Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը

September 29, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ), որուն դիտորդները հետեւած էին հայաստանեան խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններուն, այս օրերուն հրապարակած իր ամփոփիչ զեկուցումին մէջ անդրադարձաւ կարգ մը խոցելի երեւոյթներու` արտաքին միջամտութիւն, վարչական կարողութիւններու օգտագործում, ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն նկատմամբ քրէական վարոյթներ եւ առանձին տեղամասերու արդիւնքներու անվաւեր ճանաչում:

Զեկուցումը մտահոգիչ նկատեց Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին կողմէ «առանց հիմնաւոր պատճառաբանութեան ընտրական տեղամասերու արդիւնքներու անվաւեր ճանաչումն ու կրկնակի քուէարկութիւն չկատարելը»:

Յիշեցնենք, որ այդ ընտրատեղամասերու արդիւնքներու չեղարկման իբրեւ հետեւանք խորհրդարանէն դուրս մնաց ընդդիմադիր Բարգաւաճ Հայաստանը, իսկ իշխող Քաղաքացիական պայմանագիրը վճռորոշ քուէարկութիւններու համար յաւելեալ աթոռներ ստացաւ` կազմելով խորհրդարանին 3/5-ը:

Ըստ ԵԽԽՎ դիտորդներուն, Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի այս որոշումը ազդած է ընտրութիւններու ընդհանուր արդիւնքին եւ խորհրդարանի ներկայացուցչականութեան վրայ: Հետեւաբար, Հայաստանի իշխանութիւնները յորդորած են փոփոխելու Ընտրական օրէնսգիրքը, որպէսզի յստակ կարգաւորուի կրկնակի քուէարկութեան կայացումը:

Եւրոպացի դիտորդները այլ խնդիրներ եւս առանձնացուցին, մասնաւորաբար, ընտրակաշառքը, իշխանութեան կողմէ քարոզարշաւին ընթացքին վարչական կարողականութեան չարաշահումը եւ խախտումներու համար արդիւնաւէտ, ժամանակին դատական պաշտպանութեան լուրջ թերութիւնները:

«Քարոզարշաւը խիստ առճակատային էր` պառակտիչ հռետորաբանութեամբ, եւ կ՛ընկերակցէր ընտրակաշառքի ու ընտրական այլ խախտումներու վերաբերեալ մեղադրանքներով, որոնք պատճառ դարձան ընդդիմադիր թեկնածուներու եւ գործիչներու դէմ բազմաթիւ քրէական վարոյթներու, որուն իբրեւ հետեւանք ընդդիմութեան բազմաթիւ աջակիցներ ձեռնպահ մնացին քարոզարշաւին աշխուժ կերպով մասնակցելէ: Ասիկա, ինչպէս նաեւ հանրային հատուածի աշխատողներուն վրայ իշխող կուսակցութեան նախաձեռնութիւններուն մասնակցելու համար գործադրուող ճնշումներու եւ ներդրուած ընկերային-տնտեսական քայլերուն հետ մէկտեղ, մտահոգութիւններ յառաջացուց քարոզարշաւ կատարելու հաւասար կարելիութիւններուն վերաբերեալ», կը գրեն զեկուցումին հեղինակները:

ԵԽԽՎ-ն նաեւ եզրակացուցած է, որ ընտրութիւններուն արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ հայ ժողովուրդը ընտրած է եւրոպամէտ ուղին:

 

 

Նախորդը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանեան Ուղերձներ`  Սպառնական-Գործակցային Ոճով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գործակցային Ոճով

November 13, 2026
Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն  Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն Եռակողմ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր  Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն Եռակողմ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ

November 13, 2026
«Հայ Գերիներու Հարցի Լուծումը  Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Նախապայման Է»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Առեւտուրի Լիազօր Նախարարը
Հայկական

«Հայ Գերիներու Հարցի Լուծումը Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Նախապայման Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Առեւտուրի Լիազօր Նախարարը

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.