Նորաձեւութիւն Ուլեանա Սերկէյէնքոյի «Փարաճանովեան» Մոթիֆներով Հաւաքածոն
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ռուս ձեւագիտուհի Ուլեանա Սերկէյէնքօ վերջերս Փարիզի մէջ ներկայացուց իր նոր հաւաքածոն, նուիրուած` ընտանիքին եւ Կովկասին: Սերկէյէնքոյի համար յաճախ ներշնչման աղբիւր կը դառնան զանազան անձնական պատմութիւններ եւ երկիրներ, որոնց հետ ձեւագիտուհին սերտ կապ կը զգայ: Այս անգամ ան դիմած է Վրաստանի եւ Հայաստանի ժառանգութեան, ուր ծնած է իր ամուսինը, եւ ուր ստեղծուեր են նախորդ հարիւրամեակի նկարիչներու լաւագոյն գործերը:...




