Նախանցեալ օր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ Բիւրոյի անդամներ Լիլիթ Գալստեան ու Արսէն Համբարձումեան հանդիպած են Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինին:
Արմէն Ռուստամեան ընդհանուր գիծերով տեղեկացուցած է օրերս տեղի ունեցած ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովի, ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր կազմի, ընդունուած հիմնական որոշումներու եւ կուսակցութեան ռազմավարական առաջնահերթութիւններու մասին:
Միտքեր փոխանակուած են աշխարհաքաղաքական զարգացումներու, շրջանին մէջ եւ յատկապէս Հայաստանի շուրջ ծաւալուող անվտանգային մարտահրաւէրներու շուրջ:
Կարեւոր նկատուած է Ռուսիոյ հետ շարք մը ուղղութիւններով, մասնաւորապէս` խորհրդարանական ձեւաչափով համագործակցութիւնը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները յատուկ շեշտած են Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ Պաքուի մէջ տեղի ունեցող ապօրինի դատավարութեան հետ կապուած իրենց մտահոգութիւնները: