Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Լը Տրիանի Հետ Քննարկեց Ուրբաթ Օր Ֆրանսա Իր Այցելութեան Պատրաստութիւնները

March 27, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան այցելեց Լիբանան եւ հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի, վարչապետ Նաուաֆ Սալամի, արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Նախագահ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լը Տրիանը, որուն կ՛ընկերակցէր Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, եւ անոր յայտնեց, որ անհամբեր կը սպասէ ուրբաթ օր Փարիզի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ իր հանդիպումին, որպէսզի անգամ մը եւս անոր շնորհակալութիւն յայտնէ Լիբանանի աջակցութեան եւ անոր վերականգնման օժանդակութեան մէջ իր դերակատարութեան համար, մասնաւորաբար նախագահական ընտրութեան կայացման դիւրացման մէջ իր անձնական դերակատարութեան համար:

Աուն ֆրանսացի պատուիրակին յայտնեց, որ Մաքրոնի հետ պիտի քննարկէ հասարակաց հարցեր, որոնք կը վերաբերին տարբեր ոլորտներու մէջ Լիբանան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու ամրապնդման ու զարգացման:

Ան նշեց, որ բարեկարգումներու հարցը վերջին պատերազմի ընթացքին իսրայէլեան ռմբակոծման հետեւանքով քանդուած գիւղերու եւ գիւղաքաղաքներու վերաշինութեան կողքին իր առաջնահերթ հետաքրքրութիւններէն է:

Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ աշխատանքը պիտի շարունակուի վերականգնելու ներլիբանանեան վստահութիւնը, ինչպէս նաեւ արտաքին աշխարհի վստահութիւնը, մանաւանդ որ հասանելի առիթներ գոյութիւն ունին, ուստի պէտք է անոնցմէ օգտուիլ, իսկ անոնց գլխաւորը Լիբանանի նկատմամբ ֆրանսական աջակցութիւնն է եւ այդ ծիրին մէջ նախագահ Մաքրոնի ղեկավարած շարժումը:

Աուն ըսաւ, որ կառավարութեան հետ վճռակամ է յաղթահարելու դժուարութիւնները, որոնք կրնան երկրին մէջ տնտեսական, դրամատնային, ելեւմտական ու արդարադատական ոլորտներու մէջ բարեկարգման երթը դիմագրաւել, ինչպէս նաեւ վճռակամ է առնչակից կողմերուն հետ գործակցաբար յարմար լուծումներ գտնելու:

Ան նշեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ սկսած են ժողովները` «իրագործելու համար պահանջուած բարեկարգումները, որոնք միջազգային ընտանիքին պահանջը ըլլալէն առաջ Լիբանանի մէջ մեր ուզածն է»:

Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի մէջ կացութեան, հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ իսրայէլեան յարձակումները կը շարունակուին, հակառակ նոյեմբերին գոյացած զինադադարի համաձայնութեան, ինչպէս նաեւ Իսրայէլ կը շարունակէ բռնագրաւուած պահել հինգ բլուրները եւ իր մօտ պահել վերջին պատերազմի ընթացքին գերեվարուած լիբանանցիները:

«Համաձայնութեան հովանաւորները պէտք է Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնեն, որպէսզի ան յարգէ զայն` պահպանելու համար իրենց հաւաստիութիւնը եւ երաշխաւորելու կայունութեան վերականգնման ու թշնամական արարքներու դադրեցման համար գոյացած համաձայնութեան գործադրութիւնը:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ տիրող կացութիւնը:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի ֆրանսացի պատուիրակին հետ իր հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ Իսրայէլ պէտք է «անմիջապէս, ամբողջական կերպով եւ առանց նախապայմանի հեռանայ լիբանանեան հողերէն, դադրեցնէ իր յարձակումը եւ յանձնառու ըլլայ թշնամական արարքներու դադրեցման եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան»:

Լը Տրիան իր կարգին ընդգծեց. «Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի շարունակուող աջակցութիւնը` այդտեղ կայունութիւն հաստատելու համար»` գովաբանելով «հանրապետութեան նախագահի երդման ճառը եւ Լիբանանի վերաբերեալ բովանդակած պատկերացումը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան կառավարութեան աշխատանքի լրջութիւնը»:

Նախորդը

Դոկտ. Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեան` Կառավարութեան Մօտ Վիճակագրական Հարցերով Խորհրդական

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (27 Մարտ 2025)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցումներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցումներ

September 24, 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը  Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

September 24, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ  Հանդիպում Ունենալու»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ Հանդիպում Ունենալու»

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.