ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Բաւական եռանդ չունիք աշխատելու: Դուք ձեզի մի՛ ստիպէք աշխատիլ, կրնաք սխալներ գործել:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Դաս տալու փորձեր մի՛ ընէք, սորվեցնելու ուրիշ ձեւեր ալ կան: Այսօր ուշադրութեամբ վարուեցէք ձեր շուրջիններուն հետ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ մանուկները աւելի լաւ կը սորվին հաճոյանալով, նմանապէս` մեծերը: Օրը ունի ուսուցանելու առիթներ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեզի կը վստահին աշխատանքի մէջ որոշումներ տալու համար: Ունիք ազատ ձեռքեր, կաշկանդուած չէք, ուրեմն գործի ձեռնարկեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Օրը յարմար է դժուար որոշումներ տալու համար: Ձեր սովորական հանգստաւէտ վայրէն դուրս ելէք, հետեւաբար աւելի հանգիստ պիտի զգաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կարիքը ունիք մէկու մը վստահելու ձեր հարցերը: Հետեւաբար պիտի գտնէք ձեզ լսող հաւատարիմ ականջներ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Բարեկամի մը կողմէ ներկայացած ծրագրի մը պիտի համաձայնիք: Ամենայն հանդարտութեամբ շարունակեցէք ձեր գործը եւ պիտի օգտուիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կը կարծէինք, թէ կը վարանիք ձեր աշխատանքին վերաբերեալ որոշում մը տալու: Ուրիշներուն կարծիքին պէտք ունի՞ք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր յարաբերութիւնները պահեցէք ձեր բարեկամներուն հետ, ձեզմէ հեռու ըլլան անոնք թէ օտար երկրի մը մէջ: Եռանդուն ըլլալը սահման չունի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Դրամական եկամուտը հաճելի է, կը հանգստացնէ ձեզ. բայց պայման է, որ անոնք ձեր ձեռքէն դուրս չելլեն: Խնայասէր եղէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ իւրաքանչիւր անձ ջանայ միւսին հասկնալ, ամէն ինչ կը դիւրանայ: Մի՛ հակառակիք ոեւէ մէկուն առաջարկին, մնացէք սիրալիր:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Աշխատանքի մէջ ձեր կշռոյթով շարժեցէք. ուշադիր եղէք մանրամասնութիւններուն, ինչ որ աւելի լաւ է, քան` շփոթ մնալը: