25 սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «էլիթ փլազա» կեդրոնի «Մանթաշով» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համահայկական խորհրդաժողովի պաշտօնական բացումը:
25-28 սեպտեմբեր երկարող այս ժողովը կազմակերպուած է ՀՅԴ Բիւրոյին կողմէ, անոր կը մասնակցին շուրջ քսան երկիրներէ Հայ դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Բացման պաշտօնական արարողութեան արտասանած իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ վերջին շրջանին Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով այսօր Հարաւային Կովկասի մէջ զգալիօրէն փոխուած է ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը, առ այդ անհրաժեշտ է կատարել հայ ժողովուրդին սպառնացող վտանգներու եւ յառաջացած նոր մարտահրաւէրներու ամբողջական վերագնահատում եւ անոր հիման վրայ կառուցել ապագայի ծրագիրներն ու կատարուելիքները:
Ան յայտնեց, որ այսօր հայութեան եւ Հայ դատի կառոյցներուն առաջնահերթ խնդիրներն են` պահպանել հայկական ինքնութիւնը, հայոց պետականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, տէր կանգնիլ հայ ժողովուրդին ու անոր սերունդներու անժամանցելի իրաւունքներուն եւ կանխել Հայաստանի թրքացումը:
«Այսօր Հայ դատի խնդիրներու հետապնդման համար տարուող պայքարը արտաքին խոչընդոտներէն զատ, դժբախտաբար, ձեռք կը բերէ նորայայտ ներքին ճակատ», դիտել տուաւ Ռուստամեան` շեշտելով, որ այս փուլին Հայ դատի մեր ամբողջ կառոյցին պատմական առաքելութիւնն է կտրել ազգակործան այս զիջումներու շղթան` յանուն մեր հաւաքական լինելիութեան: Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութեան համար իրական ինքնութեան բաղադրիչներն են` մեր ընդհանուր հայրենիքը, մեր մայրենի լեզուն, մեր սերունդներու ժառանգութիւնն ու մշակոյթը եւ մեր սուրբ կրօնն ու հաւատամքը:
Իր խօսքի եզրափակիչ մասով ան շեշտեց, որ այսօր հայ ժողովուրդը կանգնած է ճակատագրական ջրբաժանի առջեւ` կա՛մ ձեւաւորել ազգային իշխանութիւններ, փոխել երկրի այս հակազգային ուղեգիծը եւ Հայաստանը ըլլայ իրական հայկական, կա՛մ ձգել, որ այս ընթացքով Հայաստանի թրքացումը դառնայ իրական` աւելցնելով. «Մենք այստեղ ենք նպաստելու, որ մեր ժողովուրդը ճիշդ կողմնորոշուի եւ ընտրէ ազգայինը պահպանելու ուղղութիւնը»:
ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ խորհրդաժողովին մասնակիցներն ու Հայ դատի կառոյցներուն մէջ գործողները կը մաքառին արտաքին աշխարհի քաղաքական, դիւանագիտական եւ միջազգային ազդեցիկ կազմակերպութիւններու հարթակներուն վրայ հայութեան ու պետութեան շահերը պաշտպանելով եւ զանոնք յառաջ տանելով բոլոր մակարդակներով:
Ան դիտել տուաւ, որ այդ աշխատանքները ունին հիմնական չորս ուղղութիւն` Հայաստան եւ Արցախ, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացի խթանում` մինչեւ Թուրքիոյ պաշտօնական ճանաչումը եւ անժամանցելի իրաւունքներու հատուցում եւ վերականգնում, հայրենիքէն դուրս աշխարհատարած հայ ժողովուրդի սահմանադրական, իրաւական, դաշնագրային, քաղաքական եւ համայնքային կամ փոքրամասնական իրաւունքներու պահպանում եւ ընդլայնում, սփիւռքի մէջ հայութեան` առհասարակ, եւ երիտասարդութեան` ի մասնաւորի, քաղաքականացում ու տարբեր երկիրներու մէջ քաղաքական կեանքի լիիրաւ մասնակցութիւն:
Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ բնականաբար այս աշխատանքը առաւելագոյնս պիտի արդիւնաւորուէր Հայաստանի իշխանութեան տարբեր օղակներու հետ համադրումի եւ դերերու բաշխման հասկացողութեամբ, սակայն 2020-ի արցախեան երկրորդ պատերազմի աւարտէն ետք Հայաստանի իշխանութիւնները կտրականապէս երես դարձուցին ազգային գաղափարախօսութեան, սաստկացուցին հայրենի ժողովուրդը պառակտելու իրենց քաղաքականութիւնը եւ զայն տեղափոխեցին նաեւ սփիւռք, ՀՅԴ-ին եւ առհասարակ ընդդիմութեան, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին դէմ պայքար շղթայազերծեցին, այդպիսով ալ այդ համադրումի եւ դերերու բաշխման կապը լրիւ խզուեցաւ:
