Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ճիշդ է որ Էլիզապէթ թագուհիին հետ սեղան նստելու առիթ պիտի չունենանք, բայց եւ այնպէս արդեօք ծանօ՞թ ենք սեղանի կենցաղավարական կանոններուն. եկէք` ստուգենք:
– 1 –
– Ճաշարանը, երբ սպասեակը ուտելիքները կը բերէ, պէտք է «Բարի ախորժակ» մաղթել բոլորին:
ՍԽԱԼ. ո՛չ «բարի ախորժակ» կը մաղթենք, ո՛չ ալ «Հը՜ըմ, ի՛նչ անօթի եմ…» կ՛ըսենք: Պարզապէս կը լռենք:
– 2 –
– Երբ ուտելը աւարտենք, ձեռքերը կը դնենք ծունկերուն վրայ:
ՍԽԱԼ. ձեռքերը ծունկերուն չենք դներ, բայց նաեւ արմուկները սեղանին չենք դներ: Պարզապէս ձեռքերը սեղանին կը դնենք` պնակին երկու կողմերուն:
– 3 –
– Եթէ ընթրիքի հրաւիրուած ենք, ճիշդ ժամուն պէտք է հասնինք:
ՍԽԱԼ. կենցաղավարութիւնը կը պահանջէ, որ քառորդ ժամ ուշ հասնինք. իսկ այդ քառորդ ժամը ծանօթ է` որպէս «քաղաքավարութեան քառորդ ժամը»:
– 4 –
– Երբ ճաշի սեղանը կը սարքենք, բաժակները կը շարենք մեծէն փոքր, ձախէն դէպի աջ:
ՃԻՇԴ. գինիի, ջուրի, շամփանիայի բաժակները շարելու կանոնը շատ պարզ է, մեծէն փոքր` ձախէն դէպի աջ:
– 5 –
– Սեղանը յարդարելու ատեն կտորէ անձեռոցիկները կը զետեղենք պնակին մէջ:
– Եթէ կէսօրուան ճաշ է, անձեռոցիկը կը զետեղենք պնակին մէջ, իսկ ընթրիքի պարագային` պնակի ձախին:
– 6 –
– Եթէ տակաւին ճաշը չենք աւարտած, դանակն ու պատառաքաղը զուգահեռ ձեւով կը զետեղենք պնակին մէջ:
ՍԽԱԼ. եթէ ճաշը չենք աւարտած դանակն ու պատառաքաղը պնակին մէջ կը տեղաւորենք «ժամը 4:00-ին քսան մնացած»-ի դիրքով…
– 7 –
– Ճաշը աւարտելէ ետք դանակն ու պատառաքաղը կը տեղաւորենք պնակին երկու ծայրերուն:
ՍԽԱԼ. ճաշը աւարտելէ ետք դանակն ու պատառաքաղը զուգահեռ կը դնենք «ժամը 4:00-ը 20 անց»-ի դիրքով:
– 8 –
– Եթէ տանտիրուհին առաջարկէ երկրորդ անգամ մը հիւրասիրել մեզ, պէտք է սիրով ընդառաջենք:
ՍԽԱԼ. քաղաքավարութիւնը կը պահանջէ, որ մերժենք եւ երկրորդ առաջարկին սպասենք:
– 9 –
– Հացի կտորը եթէ խոշոր է, դանակով չենք կտրեր:
ՃԻՇԴ. հացը ձեռքով, մատներուն ծայրով կը կտրենք. երբեք դանակ չենք գործածեր:
– 10 –
– Ճաշի սեղանին շուրջ քաղաքականութիւն չենք խօսիր:
ՃԻՇԴ. բացի քաղաքականութենէն` նաեւ պէտք է խուսափինք դրամական եւ կրօնական նիւթերէն:
Նաեւ Յիշե՛նք
– Ճաշի սեղանին շուրջ պէտք է նստիլ ուղիղ, առանց աթոռին կռնակին յենելու:
– Մինչեւ տանտիկինը սեղան չնստի եւ ուտելու չսկսի, հրաւիրեալները ուտելու չեն սկսիր:
– Ճաշի սեղանին շուրջ բջիջայինով չենք զբաղիր:
– Կերակուրին աղ չեն աւելցներ համտեսելէ առաջ:
– Նախքան բաժակը օգտագործելը` անձեռոցիկով բերանը պէտք է մաքրել բաժակին շուրջ անախորժ հետքեր չձգելու համար:
– Դանակը պէտք չէ բերանը տանիլ:
– Հացի կտորը կերակուրին թացանին մէջ թաթխելով պէտք չէ ուտել:
– Սփակեթթին դանակով պէտք չէ կտրտել, այլ` պատառաքաղին շուրջ փաթթելով ուտել:
– Ապուրը փչելով պէտք չէ ուտել, ոչ ալ ամանը տեղէն բարձրացնելով` դէպի բերան տանիլ ու խմել:
– Բերանը լեցուն պէտք չէ խօսիլ:
Ձեռային Աշխատանք
Ինչպէ՞ս Ծրարել Խմիչքի Շիշ Մը
Տղամարդու մը խմի՞չք պիտի նուիրէք. ահաւասիկ` շիշը ծրարելու իւրայատուկ ձեւ մը:
Առէք հին շապիկի մը թեւին բաժինը, նայած շիշին բարձրութեան` կտրեցէք զայն եւ վարի բաժինը կարեցէք:
Շիշը տեղաւորեցէք թեւին մէջ եւ վրան հաստատեցէք տղամարդու փափիյոն մը:
Ստացողը վստահաբար անտարբեր պիտի չմնայ այս գեղեցիկ ծրարումին հանդէպ:
Մեծ Մայրիկի Թելադրանքներ.
Ի՛նչը Ինչո՞վ Դարմանել

Մաքուր դէմքին վրայ տարածել 2 ապուրի դգալ մեղր, սպասել 20 վայրկեան, ապա մաքրել գաղջ ջուրով:

25 սանթիլիթր տաք ջուրի մէջ թրջել սեւ թէյի ծրարիկ մը, ձգել, որ պաղի, ապա օրական, առտու եւ իրիկուն, բամպակի մը միջոցով անով օծել դէմքը: 15 օրէն արդիւնքը զգալի կ՛ըլլայ:

Հասուն աւոքատօ մը հաւկիթի դեղնուցի մը հետ խառնել` միատարր խիւս մը ստանալու համար, ապա անով ծեփել չոր մազերը ու մարձել: Քառորդ ժամ ծեփուկը ձգել մազերուն վրայ, ապա սովորականին պէս լուալ:

Կէս կիտրոնի հիւթին 2 ապուրի դգալ հանքային ջուր աւելցնել եւ բամպակի մը միջոցով անով օծել դէմքը, 2 վայրկեան սպասել, ապա ցօղուել…

Լոլիկը բարակ շերտել, ապա այդ շերտերը շարել դէմքին վրայ, ձգել 15 վայրկեան:

100 կրամ աղին 3 ապուրի դգալ ձէթ աւելցնել եւ մորթը շփել շրջանաձեւ շարժումներով, ապա առատօրէն ցօղուել:

Հարիչէ անցած վարունգին ապուրի դգալ մը հեղուկ կաթ աւելցնել եւ ստացուած խիւսով ծեփել դէմքը, սպասել քառորդ ժամ, ապա ցօղուել:

Կիսուած կիտրոնով մը շփել ակռաները, ապա ակռայի խոզանակին վրայ պիքարպոնաթ տը սուտ ցանել եւ ակռաները խոզանակել, վերջապէս` առատ ջուրով զանոնք ցօղուել: Այս ձեւին դիմել շաբաթը անգամ մը, ոչ աւելի:
Խոհագիր.
«Մայամի Պնակ»
Բաղադրութիւն 5 անձի համար
– Տուփ մը փալմիթօ
– 12 մատիկ քրապ
– 2 աւոքատօ
– 2 վարդագոյն կրիֆոն
– 1 կիտրոն
– 4 ապուրի դգալ մայոնեզ
– 1 ապուրի դգալ քեչափ
– Քանի մը կաթիլ թապասքօ
– Սեւ համեմ
Պատրաստութիւն
Ներկայանալի բաց ամանի մը մէջ շարել երկայնքին կտրտուած փալմիթոները, կեղուըուած եւ մաշկը հանուած կրիֆոնի շերտերը, կեղուըուած, շերտուած եւ վրան կիտրոն քամուած աւոքատոները եւ վերջապէս` կտրտուած քրապի մատիկները:
Փոս ամանի մը մէջ խառնել մայոնեզը, քեչափը, թապասքոն եւ սեւ համեմը:
Պնակը զետեղել մեծ պնակին կեդրոնը եւ սեղան բերել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Հայրենիք
Հայրենիքը պաշտօնեայ չէ կաշառակեր
Կամ ոստիկան լկտիացած,
Հայրենիքը պատիւն է մեր
Ու մեր խիղճը սննկացած:
Մեր կոթողնե՛ր պահող հողն է,
Հաց ու ծիրան սնող ցօղն է,
Մաշտոցն է սուրբ, Նարեկացին,
Մայրն է` աչքը մեր տուն դարձին:
Արարատն է մեր դեռ գերի,
Հայերէնը` ջինջ, անթերի`
Նման անմար մի կանթեղի:
Հայրենիքը փեսացու չէ
Կամ հարսնացու հարստացած:
Հայրենիքը մայր է պառաւ,
Հայր` ծերացած:
Հայրենիքը պատիւն է մեր
Ու մեր խիղճը ստրկացած:ՀԵՆՐԻԿ ԲԱԲԱՋԱՆԵԱՆ