Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փենթակոն. «Ամերիկան Եւ Անոր Դաշնակիցները Պաշտօնապէս Աւարտեցին Իրաքի Մէջ «Ամուր Վճռակամութիւն» Գործողութիւնը»

October 1, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարութեան` Փենթակոնի բանբեր Շան Պառնել երէկ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներն ու դաշինքին մէջ անոր գործընկերները այսօր պաշտօնապէս աւարտեցին Իրաքի մէջ «Ամուր վճռակամութիւն» գործողութիւնը, ինչ որ համահունչ է սեպտեմբեր 2024-ին հրապարակուած ամերիկեան-իրաքեան միացեալ հաղորդագրութեան եւ ամերիկեան ազգային շահերուն»:

«Դաշինքի ուժերու եւ սարքերու Էրպիլի օդուժի ռազմակայանէն կանոնաւոր հեռացումը կը ներկայացնէ յաջող աւարտը զինուորական առաքելութեան, որ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնեց», նշեց Պառնելի հրապարակած հաղորդագրութիւնը:

«Այս ձեռքբերումը կ՛արտացոլէ յաջողութիւնը 12 տարի տեւած արշաւին, որ յանգեցաւ ՏԱՀԵՇ խմբաւորումին վնասազերծումին` իբրեւ Իրաքի եւ ամբողջ շրջանին մէջ կազմակերպուած զինուորական սպառնալիք: Այդ դէպքը նաեւ շրջադարձ կը ներկայացնէ պատերազմի ժամանակաշրջանին առաքելութենէն դէպի իրաքեան ղեկավարութեամբ ապահովական ջանքին, որուն կ՛աջակցի երկկողմ ամուր յարաբերութիւն մը, որ աւելի բնական բնոյթ կը կրէ»:

Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարութեան բանբերը շեշտեց. «Կը սպասենք, որ իրաքեան ապահովական ուժերը, ներառեալ Փեշմերկա ուժն ու Իրաքի քրտական շրջանի այլ ապահովական ուժերը ղեկավարեն Իրաքը ապահով դարձնելու եւ ՏԱՀԵՇ-ի մնացորդները վերահսկողութեան տակ պահելու շարունակուող ջանքերը»:

«Պատերազմի նախարարութիւնը պիտի շարունակէ նպատակաուղղուած մարզում եւ հետախուզական աջակցութիւն տրամադրել մեր իրաքցի գործընկերներուն», յայտարարեց բանբերը:

Նախորդը

Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 14-րդ Կայան. «Նեթանիահուի` Ապու Տապիի Մէջ Պըն Զայետի Հետ Ժողովին 10 Պետութիւններու Ներկայացուցիչներ Մասնակցեցան»

RelatedPosts

Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 14-րդ Կայան.  «Նեթանիահուի` Ապու Տապիի Մէջ Պըն Զայետի Հետ  Ժողովին 10 Պետութիւններու  Ներկայացուցիչներ Մասնակցեցան»
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 14-րդ Կայան. «Նեթանիահուի` Ապու Տապիի Մէջ Պըն Զայետի Հետ Ժողովին 10 Պետութիւններու Ներկայացուցիչներ Մասնակցեցան»

October 1, 2026
Ամերիկացի Խումբ Մը Քոնկրեսականներ Դարձեալ Ներկայացուցիչներու Տան Ներկայացուցած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Կրթական Հրամանագիրը
Միջազգային

Ծերակուտականներ Կը Պահանջեն Ազրպէյճանի Բոլոր Քաղաքական Բանտարկեալներուն Ազատ Արձակումը

October 1, 2026
Պըռնհեմ. «Բրիտանիան Պէտք Է  Եւրոպական Միութեան Հետ Իր Ապագայ  Յարաբերութիւններու Ընտրանքները Սերտէ»
Միջազգային

Պըռնհեմ. «Բրիտանիան Պէտք Է Եւրոպական Միութեան Հետ Իր Ապագայ Յարաբերութիւններու Ընտրանքները Սերտէ»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.