Շաբաթ առտու հարաւային Լիբանանէն երեք հրթիռներ արձակուեցան հիւսիսային Իսրայէլի մէջ գտնուող Մթըլլէ բնակեցման վայրին ուղղութեամբ: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ երեք հրթիռները վնասազերծուած են:
Մթըլլէի շրջանին ուղղութեամբ կատարուած հրթիռարձակումէն ետք, իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանի մէջ Եոհմորի կեդրոնն ու Առնունի մերձակայքը: Աւելի ուշ, իսրայէլեան օդուժը ձեռնարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տարբեր շրջաններու վրայ օդային յարձակումներու:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Լիբանանէն Գալիլիոյ իսրայէլեան գիւղերուն վրայ կրակոց պիտի չարտօնենք, եւ իսրայէլեան բանակին ցուցմունք տուի Լիբանանի մէջ հրթիռարձակման աղբիւրներուն հակադարձելու»:
«Լիբանանէն Գալիլիոյ մէջ իսրայէլեան գիւղերուն վրայ հրթիռարձակումի կրկնութիւնը պիտի չարտօնենք: Գալիլիոյ գիւղերուն անվտանգութիւնը երաշխաւորել խոստացանք, եւ ճիշդ այդ է, որ տեղի պիտի ունենայ», շեշտեց Քաց` աւելցնելով. «Պէյրութը Մթըլլէի դիմաց: Լիբանանեան կառավարութիւնը իր հողերէն կատարուած որեւէ հրթիռարձակումի համար պատասխանատու է»:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտարարեց. «Բանակի սպայակոյտի պետ Այալ Զամիր այս առտու Լիբանանէն հրթիռարձակումներէն ետք կացութեան գնահատում կատարեց, եւ իսրայէլեան բանակը ուժեղ կերպով պիտի հակադարձէ որեւէ կրակոցի»` աւելցնելով. «Լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու է զինադադարի համաձայնութեան պահպանման, եւ ներքին ճակատին ուղղուած ցուցմունքի որեւէ փոփոխութիւն չկայ»:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարի գրասենեակը հաղորդեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու եւ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց բանակին ցուցմունք տուին ուժգին կերպով հակադարձելու եւ Լիբանանի մէջ տասնեակներով թիրախներ ռմբակոծելու»:
ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց. «ՖԻՆԻՒԼ-ը տակաւին մեծապէս մտահոգ է առաւօտեան շուրջ ժամը 7:30-ին իսրայէլեան բանակին կողմէ անմիջապէս ուժեղ հակազդեցութեան արժանացած Լիբանանէն Իսրայէլի Մթըլլէ բնակեցման վայրի մերձակայքին ուղղութեամբ արձակուած չորս հրթիռներէն ետք բռնարարքի հաւանական մագլցումին նկատմամբ»:
«Բոլոր կողմերը շեշտակի կերպով կը յորդորենք չառնելու քայլեր, որոնք կրնան արձանագրուած յառաջընթացը վտանգի ենթարկել, մանաւանդ քաղաքայիններու կեանքերուն եւ վերջին ամիսներուն շրջանին մէջ փխրուն կայունութեան սպառնալիքի լոյսին տակ», աւելցուց ան` ընդգծելով. «Այս փոփոխական պայմաններուն մէջ որեւէ յաւելեալ մագլցումը կրնայ շրջանին մէջ ծանր հետեւանքներու յանգեցնել»:
«Տակաւին կացութիւնը չափազանց փխրուն է, եւ կողմերը կը քաջալերենք յարգելու իրենց յանձնառութիւնները: ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ զինուորները կը շարունակեն իրենց բոլոր դիրքերուն վրայ կատարել իրենց առաքելութիւնը», յայտնեց Թինընթի:
Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ զգուշացուց հարաւային Լիբանանի սահմաններուն վրայ զինուորական գործողութիւններու վերսկսումէն` նկատի ունենալով երկիրը նոր պատերազմի մէջ ներքաշելու վտանգները, ինչ որ Լիբանանին ու լիբանանցիներուն համար աղէտալի կրնայ ըլլալ:
Ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսայի հետ` շեշտելով «անհրաժեշտութիւնը որդեգրելու պէտք եղած ապահովական եւ զինուորական բոլոր քայլերը, որոնք կ՛ընդգծեն, թէ պետութիւնը միակն է, որ պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը ունի»:
Սալամ նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Ժանին Հենեսի-Պլասխարթի հետ` ՄԱԿ-ին կոչ ուղղելով «կրկնապատկելու Իսրայէլի վրայ ճնշումը, որպէսզի ամբողջական կերպով հեռանայ իր բռնագրաւած լիբանանեան հողերէն, որովհետեւ այդ բռնագրաւումը խախտում է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին եւ յատուկ քայլերուն թշնամական արարքները դադրեցնելու համաձայնութեան, զոր կառավարութիւնը անցեալ նոյեմբերին վաւերացուց եւ Լիբանանը կը յարգէ»:
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն դատապարտեց Լիբանանը անգամ մը եւս բռնութեան ոլորապտոյտին մէջ ներքաշելու փորձերը` նշելով. «Այն, ինչ որ այսօր հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ, եւ այն ինչ որ 18 փետրուարէն ի վեր կը շարունակուի, Լիբանանի վրայ շարունակուող յարձակում մըն է եւ լիբանանցիներուն միաձայնութիւնը վայելող փրկութեան ծրագիրին հարուած մը»:
Նախագահ Աուն հարաւային Լիբանանի մէջ առնչակից բոլոր ուժերուն, մասնաւորաբար նոյեմբեր 2024-ի համաձայնութենէն բխած հսկողութեան յանձնախումբին ու բանակին կոչ ուղղեց` ծայրայեղ լրջութեամբ հետեւելու տեղի ունեցողին` խուսափելու համար որեւէ հետեւանքէ, եւ զսպելու համար որեւէ խախտում կամ սայթաքում, որ կրնայ ներկայ զգայուն պայմաններուն մէջ վտանգել հայրենիքը:
Հանրապետութեան նախագահը բանակի հրամանատարէն պահանջեց դաշտային անհրաժեշտ քայլերը որդեգրել` պահպանելու համար քաղաքայիններուն անվտանգութիւնը եւ բացայայտելու տեղի ունեցածին ծալքերը:
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Լիբանանի բարեկամ արաբներուն եւ օտարներուն մօտ դիւանագիտական բոլոր ջանքերը կը թափենք Իսրայէլի մագլցումը դադրեցնելու համար»:
«Մագլցումի չենք ձգտիր եւ աշխատանք կը տանինք, որ Իսրայէլը Լիբանանի վրայ իր յարձակումը դադրեցնելու մղելու համար», աւելցուց Ռաժժի:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի լիբանանեան բանակին եւ արդարադատական ու ապահովական իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբին կոչ ուղղեց` շտապել շաբաթ առտու հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցածին ծալքերը բացայայտելու:
Ան ըսաւ, որ դէպքէն միակ օգտուող Իսրայէլն է, որ զինադադարը մինչեւ հիմա 1500 անգամ խախտած է, մինչ Լիբանանն ու Դիմադրութիւնը ամբողջական կերպով կը յարգեն զինադադարի համաձայնութեան բոլոր կէտերը:
Խորհրդարանի նախագահը բոլոր լիբանանցիներուն եւ մասնաւորաբար քաղաքական ուժերուն կոչ ուղղեց` քաղաքական հռետորաբանութիւնը զտելու եւ պետութեան ու անոր սահմանադրական, արդարադատական, զինուորական ու ապահովական հաստատութիւններուն շուրջ համախմբուելու, ինչպէս նաեւ գիտակցելու վտանգը թշնամիին համար պատրուակներ ստեղծելու վէճերուն, որոնք առիթ կը ստեղծեն Լիբանանը եւ անոր կայունութիւնը հարուածելու:
