոշակի  Ժամանակացոյցի Հիմամբ Յանձնելու Հոլովոյթը»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընթացք Առաւ Պաղեստինեան Գաղթակայաններու Զէնքը Որոշակի Ժամանակացոյցի Հիմամբ Յանձնելու Հոլովոյթը»

Մայիս 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?