Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Ուքրանիոյ Հետ Համաձայնութեան Հասնելու Շատ Մօտ Ենք»

Փետրուար 24, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ուաշինկթընի մէջ Պահպանողական հոսանքի քաղաքական աշխատանքի խորհրդաժողովի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, թէ իր վարչակազմը «շատ մօտ է» Ուքրանիոյ հետ համաձայնութիւն գոյացնելու, եւ «այն, ինչ որ մինչեւ հիմա տեղի ունեցաւ, պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած ահաւոր կացութիւն էր»:

«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ խօսեցայ, եւ կը կարծեմ, որ ռուս-ուքրանական պատերազմը պէտք է աւարտի», աւելցուց Թրամփ:

Սպիտակ տան ղեկավարը նշեց. «Միացեալ Նահանգներ 350 միլիառ տոլար տրամադրեց, որովհետեւ վարչակազմի անմիտ եւ անկարող ղեկավար գոյութիւն ունէր»` աւելցնելով. «Յարգի մետաղներն ու քարիւղը կ՛ուզենք, եւ այն ամէնը, որ կրնանք գտնել»:

Ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը, մէջբերելով ռուս պաշտօնատար մը, հաղորդեց. «Ամերիկացի եւ ռուս պաշտօնատարներ երկու շաբաթէն անգամ մը եւս ժողով պիտի գումարեն` Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալը քննարկելու համար»:

«Ամերիկացի եւ ռուս պաշտօնատարները պիտի հանդիպին պետութեան մը մէջ, որ տակաւին չէ ճշդուած», աւելցուցած է պաշտօնատարը:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ գոյութիւն ունի յարգի մետաղներու վերաբերեալ 21 փետրուար թուակիր ամերիկեան-ուքրանական համաձայնութեան նախագիծ մը` նշելով. «Ուքրանիան կը քննարկէ իր բնական հարստութիւններուն վերաբերեալ ամերիկեան բարեփոխման ենթարկուած առաջարկ մը»` աւելցնելով. «Բարեփոխուած առաջարկը կը բովանդակէ նոյն կէտերը, որոնք Ուքրանիոյ իշխանութիւնները նախապէս մերժած էին` նկատի ունենալով, որ շատ սպառիչ են»:

«Նոր նախագիծին կարգ մը կէտերը աւելի խիստ են, քան նախկին տարբերակը», հաղորդեց ամերիկեան օրաթերթը` աւելցնելով. «Համաձայնութիւնը Ուքրանիան կրնայ զրկել գումարներէն, զորս կը ներդրէ բանակին ու ռազմարդիւնաբերութեան մէջ, եւ կրնայ նպաստել վերաշինութեան»:

«Պայմանները կը ներառեն Ուքրանիոյ բնական հարստութիւններուն, որոնց շարքին` մետաղներուն, կազի եւ քարիւղի իր եկամուտներու կէսը, ինչպէս նաեւ նաւահանգիստներու եւ այլ ենթակառոյցներու եկամուտներու կէսը», նշեց «Նիւ Եորք Թայմզ»` աւելցնելով. «Առաջարկը ռուսական ապագայ որեւէ յարձակումի վերաբերեալ Ուքրանիոյ պահանջած ապահովական որեւէ երաշխիք չի բովանդակեր»:

Թրամփ նախապէս յայտարարած էր. «Կը կարծեմ, որ Ուքրանիոյ հետ մետաղներու շուրջ համաձայնութեան գոյացման մօտ ենք, եւ մեր գումարները պիտի վերստանանք»` աւելցնելով. «Ուքրանիոյ տրամադրուած ամերիկեան գումարները եւրոպական գումարներէն երեք անգամ աւելի մեծ են»:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւնները յորդորեց զօրակցելու Ուաշինկթընի ներկայացուցած որոշումի նախագիծի մը, որ կոչ կ՛ուղղէ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմին «արագ աւարտին», սակայն Ուքրանիոյ տարածքային ամբոջականութիւնը չի մատնանշեր:

«Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-ին պարզ ու պատմական որոշումի նախագիծ մը ներկայացուց, եւ անդամ բոլոր պետութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք` անոր զօրակցելու դէպի խաղաղութեան ուղեգիծ ճշդելու», աւելցուց Ռուպիօ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը հեռաձայնած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէ Սիպիային եւ ընդգծած, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը յանձնառու է Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին վերջ տալուն:

«Նախարար Ռուպիոյի իր ուքրանացի պաշտօնակիցին ընդգծած յանձնառութիւնը կը ներառէ Ապահովական խորհուրդին մէջ ազդու աշխատանքը», նշեց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Հաղորդակցութիւնը ամերիկացիներուն եւ ուքրանացիներուն միջեւ մնայուն խաղաղութեան իրագործման համար բարձր մակարդակի հաղորդակցութիւններու ծիրին մէջ նորագոյնն է»:

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիա նշեց. «Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի պատերազմը աւարտելու առաքելութեան համար այս տարին ճշդեց»:

Ուքրանիոյ նախագահը երէկ ըսաւ. «Կ՛ուզեմ, որ նախագահ Թրամփ Քիեւ գայ, կամ մենք Ուաշինկթըն անոր մօտ կը մեկնինք»:

«Պատրաստ եմ Ուքրանիոյ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմաց իշխանութենէն հեռանալու», յայտարարեց Զելենսքի:

 

 

Նախորդը

Ռիապքով. «25 Փետրուարին Ռիատի Մէջ Ռուս-Ամերիկեան Հանդիպումի Պատրաստութիւններ Չկան»

Յաջորդը

Նեթանիահու Յետաձգեց Պաղեստինցի Արգելափակեալներու Ազատ Արձակումը

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?