Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկացի Քրիստոնեայ Ղեկավարներու Դաշինքը Դիմած Է Թրամփին` Կոչ Ուղղելով Վճռական Քայլեր Ձեռնարկելու Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Քրիստոնեայ Պատանդներու Ազատ Արձակման Համար

March 13, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի քրիստոնեայ ղեկավարներու դաշինքը նամակ յղած է նախագահ Տանըլտ Թրամփին` կոչ ուղղելով վճռական քայլեր ձեռնարկելու Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ պահուող 24 քրիստոնեայ պատանդներու` 23 հայու եւ մէկ կրօնափոխ ազրպէյճանցիի ազատ արձակման համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Քրիշչըն Նիուզ Ուայըր» կայքը:

Բաց նամակին տակ ստորագրածները վկայակոչած են խոշտանգումներու եւ շարունակուող բռնութիւններու մասին հաւաստի հաղորդումները` ընդգծելով իրենց համոզումը, որ նախագահ Թրամփի ղեկավարութիւնը եզակի դիրք ունի այս ճգնաժամը լուծելու համար, եւ որ անհրաժեշտ են արագ քայլեր` փրկելու համար քրիստոնեաներու կեանքը:

«Մենք կը հաւատանք, որ դուք միակ անձն էք, որ կրնաք փրկել քրիստոնեայ պատանդները: Գրեթէ 2 տարի առաջ Ազրպէյճանը ցեղային զտումներ կատարած է աւելի քան 120.000 քրիստոնեայ հայերու նկատմամբ, սակայն Պայտընի վարչակազմը մերժած է քայլեր ձեռնարկել: Այդ ժամանակէն ի վեր 23 քրիստոնեայ հայ պատանդներ եւ մէկ կրօնափոխ ազրպէյճանցի կ՛ենթարկուին խոշտանգումներու: Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին` միակ կազմակերպութեան, որուն արտօնուած է ստուգել անոնց վիճակը, վերջին օրերուն հրամայուած է լքել երկիրը», կը նշուի նամակին մէջ:

Միւս կողմէ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Բրիտանիոյ թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեան եւ Բրիտանիոյ քրիստոնեայ ղեկավարները նամակով դիմած են Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրին` բրիտանական կառավարութեան կոչ ուղղելով քայլեր ձեռնարկելու Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման համար:

Նախորդը

Հայաստանի Քաղաքացիներուն Աւելի Քան 59,6 Առ Հարիւրը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.