Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զուիցերիոյ Խորհրդարանը Թեր Քուէարկեց Արցախի Համար Խաղաղութեան Ֆորումի Ստեղծման

March 19, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան իր դիմատետրի էջին վրայ գրեց. «Այսօր Զուիցերիոյ դաշնակցային ժողովի վերին պալատը` Քանթոններու խորհուրդը ընդունեց թիւ 24.4259 նախագիծը` «Լեռնային Ղարաբաղի համար Խաղաղութեան ֆորում. հայերու վերադարձի կարելիութեան ապահովում» վերնագիրով: 46 անդամներէն 29-ը թեր քուէարկեցին նախաձեռնութեան, որով Զուիցերիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղուի հիմնելու առանձնացուած հարթակ` Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու միջեւ երկխօսութեան համար: Այս նախաձեռնութեան նպատակն է ապահովել բռնի տեղահանուած հայ բնակչութեան անվտանգ, հաւաքական եւ արժանապատիւ վերադարձը իր պատմական հայրենիք:

«Քանթոններու խորհուրդի որոշումը կը յաջորդէ Ազգային խորհուրդի` խորհրդարանի ստորին պալատի կողմէ նոյն առաջարկի որդեգրման, որ կայացած է 17 դեկտեմբեր 2024-ին: Երկու պալատներու հաւանութեամբ թիւ 24.4259 նախագիծը կը ստանայ օրէնքի ուժ` պարտաւորեցնելով դաշնակցային խորհուրդը սկսելու անոր իրականացումը: Քանթոններու խորհուրդին մէջ զեկուցող էր պատգամաւոր Տիանա Անկելինա Մոզերը (Կանաչ Ազատական կուսակցութիւն/Ցիւրիխ), իսկ Ազգային խորհուրդին մէջ առաջարկի հեղինակն ու զեկուցողը Էրիխ Ֆոթոպելն էր (Զուիցերիական ժողովրդական կուսակցութիւն/Ցիւրիխ): Ասիկա առաջին դէպքն է, երբ խորհրդարանի երկու պալատներն ալ ընդունած են որոշում, որ կը վերաբերի հայկական հարցին:

«Բռնի տեղահանուած անձերու վերադարձի իրաւունքը միջազգային օրէնքի հիմնասիւներէն է, որ հաստատուած է բազմաթիւ իրաւական նախադէպերով եւ միջազգային հռչակագիրներով: Մասնաւորաբար` Միջազգային արդարդատութեան դատարանի 2023 թուականի նոյեմբերի որոշումն ու Եւրոպական խորհրդարանի 2024 թուականի մարտի եւ հոկտեմբերի բանաձեւերը կը վերահաստատեն այս սկզբունքը` Ազրպէյճանին կոչ ուղղելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը կարողանան ապահով ու արժանապատուօրէն վերադառնալ իրենց տուները: Խաղաղութեան այս ֆորումի նախաձեռնութեամբ Զուիցերիան կը վերահաստատէ իր հաւատարմութիւնը մարդասիրական երկխօսութեան, միջազգային օրէնքին եւ կառուցողական դիւանագիտութեան`  ի նպաստ Հարաւային Կովկասի մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան»:

Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան յայտնեց. «Ժամանակն է, որ Զուիցերիոյ կառավարութիւնը ամբողջովին գործադրէ այս որոշումի կէտերը եւ արցախահայ քաղաքայիններու իրենց հայրենիք ապահով ու անարգել վերադարձը ջատագովէ: Այսպիսի միջազգային երաշխիքներով տունդարձի իրաւունքը դիւրացնող ֆորումի մը հաստատումը ոչ միայն հայ ժողովուրդի համար յաղթանակ է, այլ նաեւ յաղթանակ մը անոնց համար, որոնք արդարութեան եւ խաղաղութեան համար կը պայքարին»:

Նախորդը

Անգարան «Հայաստան-Թուրքիա Կարգաւորման Նոր Թափ Հաղորդելու Համար» Կարեւոր Կը Նկատէ Պաքուի Պահանջներու Իրագործումը

Յաջորդը

Գիտէ՞ք, Թէ Մարտ 20-ը…

RelatedPosts

Բագրատունի. «Չենք Մոռցած Ու Չենք Կրնար Մոռնալ  Ցեղասպանութիւնը, Նոյնիսկ Եթէ Հայաստանի Պետութիւնը  Վաղը Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութիւն Կնքէ»
Գաղութային

Բագրատունի. «Չենք Մոռցած Ու Չենք Կրնար Մոռնալ Ցեղասպանութիւնը, Նոյնիսկ Եթէ Հայաստանի Պետութիւնը Վաղը Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութիւն Կնքէ»

January 23, 2026
Խաղաղութեան Խորհուրդի Հաստատման  Կանոնադրութեան Ստորագրութիւն` Թրամփի  Եւ Շարք Մը Միջազգային  Ղեկավարներու Ներկայութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խաղաղութեան Խորհուրդի Հաստատման Կանոնադրութեան Ստորագրութիւն` Թրամփի Եւ Շարք Մը Միջազգային Ղեկավարներու Ներկայութեան

January 23, 2026
Տաւոսի Մէջ Ուքրանական Պատուիրակութեան  Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներու Միջեւ  Հանդիպում. Քննարկուած Են Անվտանգութեան  Երաշխիքները
Գլխաւոր լուրեր

Տաւոսի Մէջ Ուքրանական Պատուիրակութեան Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներու Միջեւ Հանդիպում. Քննարկուած Են Անվտանգութեան Երաշխիքները

January 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.