Հըզպալլան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ հարաւային Լիբանանէն բռնագրաւեալ պաղեստինեան հողերուն վրայ հրթիռարձակման հետ որեւէ կապ չունի` աւելցնելով. «Իսրայէլացի թշնամիին պնդումները պատրուակներու ծիրին մէջ են շարունակելու Լիբանանի վրայ յարձակումները, որոնք զինադադարի յայտարարութենէն ի վեր չդադրեցան»:
Հըզպալլան վերստին հաստատեց իր յանձնառութիւնը զինադադարին նկատմամբ: Ան ընդգծեց նաեւ, որ ինք կանգնի պետութեան թիկունքին` լուծելու համար Լիբանանի վրայ սիոնական այս վտանգաւոր մագլցումի հարցը:
Ղովմի կուսակցութեան զինեալ թեւը իր կարգին հերքեց հարաւային Լիբանանէն Մթըլլէի ուղղութեամբ հրթիռարձակման պատասխանատուութիւնը:
Պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսա հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Լիբանան կը մերժէ նոյեմբեր 2024-ի զինադադարէն առաջ կացութեան վերադառնալ եւ ուժեղ կերպով դէմ պիտի կանգնի լիբանանեան բոլոր հողերուն, մասնաւորաբար հարաւային եւ արեւելեան սահմաններուն վրայ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման պետութեան ջանքերը հարուածելու փորձերուն»:
Ան նշեց, որ լիբանանեան բանակը սկսաւ հետաքննել հրթիռարձակման դէպքը:
Պաշտպանութեան նախարարը զինադադարը հովանաւորող պետութիւններուն կոչ ուղղեց. «Իսրայէլացի թշնամին շինծու եւ սուտ պատրուակներով իր ոտնձգութիւններէն ու շարունակուող յարձակումներէն ետ կանգնեցնելու»` կարեւոր նկատելով աշխուժացումը զինադադարի համաձայնութենէն ծնունդ առած յանձնախումբին` լիբանանեան բանակի հետ, «որ իր առաքելութիւնն ու պատասխանատուութիւնը լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ լաւապէս կը կատարէ»:
Մնասսա լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց զգօն ըլլալու եւ զգուշանալու «լիբանանեան բանակին ու իրենց գիւղերուն ու գիւղաքաղաքներուն մէջ տոկացող բնակիչներուն միջեւ խնդիր ստեղծելու եւ անոնց միջեւ վստահութիւնը քայքայելու, պետութեան ու ժողովուրդին միջեւ խզում յառաջացնելու փորձերէն` իսրայէլեան թշնամիի կիրարկած ահաբեկման ու ապակողմնորոշման ճամբով»:
«Լիբանանեան պետութիւնը կը շարունակէ քաղաքական, դիւանագիտական ու զինուորական մակարդակներու վրայ աշխատիլ Լիբանանի գերիշխանութիւնը, անոր ժողովուրդին անվտանգութիւնը, հողերուն ապահովութիւնը եւ հիւսիսային, արեւելեան ու հարաւային սահմաններու պաշտպանութեան համար», շեշտեց պաշտպանութեան նախարարը:
Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, Իսրայէլ շաբաթ օր Լիբանանի վրայ 50 յարձակում գործած է: Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով Լիբանանի մէջ արձանագրուեցաւ 7 զոհ եւ 40 վիրաւոր:
Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարար, կառավարութեան բանբեր Փոլ Մըրքոս «Արապիա»-ին յայտնեց, որ Լիբանան տեղի ունեցողը կը նկատէ «երկիրը նոր մագլցումի մէջ ներքաշելու փորձ մը»:
«Իսրայէլ իր յարձակումները շարունակելու համար անհիմն պատրուակներ կ՛օգտագործէ», նշեց ան:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը երէկ առտու Այթա Շաապի մէջ հարուածեց ինքնաշարժ մը: Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ արձանագրուած է զոհ մը:
Իսրայէլեան բանակը իր կարգին յայտարարեց. «Այսօր Այթա Շաապ շրջանին մէջ թիրախաւորեցինք Հըզպալլայի անդամներէն մէկը»: