Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը

September 30, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի խորհրդարանը պիտի քննարկէ Հիւլէական զէնք չտարածելու մասին պայմանագիրէն երկրի դուրս գալու առաջարկը, յայտարարեց խորհրդարանի փոխնախագահ Ալի Նիքզատ, կը հաղորդէ իրանական «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը:

«Հիւլէական զէնք չտարածելու մասին պայմանագիրէն դուրս գալու մասին օրինագիծի նախագիծը քննարկման փուլին մէջ է: Պաշտօնապէս ներկայացուելէ ետք անիկա պիտի քննարկուի նոյն օրը», ըսաւ իրանցի պաշտօնեան:

Նիքզատի համաձայն, խորհրդարանը պիտի քննարկէ նաեւ պայմանագիրէն հաւանական դուրս գալու միջազգային երեսները:

Իրանցի պաշտօնեան յայտարարեց, որ խորհրդարանը վստահութիւն չունի Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան եւ անոր այժմու տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսիի նկատմամբ: Ան նաեւ պնդեց, որ Կրոսսին կը կայացնէ միայն պաշտօնական ստուգումներ եւ բացասական զեկուցումներ կը հրապարակէ Իրանի վերաբերեալ:

Իրան անհիմն կը նկատէ այն պնդումները, որ Թեհրան կը գտնուի հիւլէական զէնքի մշակման եզրին: Պաշտօնական Թեհրան կ՛ընդգծէ, որ 1970 թուականէն ի վեր Հիւլէական զէնք չտարածելու մասին պայմանագիրի կողմ է եւ կը պնդէ, որ իր հիւլէական ծրագիրը խաղաղ բնոյթ ունի:

Յունիսին «Պլումպըրկ» հաղորդած էր, որ Իրանի կողմէ գաղտնի հիւլէական զէնք մշակելու վտանգը աւելի բարձր է, քան 2025 թուականի ամրան հանրապետութեան վրայ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հարուածներէն առաջ: Նոյն ամսուն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Թեհրան համաձայնած է, որ «պիտի չունենայ հիւլէական զէնք»:

 

 

Նախորդը

Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»

Յաջորդը

5 Հոկտեմբերէն Դեսպանատուներու Միջոցով Հայաստանի Անցագիրի Ծառայութիւնը Ժամանակաւորապէս Պիտի Դադրեցուի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հուսիներէն Լիբանան. Այցելութիւններ  Եւ Հակազդեցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հուսիներէն Լիբանան. Այցելութիւններ Եւ Հակազդեցութիւններ

November 15, 2026
Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.