ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ նիւթականի եւ ասպարէզի վերաբերեալ հարցեր պատահին, պիտի կարենաք լուծում մը գտնել: Ամէն ինչ փոխադարձ հասկացողութեան կը կարօտի:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր արուեստը պիտի գնահատուի շօշափելի կերպով: Այս յաջողութիւնը պիտի թելադրէ ձեզի` ձեռնարկել նոր աշխատանք մը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրը ձախող է գործի եւ նիւթականի վերաբերեալ: Մի՛ յուսահատիք, այլ փնտռեցէք պատճառը այս իրողութեան: Կրնաք վերականգնիլ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ժառանգականութեան պատմութիւնները միշտ կ՛ունենան իրենց անհաճոյ իրողութիւնը: Ծայրայեղ մի՛ ըլլաք` պահանջելով առաւելագոյն շահը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ առիթներ պիտի ունենաք դուրս ելլելու համար, ինչ որ ձեզի հաճոյք պիտի պատճառէ: Կրնայ ըլլալ, որ հանդիպիք հրապուրիչ անձի մը, որմէ կրնաք հմայուիլ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կարգ մը աւանդութիւնները կիրարկելով` պիտի ապրիք անոնց ազդեցութեամբ: Անցեալի աւանդութիւնները մոռնալը ապերախտութիւն է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Թոյլ մի՛ տաք, որ գէշ յիշատակները արծարծուին ձեր սրտին եւ մտքին մէջ: Անոնք վնասակար ազդեցութիւններ կրնան ունենալ: Օրերը կը փոխուին:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կարիքը ունիք նոր գիտելիքներ սորվելու` ձեր ապագային համար: Հանդարտութեամբ մտածեցէք այս մասին: Հեռու մնացէք աղմկարար շրջանակներէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Տունէն դուրս պիտի ելլէք, պիտի հանդիպիք բարեկամներու, լաւ ժամանակ պիտի անցընէք անոնց հետ: Այս պէտք է ըլլայ օրուան ձեր ծրագիրը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր գործին, բարեկամներուն եւ ընտանիքին մէջ սպասեցէք բազմատեսակ դրական երեւոյթներու: Սրտի հարցով նոր զգացումներ պիտի ունենաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր մտահոգութիւններէն զերծ մնալու համար լաւագոյն միջոցը մարզանք կատարելն է: Ընկերային կեանքը միշտ առաւելութիւններ ունի` ձեր տրամադրութիւնը բարձրացնելու:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շատ յոռետես պիտի ըլլաք հարցի մը վերաբերեալ: Կը գտնուիք կացութեան մը մէջ, որ տակաւին իր լուծումը չէ գտած: Համբերութի՛ւն: