Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Զէնքի Միաւորումը` Իսրայէլեան Ուժերու Հեռացման Դիմաց

March 25, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան քաղաքական եւ պետական դաշտերէն հետզհետէ աւելի յստակ կը հնչէ զէնքի միաւորման առաջադրանքը: Կ՛ակնկալուին գործնական քայլեր, այն համոզումը փոխանցելով, որ երկրի յառաջընթացի հիմնական արգելակիչը այդ խնդիրն է, որ պէտք է հանգուցալուծել արագօրէն: Հանրային այն կարծիքը կը փորձուի ձեւաւորել, որ արտաքին օժանդակութիւնները, որոնցմով պայմանաւորուած է ճգնաժամերէն դուրս գալը, կ՛իրականանան միայն այն ժամանակ, երբ լիբանանեան բանակէն դուրս, որեւէ այլ ռազմական միաւոր կը դադրի գոյութիւն ունենալէ:

Այս շրջածիրին մէջ Հըզպալլայի զէնքը չյանձնելը  կը ներկայացուի իբրեւ Իսրայէլի պատրուակի տրամադրում իր յարձակումները շարունակելու Լիբանանի վրայ կամ իր ուժերը չհեռացնելու լիբանանեան տարածքներէն: Այս առումով ալ լիբանանեան բանակէն կ՛ակնկալուի կա՛մ համաձայնութեամբ խնդիրը հանգուցալուծել, կա՛մ ալ բախումներով զէնքի միաւորման առաջադրանքը իրականացնել, այլապէս այդ գործառոյթը պիտի կատարէ Իսրայէլը:

Աւելի հաւասարակշռուած մօտեցում ունի վարչապետը այս ուղղութեամբ: Հաստատելէ ետք, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը յստակօրէն  նշած է զէնքին կառավարութեան մենաշնորհը ըլլալը, կը յանձնարարէ բոլորին կառչած մնալ այս սկզբունքին, իրատեսօրէն ընդգծելով, որ այս առաջադրանքը մէկ օրէն միւսը չի կրնար գործադրուիլ: Զէնքի պետութեան մենաշնորհի անհրաժեշտութեան դիմաց կը նշուի նաեւ իսրայէլեան ուժերու հեռացման հրամայականը:

Ա՛յս է, որ խախտած է փաստօրէն: Զինադուլի համաձայնութիւնը երկու կողմերէն ակնկալութիւն ունէր. նոյնիսկ ժամկէտ ճշդուած էր: 60-օրեայ ժամկէտը վաղուց սպառած է, եւ Իսրայէլ չէ կատարած իր պարտաւորութիւնները:

Աւելի նեղ հանգոյցը այստեղ է: Պաշտօնական Պէյրութը կը հաստատէ, որ հարաւային Լիբանանի ազատագրումի գործը լիբանանեան բանակին կը պատկանի:

Զէնքի միաւորման կամ յանձնումի առումով լիբանանեան զանազան շրջանակներէ հնչած պահանջները անհրաժեշտ է, որ առնուազն զուգահեռ ձեւով արծարծեն հարցը: Զէնքի յանձնում, դիմացը իսրայէլեան ուժերու հեռացում: Այլապէս, կը հետեւի այն, որ պաշտօնական Պէյրութը պահանջած կ՛ըլլայ ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւի միակողմանի գործադրութիւնը յօգուտ հակառակորդ կողմին:

Այս առումով ուշագրաւ է Քաթարի վարչապետին փոխանցումը լիբանանցի իր պաշտօնակիցին: Քաթար կը դատապարտէ իսրայէլեան ռմբակոծումը, որ Լիբանանի հարաւը կը թիրախաւորէ: Ըստ քաթարցի պաշտօնատարին, անհրաժեշտ է, որ կողմերը ամբողջովին յանձնառու ըլլան զինադադարի համաձայնութիւններուն, եւ  իսրայէլեան բռնագրաւումի ուժերը հեռանան լիբանանեան բոլոր հողերէն:

Կայ միջազգային որոշում, եւ կան անոր հետեւող արաբական երկիրներու պաշտօնական դիրքորոշումներ: Պարզ է, որ գործնական աջակցութիւնները պայմանաւորուած են թէ՛ միջազգային ընտանիքին եւ թէ՛ արաբական պետութիւններուն կողմէ: Այս փուլին սակայն, տարբեր բան է իսրայէլեան ուժերու հեռացման պահանջը: Եթէ կայ բանակի համակողմանի աջակցութիւն, այդ կը նշանակէ, որ բանակի հեղինակութիւնը պահպանելու համար անիկա պիտի իրականացնէ իրմէ պահանջուած գործառոյթներուն ամբողջականութիւնը: Թէ՛ զէնքի միաւորումը եւ թէ՛ Լիբանանի տարածքային ամբողջականութեան եւ անոր միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անվտանգութիւնն ու վերահսկողութիւնը:

«Ա.»

Նախորդը

Ոգեկոչման Ձեռնարկ` Սարգիս Զէյթլեանի Առեւանգման Եւ Նահատակութեան 40-Ամեակին Առիթով

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (25 Մարտ 2025)

RelatedPosts

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական  Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ

October 1, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք  Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական  Գործողութիւնները Վերականգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական Գործողութիւնները Վերականգնել

October 1, 2026
Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ  Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով  Ահաբեկչական Արարք»
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով Ահաբեկչական Արարք»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.