Հայաստանի կողմէ Մարգարայի անցակէտով մարդասիրական օգնութիւն ուղարկուած է Սուրիա:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան, Սուրիա ուղարկուած մարդասիրական բեռը կը ներառէ սնունդ եւ բժշկական պարագաներ:
«Մարդասիրական օգնութիւնը Սուրիա պիտի առաքուի Հայաստանը Թուրքիոյ կապող «Մարգարա» անցակէտով, որ այս նպատակով բացուած է Թուրքիոյ հետ երկկողմանի համաձայնութեան շնորհիւ: Այս առնչութեամբ շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ թրքական կողմին` մարդասիրական բեռի առաքման սահուն կազմակերպման օժանդակելու համար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: