Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Զինուորական Եւ Ապահովական Նշանակումները

March 14, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի, որ նիստին սկիզբը յայտնեց. «Անցեալ նիստին ստորագրեցինք 2025 թուականի ամավարկը, եւ ելեւմուտքի նախարարէն կը խնդրեմ, որ հսկէ ծախսերուն` կիրարկելով պետական հաշուետուութեան օրէնքի 118-րդ կէտը, եւ իւրաքանչիւր 3 ամիսը անգամ մը ծախսերուն վերաբերեալ կառավարութեան զեկուցում ներկայացնէ»:

Նախագահը նաեւ կառավարութիւնը դրաւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ իր հանդիպումի մթնոլորտին մէջ:

Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ վերջին դէպքերուն` նախագահը նշեց. «Ապահովական ծառայութիւնները, ներքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւնները ամբողջովին պատրաստ ըլլալու համար կը հետեւին զարգացումներուն»:

Աուն աւելցուց. «Երէկ ազատ արձակուեցան չորս լիբանանցիներ, որոնք Իսրայէլի կողմէ վերջին պատերազմի ընթացքին կալանաւորուած էին, եւ այսօր հինգերորդ մը ազատ արձակուեցաւ, եւ ատիկա տեղի ունեցաւ անուղղակի բանակցութիւններու շնորհիւ»:

Նիստի աւարտին տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս յայտարարեց, որ նախարարաց խորհուրդը վաւերացուցած է զինուորական ու ապահովական նշանակումները եւ պատրաստած 2025 թուականի ամավարկին մէջ նշուած տուրքերը նուազեցնելու հրամանագիր մը:

Նախարարաց խորհուրդը գնդապետ-զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալը նշանակեց բանակի հրամանատար, գնդապետ-զօրավար Հասան Շքէյրը` ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն, գնդապետ զօրավար Ռայետ Ապտալլան` ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն, եւ գնդապետ-զօրավար Էտկար Լաուանտոս` պետական անվտանգութեան ծառայութեան ընդհանուր տնօրէն: Մըրքոս շեշտեց, որ նշանակումները փորձառութեան ու ատակութեան հիմամբ էին, եւ կառավարութիւնը խիստ նախանձախնդիր կը գտնուի արժեչափերուն ու կարողութիւններուն նկատմամբ:

Մըրքոս ըսաւ, որ որդեգրուած է լիբանանեան բանակին համար 3 փուլի վրայ 4500 զինուորներ զինուորագրելու կէտը:

Տեղեկատուութեան նախարարը աւելցուց, որ երկուշաբթի օր նախարարաց խորհուրդի սովորական նիստ պիտի գումարուի` վարչական նշանակումներու մեքանիզմը սերտելու համար:

Նախորդը

«Լիբանանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը Կրնայ Կարելի Դառնալ Միայն Իրանի Թիրախաւորումէն Ետք» Կ՛ըսէ Իսրայէլի Ուժանիւթի Նախարարը

Յաջորդը

Հաճիեւ. «Հայաստանի Տարածքին Մէջ Կան Մարդիկ, Որոնք Պէտք Է Պատասխանատուութեան Ենթարկուին»

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.