Ռուպիօ Ամերիկեան Քայլէ Կը Զգուշացնէ, Եթէ Փանամայի Ջրանցքին Շուրջ «Անընդունելի Կացութեան» Գծով «Անմիջական Փոփոխութիւններ» Չըլլան
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ զգուշացուց Փանաման իր դէմ ամերիկեան քայլէ, եթէ Փանամայի ջրանցքին առնչուած «անմիջական փոփոխութիւններ» չկատարէ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պրուս յայտնեց, որ Ռուպիօ Փանամայի նախագահ Խոսէ Ռաուլ Մուլինոյի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնած է. «Ներկայ կացութիւնը անընդունելի է, եւ եթէ անմիջական փոփոխութիւններ չկատարուին, ապա Միացեալ Նահանգներ պիտի ստիպուին պէտք եղած քայլերը որդեգրել`...




