Ան նշեց, որ անհաւատալի կը թուէր, որ Թուրքիա-Ազրպէյճան հակահայ արշաւին կողքին անխնայ պայքար բանային նաեւ Հայաստանի իշխանութիւնները, բայց եւ այնպէս կացութիւնը այդ է այսօր: «Բայց մենք ընկրկողը չենք. մենք ամրօրէն կը հաւատանք մեր կեցուածքներու արդարութեան, որոնք հիմնուած են մեր պատմութեան, մեր անժամանցելի իրաւունքներուն եւ մարդկային վսեմագոյն արժէքներուն վրայ: Մենք ականատեսն ենք Հայ դատի հանդէպ համահայկական նեցուկին, որ ցայտուն վկայութիւնն է մեր պայքարի ու պահանջատիրութեան արդարացիութեան. նաեւ` քաջ կը գիտակցինք, որ իշխանութիւնները գնայուն են, իսկ պետութիւնը` մնայուն: Մենք պարտք ունինք ո՛չ միայն մեր նահատակներուն առջեւ, այլ նաեւ հայ նոր սերունդի», հաստատեց Տէր Խաչատուրեան:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւս անդրադարձաւ այսօրուան իշխանութիւններուն անընդունելի գործելաոճին, երբ փորձ կը կատարուի իրարու հակասող ներկայացնել Հայ դատի նպատակները եւ պետական շահը, Հայ դատի պայքարը` «խաղաղութիւնը խանգարող», իսկ սփիւռքի կառոյցներն ու Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` «պետականութիւնը վտանգող»:
Ան շեշտեց, որ Հայ դատը երբեք վտանգ չի հանդիսանար պետութեան, այլ անիկա կը հետապնդէ բովանդակ հայ ժողովուրդի արդարութեան դատը, չի խանգարեր խաղաղութիւնը` յայտարարելով, որ Հայ դատի գրասենեակները չեն ստեղծուած օրուան իշխանութիւններուն հաճոյանալու կամ անոնց նեղ շահերուն սպասարկելու համար, այլ` հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Սաղաթէլեան անդրադարձաւ այն իրականութեան, որ տասնամեակներ շարունակ, երբ Հայաստանը չունէր պետականութիւն, եւ այն տարիներուն, երբ նորանկախ հանրապետութիւնը դեռ չունէր կայացած դեսպանութիւններ, աշխարհի մայրաքաղաքներուն մէջ Հայաստանի իրական շահերը պաշտպանողները եղած են Հայ դատի գործիչները, որոնք բազմազան յաջողութիւններ կերտած են` յանուն հայութեան ու անոր իրաւունքներուն:
«Եւ այսօր մենք այստեղ ենք` արձանագրելու անբեկանելի ճշմարտութիւն մը: Մեր առջեւ դրուած է մէկ ընդհանուր նպատակ` ազգային, մրցունակ, ինքնիշխան եւ անվտանգ Հայաստան: Ու այդ նոյն նպատակի համար պայքարը բաժնուած է երկու անբաժան ճակատներու. Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը այս պայքարը կը տանի ներքին ճակատի վրայ` հայրենիքի մէջ, իսկ Հայ դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները` արտաքին ճակատի` աշխարհի բոլոր հարթակներուն վրայ: Այս երկու ճակատները նոյն գոյապայքարի անբաժանելի դիրքերն են», վստահեցուց ան` նշելով, որ ոչ ոք պիտի կարենայ խախտել այս միասնութիւնը:
Այս առիթով պատգամ յղած էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ անցնող տասնամեակներուն Հայ դատի ուղղութեամբ Հայ դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու գործիչներուն առած քայլերը, նուաճած իրագործումները, ինչպէս նաեւ ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ կատարուող հետեւողական ճիգը նկատեց արժանի մեր ժողովուրդի բարձր գնահատանքին, «որովհետեւ ինչ որ կը կատարէք մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներու ձեռքբերման համար կը կատարէք` հեռու անձնական, կուսակցական ու շահադիտական մօտեցումներէ. կը կատարէք բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով, խոր հաւատքով ու գիտակից յանձնառութեամբ»:
Ան շեշտեց, որ ծանօթ ըլլալով Հայ դատի մարմիններու գործունէութեան ու ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն, որոնք երբեք նպաստաւոր չեն Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն, կարեւորութեամբ կ՛ընդգծէ, որ ազգային մեր պահանջատիրութիւնը իր բոլոր բնագաւառներով ու տարածքներով կը կարօտի վերանայման ու վերարժեւորման` մարտավարական նոր մօտեցումներով ու առաջնահերթութիւններու վերադասաւորումով:
«Եթէ երէկ Ցեղասպանութիւնն ու հատուցումն էին Հայ դատի հետապնդման առանցքային նպատակները, այսօր նաեւ Արցախն է, որ մեզի համար պէտք է մնայ էական ու այժմէական: Սփիւռքը յատկապէս փուշ է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի աչքին. սփիւռքը իրենց բառով խանգարիչ է, Հայաստանին եւ մեր ժողովուրդին առնչուած իրենց հեռաւոր նպատակներուն: Այս մօտեցումը մեզ պէտք է մղէ կազմակերպչական նոր ուժ ու գործունէական նոր կենսունակութիւն տալու Հայ դատի աշխատանքներուն», եզրափակեց Արամ Ա. կաթողիկոս:




