
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ դոկտ. Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեանի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրի հիմամբ, դոկտ. Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեանին յանձնուեցաւ պարտականութիւն կատարելու կառավարութեան մօտ վիճակագրական հարցերով խորհրդականի պաշտօնը:
Դոկտ. Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեան 1999-2022 պաշտօնավարած է իբրեւ նախարարաց խորհուրդին կից վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն: