Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքու Եւ Երեւան Կը Հաստատեն Խաղաղութեան Պայմանագիրին Շուրջ Բանակցութիւններու Աւարտը

Մարտ 14, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի բովանդակութեան վրայ տարուող աշխատանքները աւարտած են, Երեւանը ընդունած է բաց մնացած վերջին երկու կէտերը», ԱՓԱ-ի համաձայն, Պաքուի մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:

Անոր համաձայն, յաջորդ փուլին «Հայաստանի Սահմանադրութենէն պէտք է հեռացուին Ազրպէյճանին ուղղուած տարածքային պահանջները: Բացի ատկէ, պէտք է լուծարուին Մինսքի խմբակն ու անոր մնացորդները»:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարած է, որ դիւանագիտական խողովակներով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան փոխանցած է, որ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛ընդունի «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանական Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիրի» նախագիծի չհամաձայնեցուած երկու յօդուածներու վերաբերեալ Ազրպէյճանի առաջարկները եւ առաջարկած է հանդէս գալ միացեալ յայտարարութեամբ` խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի բնագիրի համաձայնեցուած ըլլալու եւ նախագիծի համաձայնեցման շուրջ բանակցութիւններու աւարտի մասին»:

«Պաշտօնական Պաքուն նախընտրած է հանդէս գալ միակողմանի յայտարարութեամբ», կը նշէ պաշտօնական Երեւանը:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաստատէ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանական Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» համաձայնագիրի նախագիծի համաձայնեցուած ըլլալու եւ նախագիծի համաձայնեցման շուրջ բանակցութիւններու աւարտի փաստը:

«Այսպիսով, խաղաղութեան համաձայնագիրը պատրաստ է ստորագրման: Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է Ազրպէյճանական Հանրապետութեան հետ սկսելու խորհրդակցութիւններ համաձայնագիրի ստորագրման ժամկէտներուն եւ տեղին շուրջ», նշուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Նախորդը

Ռուբէն Վարդանեան Դադրեցուց Հացադուլը Եւ Ուղերձ Յղեց Պաքուի Բանտէն

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը Ընդունեց Բանաձեւ` Դատապարտելով` Ազրպէյճանի Կողմէ Հայ Պատանդներուն Հանդէպ Անմարդկային Վերաբերմունքը Եւ Պահանջելով Անոնց Ազատ Արձակումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին  Կանգնած Իրականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին Կանգնած Իրականութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?