Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Մարդասիրական Նախապայմաններ Ուղղուած Նաեւ Անգարային

Մարտ 22, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարգարայի անցակէտին ժամանակաւոր բացումի համաձայնութեան մասին մանրամասնութիւններ չկան: Պարզապէս կ՛ըսուի, որ դիւանագիտական հարթութեան վրայ կայացած է որոշում, 10 օրով աշխատցնելու սահմանակէտը Հայաստանէն Սուրիա մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրելու համար:

Երեւանը կը շեշտէ Սուրիոյ հետ կատարուած աշխատանքը, առանց նշելու Անգարայի հետ կայացած պայմանաւորուածութեան մասին մանրամասնութիւններ: Փաստօրէն եռակողմ համաձայնութիւն կայացած է:

Յիշենք, որ երկրորդ անգամն է, որ Մարգարայի սահմանակէտը կ՛աշխատի. ժամանակաւորապէս: Առաջինը Թուրքիոյ երկրաշարժին առիթով դարձեալ մարդասիրական օժանդակութեան փոխադրութեան կը վերաբերէր:

Տեսքով մարդասիրական, ըստ էութեան քաղաքական շարժառիթներով բացուող-փակուող սահմանակէտի երեւոյթը ընդհանուր սահմանի բացման նախապատրաստական մթնոլորտ կը ստեղծէ: Աւելի ճիշդ խաբկանք` սահմանի բացման կարելիութիւններուն ուղղութեամբ:

Անգարան եւ Պաքուն համաձայնած են, որ երկու ուղղութիւններով տարուող երկխօսութիւններն ու բանակցութիւնները փոխկապակցուած են: Առանց Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումին պէտք չէ պատկերացնել Անգարայի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում եւ սահմանի բացում:

Ժամանակաւորն ալ անհանգստացուցած է Պաքուն: Արդարեւ, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս յայտարարեց, որ եթէ Հայաստանը շահագրգռուած է մարդասիրական խնդիրներու լուծումով, ապա պէտք է ապահովէ ազրպէյճանցիներու ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը, բացայայտէ 4.000 ազրպէյճանցի անհետ կորսուածներու ճակատագիրը եւ համագործակցի ականապատ դաշտերու քարտէսներ տրամադրելով:

Մարդասիրական բնոյթի քանի մը փոխադրակառք Թուրքիոյ վրայով Սուրիա ուղարկելու այս գործողութիւնը անհանգստացուցած է Պաքուն, որ ոչ միայն սահմանի ընդհանուր բացումը առանց Ազրպէյճանի չի պատկերացներ, այլ նոյնիսկ ժամանակաւոր բացումին դէմ է:

Մարդասիրական բնոյթի գործողութիւն իրականացնելու համար Ազրպէյճանը մարդասիրական բնոյթի նախապայմաններ կ՛արծարծէ: Չորս հազար անհետ կորսուած ազրպէյճանցիներու բացայայտում եւ  ականապատ դաշտերու քարտէսներու տրամադրում:

Ազրպէյճանի այս վարքագիծը կը յուշէ, որ ամէն առիթ պիտի օգտագործուի նախապայմանները նորացնելու: Նախապայմաններ, որոնք փուլ առ փուլ կը յայտարարուին եւ որոնց առընթեր Երեւանէն կը պահանջուին քայլեր:

Ուշագրաւը այս պարագային այն է, որ Անգարան յայտարարելով, որ յարաբերութիւններու հաստատումը Երեւանին հետ սերտօրէն կապակցուած է Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան յանգումին, ժամանակաւոր տեսքով ճեղքումներ կը կատարէ, ինչ որ արագ եւ խիստ հակազդեցութեան կ՛արժանանայ Պաքուի կողմէ:

Պաքուի յայտարարութիւնը առ այն, որ Երեւանը մարդասիրական քայլերու պէտք չէ ձեռնարկէ, մինչեւ որ իր պարտաւորութիւնները չկատարէ ` այս պարագային իբրեւ թէ անհետ կորսուած պարագաներու ճակատագիրները բացայայտելով, խորքին մէջ ուղղուած է նաեւ Անգարային: Այլ խօսքով` Անգարան պէտք  չէ բանար Մարգարայի սահմանակէտը եւ ճամբայ տրամադրէր Երեւանին մարդասիրական գործողութիւններ իրականացնելու համար:

Մարգարայի մասով, եթէ կայ նախադէպը, հիմա ալ երկրորդը, կը տարուինք մտածելու, որ այս երեւոյթը կրնայ շարունակութիւն ունենալ: Այսինքն, ժամանակաւոր սահմանային բացումներ: Առ այժմ մարդասիրական նպատակներով, վաղը գուցէ այլ բնոյթով:

Կարեւոր քաղաքական կէտ մը: Սուրիոյ այսօրուան իշխանութիւններուն հետ պայմանաւորուածութիւնները, մանաւանդ Երեւանի կողմէ, անպայման կը ստանան Անգարայի համաձայնութիւնը, նկատի ունենալով սուրիական նորահաստատ իշխանութիւններուն վրայ Անգարայի ազդեցութիւնն ու հովանաւորութիւնը:

«Ա.»

Նախորդը

Պաքու. «Եթէ Հայաստանը Մարդասիրական Խնդիրներու Լուծումով Շահագրգռուած Է, Պէտք Է Ապահովէ Ազրպէյճանցիներու Ապահով Եւ Արժանապատիւ Վերադարձի Իրաւունքը»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 196-ի Լուծում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?